Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի խորհրդարանին դիմաց արտասանած խօսքը առարկայական տուեալներու վրայ հիմնուած, թերութիւնները անկեղծօրէն քննող ու սրբագրելու յանդգնութիւն թելադրող խօսք էր՝ ներքին թէ արտաքին քաղաքականութեան մակարդակներու վրայ։
Լուսարձակի տակ առնենք տարածաշրջանային լարուածութեան եւ յատկապէս Թուրքիա-Սուրիա յարաբերութեան առնչուող բաժինը։
Նախագահը յայտնեց, որ «անկախ պատերազմի ցաւոտ էջերէն, բարեկամ երկիրներու միջնորդութեան անսալով փորձեցինք վերականգնել յարաբերութիւնները Թուրքիոյ հետ, սակայն այդ փորձերը ապարդիւն մնացին»։
Սուրիոյ նախագահը յստակօրէն ընդգծեց, որ դրացի երկիրներու յարաբերութիւնները կարելի է կարգաւորել՝ երբ կարգաւորման հոլովոյթին մէջ առկայ են անկեղծութիւն եւ երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան հանդէպ փոխադարձ յարգանք։
Միթէ՞ այդպէս չէ Հայաստան-Թուրքիա կամ հայ-թրքական յարաբերութիւններու պարագային ալ, երբ Թուրքիոյ իշխանութիւնները կը փորձեն շրջանցել Հայոց Ցեղասպանութեան ամօթալի էջը ու ձեւացնել, թէ հայկական կողմին հետ բարի դրացիութեան յարաբերութիւն կարելի է մշակել առանց այդ յարաբերութեան խզման տուն տուող պատճառը վերացնելու։
Աշխարհաքաղաքական պայմանները որքան ալ փորձեն օրակարգեր պարտադրել ու իրարու մօտեցնել երկու երկիրներ, որոնց յարաբերութիւնները խզուած են հարցերու բերումով, կարելի չէ յարաբերութիւններու իսկական բնականոնացում ակնկալել առանց յարաբերութիւններու խզման պատճառը վերացնելու։ Ուստի բնականոնացման հոլովոյթը պիտի մնայ անպտուղ եւ ժամանակաւոր խաբկանք երկու կողմերուն համար։
Թուրքիոյ նախագահը կը ձգտի Սուրիոյ հետ յարաբերութիւններու վերականգնումին, սակայն ցարդ ոչ մէկ գործնական քայլ ցուցաբերած է սուրիական հողերէն դուրս գալու առումով։ Այսինքն՝ Թուրքիա կ’առաջարկէ ըլլալ թէ՛ տարածքներ բռնագրաւող ուժ, թէ՛ բարեկամ երկիր։
Սուրիոյ նախագահը, որ ծանօթ է ազգային քաղաքականութիւն վարելու սկզբունքային իր մօտեցումով, յստակօրէն ընդգծեց՝ դուրս ելէ՛ք մեր հողերէն, անկեղծօրէն կ’ընդառաջենք յարաբերութիւններու վերակարգաւորման ուղղուած միջնորդներու առաջարկներուն, որպէսզի ուղղենք ինչ որ կարելի է ուղղել, ամոքելով մեր ցաւերը։ Այլապէս յարաբերութիւններու վերականգնումի հոլովոյթը խօսքի սահմանները պիտի չհատէ ու անլուրջ գործընթացի պիտի վերածուի։
Նախագահը կը շեշտէր նաեւ որ այս բոլորը նախապայմաններ չեն, այլ յարաբերութիւններու վերականգնումին նպաստող պահանջներ. պահանջներ, որոնք կը խօսին անկախ եւ ինքնիշխան երկիրներու իրաւունքներուն մասին։
Պահ մը մտովի փոխադրուինք Արցախ. այստեղ անհասկնալի տրամաբանութիւն մը շրջանառութեան մէջ կը դրուի։ Ատրպէյճան կ’արհամարհէ Հայաստանի ինքնիշխանութիւնը, կ’անտեսէ արցախահայութեան գոյութիւնը իր պապենական հողերուն վրայ, կը քանդէ արցախահայութեան մշակութային ժառանգութիւնը, կը ձերբակալէ ժողովուրդին կողմէ ընտրուած Արցախի քաղաքական ղեկավարները, միաժամանակ կը խօսի խաղաղութեան համաձայնագիրի մասին։
Եթէ հիմնուինք վերոյիշեալ տեսութեան վրայ, որ կ’ըսէ, թէ կարելի չէ յարաբերութիւններ վերականգնել առանց այդ յարաբերութիւններու խզման պատճառը վերացնելու, յստակօրէն պիտի տեսնենք, որ Ատրպէյճան կամ Թուրքիա իրականութեան մէջ յարաբերութիւններու կարգաւորման պիտակին տակ ծաւալապաշտական նկրտումներով կ’առաջնորդուին, հետեւաբար յարաբերութիւններու կարգաւորումն ու խաղաղասիրական կոչերը ժամանակաւոր փուչիկներ կը թուին ըլլալ, մինչեւ տարածաշրջանին մէջ մեծ պետութիւններու մրցավազքը հասնի իր աւարտին։
Սուրիա յստակօրէն բանաձեւեց յարաբերութիւններու վերակարգաւորման իր պատկերացումը եւ քողազերծեց կեղծ փորձերը։
Հայաստան պիտի կարենա՞յ ատրպէյճանաթրքական խաղաղասիրական կոչերը քողազերծել…