Թուրքիոյ հայոց պատրիարք Սահակ Բ. Մաշալեանի հովանաւորութեամբ եւ օրհնութեամբ Պոլսոյ մէջ լոյս տեսած է հայրենի արուեստագէտ, արուեստաբան-գծանկարիչ Լեւոն Լաճիկեանի «Պոլիսը՝ Հին եւ Նոր» պատկերագիրքը: Վերջինս ամփոփումն է 100-է աւելի գծանկարներու, որոնք կը ցոլացնեն Պոսֆորի գեղեցկուհիին քաղաքային զանազան տեսարանները, ինչպէս նաեւ պատկերներ՝ Քընալը եւ Մեծ կղզիներէն: Գիրքին սիրտը, անշուշտ, հայ Պոլիսն է՝ եկեղեցիներ, պատմական կառոյցներ, գերեզմանատուներ եւ այլն:

«Արմէնփրէս»-ի թղթակիցին հետ զրոյցի ընթացքին, Լեւոն Լաճիկեան յայտնած է, թէ ամէն Պոլիս այցելելուն զգուշութեամբ ոտքը կը դնէ գետին՝ չտրորելու համար Գրիգոր Զոհրապի, Սիամանթոյի, Վարուժանի եւ միւս մեծերու ոտնահետքերը:

Լեւոն Լաճիկեան նոր վերադարձած է Իսթանպուլէն, որուն մերձակայ՝ Քընալը հայահոծ կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ պարտէզին մէջ մեծ շուքով տեղի ունեցած է «Պոլիսը՝ Հին եւ Նոր» պատկերագիրքին շնորհանդէսը՝ ներկայությամբ պատրիարք հօր: Բոլոր ելոյթ ունեցողները միաբերան արժեւորած են գիրքին լոյս ընծայումը՝ զայն համարելով եզակի հրատարակութիւն՝ իր բեղուն բովանդակութեամբ եւ պոլիսեան ներշնչանքով:
Իսթանպուլի բոլոր հայկական թերթերը՝ «Ժամանակ», «Մարմարա» եւ «Ակօս», ծաւալուն անդրադարձներ կատարած են այս կարեւոր հրատարակութեան:

«Լաճիկեանի այս հարիւր ստեղծագործութիւնները Յովհաննէս Այվազովսկիի, Մարտիրոս Սարեանի, Փանոս Թերլեմեզեանի գործերուն նման իրենց վկայութեան բաժինը կը բերեն քաղաքիս պատմութեան եւ ուրոյն դրոշմ կը դնեն այս պատմական բնակավայրին վրայ», գրած է «Ակօս» շաբաթաթերթի հայկական էջերու խմբագիր Բագրատ Էստուքեան:

Սոյն պատկերագիրքի հրատարակութեան եռալեզու հանգամանքը՝ հայերէն, թրքերէն եւ անգլերէն, թոյլ կու տայ զայն հասանելի դարձնել նաեւ օտար շրջանակներու: