Միջազգային յարաբերութիւններու համակարգի շարունակական վերափոխման լոյսին տակ, Կովկասի մէջ իրավիճակը եւրասիական տարածքի օրակարգի կարեւորագոյն նիւթերէն է: Այս տարածաշրջանի վրայ սեւեռած է տարածաշրջանային տարօրինակ համաշխարհային խաղցողներու՝ այդ կարգին նաեւ Ռուսիոյ ուշադրութիւնը: Այս ուղղութիւնը միշտ եղած է Ռուսիոյ արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն մէկը, իսկ Ռուսիոյ դէմ Արեւմուտքի ներառական-հիպրիտային պատերազմի ծաւալումէն ի վեր, անիկա ամբողջութեամբ կենսական բնոյթ ստացած է: Այդ պատճառով ալ Փութինի ներկայ այցելութիւնը Ատրպէյճան աշխատանքային դժուար այցելութիւն է, քանի որ կապուած է Ռուսիոյ ազգային շահերու պաշտպանութեան հետ ոչ միայն տարածաշրջանին մէջ, այլեւ միջազգային ասպարէզի մէջ:
Հարկ է նշել, որ Ռուսիոյ նախագահը նախապէս եօթը անգամ այցելած է Ատրպէյճան. Փութինի առաջին այցելութիւնը տեղի ունեցած է 2001-ին, իսկ նախորդը՝ 27 Սեպտեմբեր 2018-ին: Անկախ նշուած այցելութիւններէն, երկու երկիրներու ղեկավարները բազմիցս հանդիպած են տարբեր միջազգային ձեռնարկներու եւ հարթակներու վրայ, այդ կարգին՝ ընթացիկ տարուան 3 Յուլիսին Խազախստանի Շանհայի համագործակցութեան կազմակերպութեան գագաթնաժողովին: Այդ օրերուն, Փութին եւ Ալիեւ քննարկած են երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը եւ միատեղ գործող ենթակառոյցներու զարգացումը: Ռուսիոյ նախագահին՝ Պաքու կատարած այցելութեան նախօրէին սպասուող բանակցութիւններու նիւթերուն մասին բաւական քիչ բան պարզուած էր:
Այսպէս, Ռուսիոյ ղեկավարին մամուլի ծառայութիւնը նշած էր, որ այցելութիւնը ունի ամենաբարձր պետական կարգավիճակ, իսկ բանակցութիւններու ընթացքին կը քննարկուին «ռուս-ատրպէյճանական ռազմավարական գործընկերութեան եւ դաշնակցային յարաբերութիւններու հետագայ զարգացման, ինչպէս նաեւ միջազգային եւ տարածաշրջանային հրատապ խնդիրներ»: Այն մասին, թէ ճշգրիտ ինչպիսի՞ խնդիրներ պիտի քննարկեն Փութինը եւ Ալիեւը՝ ըսուած է հակիրճ կերպով. «…Առանցքային խնդիրներ կը կազմեն խաղաղ պայմանագրի ստորագրումը, ատրպէյճանա-հայկական սահմանազատման գործընթացի յառաջ մղումը, տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային եւ տնտեսական կապերու ապաշրջափակումը՝ 2020-2022 բարձր մակարդակի յայտնի եռակողմ համաձայնագիրին հիման վրայ»:
Փութինի եւ Ալիեւի բանակցութիւններու ծրագիրներուն մասին բաւական մշուշոտ հաղորդագրութիւններ ի սկզբանէ տարբեր վարկածներ յառաջ բերած էին, թէ իրականութեան մէջ ինչո՛ւ Ռուսիոյ նախագահը մեկնած է Պաքու: Ընդ որուն, այդ բոլորը յանգեցուցին երեք հիմնական նիւթերու՝ Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման, տարածաշրջանին մէջ ճանապարհային երթուղիներու հարցերուն, ինչպէս նաեւ վառելանիւթային կենսուժի առնչութեամբ համագործակցութեանը: Ճիշդ է, որ զանգուածային լրատուամիջողներուն մէջ եւս բաւական տարօրինակ ենթադրութիւններ հնչեցին, թէ Ռուսիոյ նախագահը ժամանած է Պաքու, որպէսզի համոզուի, որ ռուս զինուորականները անվտանգ դուրս կը բերուին Հայաստանի Կիւմրիի ռազմակայանէն՝ զիրենք Քուրսքի մարզ տեղափոխելու համար: Միաժամանակ ենթադրութիւններ կ’ըլլային, որ Քրեմլին կարեւոր կը համարէ ատրպէյճանական հարթակը՝ Արեւմուտքի երկիրներու հետ շփումները պահպանելու համար, յատկապէս ուքրանական հակամարտութեան լուծման շրջագիծէն ներս: Այս, ինչպէս նաեւ Փութինի Ատրպէյճան այցելութեան պատճառներուն շարք մը այլ վարկածներ լուրջ քննադատութեան չեն դիմացած եւ որոշ պարագաներու ակնյայտօրէն պատուիրուած են Ռուսիոյ հակառակորդներու կողմէ՝ տեղեկատուական բացասական ենթահող ստեղծելու համար: Փութինի այցելութիւնը սկսած է 18 Օգոստոսի երեկոյեան՝ անոր Պաքու ժամանումով:
Նոյն օրը Ատրպէյճանի նախագահը եւ անոր տիկինը ոչ-պաշտօնական մթնոլորտի մէջ ընդունած են Ռուսիոյ առաջնորդը Զագուլպայի իրենց նստավայրին մէջ, ուր պետութիւններու ղեկավարները մտքեր փոխանակած են միջազգային եւ տարածաշրջանային օրակարգերու շուրջ: Յատկանշական է, որ ոչ-պաշտօնական հանդիպումը նման էր թանկագին հիւրի եւ ընկերոջ ընտանեկան ընդունելութեան, իսկ Փութինը Մեհրիպային նոյնիսկ մեծ ծաղկեփունջ նուիրեց: Այս մէկը հաստատեց այն իրողութիւնը, որ երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ոչ մէկ լուրջ հակասութիւն կայ, աւելին. անոնք տրամադրուած են այդ օրուան օրակարգին վրայ եղող հարցերուն դրական լուծման:
Այցելութեան հիմնական մասը տեղի ունեցած է յաջորդ օրը եւ սկսած է Փութինի կողմէ ծաղկեպսակներու զետեղումով՝ Ատրպէյճանի նախկին ղեկավար Հէյտարի շիրիմին։ Անկէ ետք, Ռուսիոյ նախագահը, ինչպէս նաեւ անոր օգնական Իւրի Ուշաքովը, փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուկը, Ռուսիոյ Արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովը եւ Ռուսիոյ կառավարութեան եւ ընկերութիւններու շարք մը այլ ներկայացուցիչներ ժամանած են Զագուլպայ նստավայր, ուր տեղի ունեցած են նեղ եւ լայն կազմերով հիմնական բանակցութիւնները: Ընդ որուն, պետութիւններու ղեկավարներու մամուլի յայտարարութիւններուն համաձայն, ակնյայտ դարձած է, որ առաջնորդները լաւատեսօրէն տրամադրուած են եւ հանդիպման արդիւնքներով յարաբերութիւններու որոշակի բարելաւում կ’ակնկալեն:
Այսպէս, Ալիեւի խօսքով՝ վերջինս գոհ է Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի գործակցութենէն, իսկ 22 Փետրուար 2022-ին զոյգ պետութիւններուն միջեւ ստորագրուած դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին հռչակագիրը յաջողութեամբ կ’իրականանայ արդէն: Ան ընդգծած է նաեւ, որ երկիրները կը գործակցին տարբեր ոլորտներու մէջ՝ ելեկտրականութեան, փոխադրութեան, մարդասիրական եւ այլն:
Ռուսիոյ ղեկավարը նշած է, որ երկու երկիրները միատեղ աշխատանքի շարք մը ուղղութիւններ ունին՝ ելեկտրականութիւն, արդիւնաբերական գործակցութիւն, փոխադրամիջոցներ, թեթեւ արդիւնաբերութիւն եւ այլն: Ան յիշեցուցած է նաեւ երկու երկիրներու առեւտրատնտեսական համագործակցութիւնը՝ նշելով, որ Ռուսիա արդէն աւելի քան 4 մլր. ռուբլի ներդրած է Ատրպէյճանի տնտեսութեան մէջ, իսկ այդ երկրին մէջ աւելի քան 1200 ձեռնարկութիւն կ’աշխատի ռուսական դրամագլուխի հիման վրայ: Ընդ որուն՝ Փութին կը կարծէ, որ ընթացիկ ապրանքաշրջանառութիւնը դեռ չի համապատասխաներ երկու երկիրներու կարելիութիւններուն: Ալիեւ մատնանշած է երկու երկիրներու յարաբերութիւններու համակարգուած զարգացումը դաշնակցային փոխգործակցութեան մասին հռչակագրի ստորագրումէն ետք՝ անով իսկ ընդգծելով տուեալ փաստաթուղթի կարեւորութիւնը յատկապէս ներկայ պայմաններուն մէջ: Բացի այս բոլորէն, Ռուսիոյ ղեկավարը շնորհակալութիւն յայտնած է Ատրպէյճանին ռուսերէն լեզուի նկատմամբ ուշադրութեան համար եւ ընդգծած, որ Մոսկուա պատրաստ է ընդլայնել Պաքուի հետ գործակցութիւնը տուեալ նիւթով եւս:
Սակայն, ինչպէս ենթադրելի էր, ամենակարեւոր նիւթը դարձած է տարածաշրջանի ապահովութեան օրակարգը: Փութին յայտարարած է, որ Մոսկուա թէեւ կը բախի ճգնաժամերու, այդ կարգին՝ ուքրանական կողմին հետ, սակայն «Ռուսիոյ պատմական ներգրաւուածութիւնը Հարաւային Կովկասի իրադրութեան մէջ, յատկապէս վերջին քանի մը տարիներուն մեզ կը թելադրէ այդ իրադարձութիւններուն մասնակցելու անհրաժեշտութիւնը»: Ան նաեւ յայտարարած է, որ Ռուսիա ուրախ կ’ըլլայ, եթէ կարենայ բան մը ընել Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան ստորագրման եւ սահմանազատման համար: Այս առումով, ան ընդգծած է, որ Պաքուն Երեւանի հետ իր հակամարտութեան մէջ «Նպատակ ունի աւարտել բոլոր ընթացակարգերը ամբողջական կարգաւորմամբ»:
Այս գծով Ռուսիոյ նախագահը յայտնած է, որ Ալիեւի հետ հանդիպումէն ետք, ինք կապ պիտի հաստատէ Հայաստանի վարչապետին հետ եւ պատմէ անոր բանակցութիւններու արդիւնքներուն մասին: Փակ դռներու ետեւ տեղի ունեցած բանակցութիւններէն ետք, առաջնորդները հանդէս եկած են մամուլի առջեւ շարք մը յայտարարութիւններով, որոնք կը վկայեն, որ մօտ ապագային երկու երկիրներու գործակցութիւնը կրնայ նոր մակարդակի հասնիլ: Անոնք մեծ ուշադրութիւն դարձուցած են փոխշահաւէտ առեւտրատնտեսական համագործակցութեան ընդլայնումին: Փութին ընդգծած է, որ ատիկա կարեւոր է, «Քանի որ Ռուսիա ու Ատրպէյճան տնտեսական կարեւոր գործընկերներ են»: Մասնաւորապէս, ռուսական Միացեալ նաւաշինական ընկերութիւնը Պաքուի նաւաշինական գործարանի հետ կը սկսի քարիւղա-մթերքներու տեղափոխման համար «գետ-ծով» դասու ժամանակակից հրասայլերու արտադրութիւնը:
Ատիկա յատկապէս կարեւոր է այսօր, երբ Արեւմուտքի երկիրները ամէն ձեւով կը փորձեն փակել ռուսական քարիւղի ազատ առեւտուրի իւրաքանչիւր կարելիութիւն: Իր կարգին, Ալիեւ նշած է, որ Փութինի ներկայ այցելութիւնը յատուկ առիթ է եւ կը վկայէ միջպետական յարաբերութիւններու բարձր մակարդակին մասին, իսկ «Մեր երկիրները կը գործեն որպէս դաշնակիցներ, որպէս բարեկամներ, որպէս մերձաւոր գործընկերներ եւ դրացիներ»: Սակայն ամենակարեւորը, թերեւս, կարելի է համարել Ալիեւի խօսքերը այն մասին, որ Պաքուի եւ Մոսկուայի փոխգործակցութենէն մեծապէս կախուած են հարաւկովկասեան տարածաշրջանի կայունութիւնն ու անվտանգութիւնը:
Երկու երկիրներու ղեկավարները հանդիպման ընդհանուր արդիւնքը ամփոփած են միատեղ յայտարարութեամբ, ուր հաստատած են իրենց լիակատար փոխըմբռնումը եւ իրարու նկատմամբ խոր վստահութիւնը, համաձայնած են ամրապնդել միջպետական կապերը պետական ինքնիշխանութեան, անկախութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ յարգանքի հիման վրայ, ինչպէս նաեւ նախանշած են միջազգային կազմակերպութիւններու մէջ եւ բազմակողմ տարբեր հարթակներու վրայ համագործակցութեան զարգացման իրենց շահագրգռուածութիւնը: Անոնք ընդգծած են երկկողմ առեւ-տրատնտեսական համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման, զբօսաշրջային եւ տարանցիկ հոսքերու ընդլայնման, ինչպէս նաեւ տարածաշրջաններու մակարդակով յարաբերութիւններու ամրապնդման կարեւորութիւնը: Նախագահները չեն շրջանցած նաեւ ապահովութեան հարցերը՝ ընդգծելով, որ միասին կը ձգտին «Նպաստել միջազգային իրաւունքի վրայ հիմնուած, երկակի չափանիշերէ զերծ եւ բաժանարար գիծերու ստեղծումը բացառող աշխարհակարգին»:
Աւելին, Մոսկուա եւ Պաքու յայտարարած են Նոյեմբեր 2020-էն ի վեր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ ստեղծուած իրավիճակի շուրջ բոլոր համաձայնութիւններու կարեւորութիւնը, իսկ Փութին հաստատած է Ռուսիոյ պատրաստակամութիւնը հետագային եւս աջակցելու Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: Միատեղ յայտարարութեան աւարտին, երկու երկիրներու ղեկավարները ցուցաբերած են նաեւ գաղափարական մտերմութիւն՝ մտադրութիւն յայտնելով միաւորել ջանքերը Հայրենական մեծ պատերազմին յաղթանակի 80-ամեակի տօնակատարութեան նախապատրաստուելու համար, «Որ կը նպատակադրէ Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի տարիներուն նացիզմի դէմ միատեղ պայքարի յիշողութեան պահպանումը»:
Անկախ միատեղ յայտարարութենէն, Պաքուի մէջ ստորագրուած են նաեւ շարք մը բաւական կարեւոր փաստաթուղթեր: Մասնաւորապէս, համաձայնագրեր սնունդի ապահովութեան, առողջապահութեան, գիտութեան ոլորտներուն մէջ գործակցութեան մասին:
Անկախ այդ համաձայնագրերուն, ստորագրուած են փոխըմբռնումի յուշագրեր՝ աշխատանքի տեսչութեան, կլիմայի փոփոխութեան հարցերով, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ ուղղակի ներդրումներու հիմնադրամի եւ Ատրպէյճանի արտահանման եւ ներդրումներու խրախուսման գործակալութեան միջեւ: Միաժամանակ հաւանութեան արժանացած է Պաքուի մէջ ռուս-ատրպէյճանական համալսարան ստեղծելու գաղափարը: Փութինի եւ Ալիեւի միջեւ յարաբերութիւններու առանձնայատուկ մակարդակը դրսեւորուած է նաեւ այն բանով, որ պաշտօնական բանակցութիւններէն ետք, երկու առաջնորդները մեկնած են «Սպիտակ քաղաք» շրջագայութեան։ Ատրպէյճանի նախագահը անձամբ իր հիւրը հասցուցած է ինքնաշարժի ղեկին նստած: Այնուհետեւ երկու պետութիւններու ղեկավարները այցելել են Պաքուի Սուրբ Միւռոնակիր կանանց Մայր Տաճար, որուն Ռուսիոյ նախագահը նուիրած է «Տիրոջ կերպարանափոխութիւն» սրբապատկերը, իսկ այցելութեան ծրագիրը աւարտած է Ռուսիոյ նախագահի պատուին պետական ընդունելութեամբ, Կիւլիստան պալատին մէջ:
Այսպիսով, Փութին-Ալիեւ ներկայ հանդիպումը ցոյց տուաւ այն փաստը, որ հակառակ արտաքին ճնշումներուն, Ատրպէյճան ու Ռուսիա այսօր բաւական մօտ գործընկերներ են: Անշուշտ, ամէն ինչ տեղի կ’ունենայ երկկողմ շահերու տեսանկիւնէն, քանի որ ոչ միայն Մոսկուան շահագրգռուած է երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացմամբ, այլեւ՝ ատրպէյճանական կողմը: Առաջին հերթին Լեռնային Ղարաբաղին առնչուող բոլոր ընթացակարգերու աւարտին անհրաժեշտութեան լոյսին տակ: Ատրպէյճանի համար կարեւոր է նաեւ Ռուսիոյ հետ համագործակցութիւնը հիւսիս-հարաւ փոխադրական միջանցքի զարգացման գործընթացին մէջ, ինչպէս նաեւ ելեկտրական կենսուժի առեւտուրի ոլորտին մէջ՝ յատկապէս նկատի առնելով Եւրոմիութեան կողմէ Պաքուի քարիւղի նկատմամբ աճող հետաքրքրութիւնը: Ուստի զարմանալի չէ, որ երկու երկիրներու ղեկավարները կը վարեն ընդգծուած վստահութեան երկխօսութիւն՝ աստիճանաբար իրենց պետութիւններու յարաբերութիւնները հասցնելով որակապէս նոր մակարդակի: Կը մնայ աւելցնել, որ Ռուսիոյ նախագահը Ալիեւը հրաւիրած է այցելել Ռուսիա իրեն յարմար առիթով:
Եկոր Լիսովենկոյ
Աղբիւրը՝ ritmeurasia.ru-ի
Թարգմանութիւնը՝ Գայիանէ Մանուկեանի
Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Զարմիկ Պօղիկեան