ՀՀ Ազգային Ժողովի Հայաստան-Ուրուկուէյ բարեկամական խումբի ղեկավար Իշխան Սաղաթէլեան ընդունած է Ուրուկուէյէն ժամանած պատուիրակութիւնը։

29 Օգոստոսին հանդիպելով պաշտօնական այցելութեամբ Հայաստան գտնուող Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Աննա Օլիվերայի եւ Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահ Փետրո Խիստոնեանիի հետ, Իշխան Սաղաթէլեան նախ շնորհակալութիւն յայտնած է Ուրուկուէյի գործադիր եւ օրէնսդիր մարմիններուն՝ Հայաստանի համար շատ զգայուն հարցերու մէջ մշտապէս իրենց առարկայական գնահատականին եւ վերաբերմունքին համար։

Իշխան Սաղաթէլեան բարձր գնահատած է տասնամեակներու պատմութիւն ունեցող հայ-ուրուկուէյական բարեկամական յարաբերութիւնները եւ յայտնած է, որ զանոնք զարգացնելու մեծ ներուժ կայ:

Բարեկամական խումբի ղեկավարը կարեւոր համարած է Ուրուկուէյի հայ համայնքի դերակատարութիւնը, որ, ըստ անոր, կրնայ լրացուցիչ կամուրջ եւ խթան հանդիսանալ երկկողմ յարաբերութիւններու զարգացման:

Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի նախագահ Աննա Օլիվերայի եւ Ուրուկուէյի Ներկայացուցիչներու պալատի փոխնախագահ, հայկական արմատներով Փետրո Խիստոնեանին կարեւոր համարած են հայ համայնքի դերակատարութիւնը Ուրուկուէյի հասարակական-քաղաքական կեանքին մէջ, ընդգծած են անոր միասնականութիւնը, դրական գնահատած են երկու երկիրներու մէջ դեսպանութիւններու բացումը:
Հայ խորհրդարանականները շնորհակալութիւն յայտնած են Հայոց Ցեղասպանութիւնը 6 Ապրիլ 1965-ին պաշտօնապէս առաջինը ճանչցած եւ դատապարտած երկրի ներկայացուցիչները, խօսած են մեր երկրին յառաջ մարտահրաւէրներուն ու Ատրպէյճանի կողմէն շարունակոըող յարձակողական քաղաքականութեան մասին:
Անդրադառնալով Ատրպէյճանի կողմէ 2023-ին Լեռնային Ղարաբաղի հայ բնակչութեան նկատմամբ իրականացուած ցեղային զտման քաղաքականութեան՝ Իշխան Սաղաթէլեան դիտել տուած է, որ առայսօր Պաքուի բանտերուն մէջ են տասնեակ հայ ռազմագերիներ, իսկ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքներ ներթափանցած են ատրպէյճանական զօրքեր: «Հակառակ խաղաղութեան մասին յայտարարութիւններուն՝ ակնյայտ է, որ Ատրպէյճան հակուած չէ խաղաղութեան եւ նոր պահանջներ կը ներկայացնէ Հայաստանին», ըսած է ան:

Կարեւոր համարուած են բարեկամ երկիրներու կողմէ յստակ եւ հասցէական գնահատականները, ինչպէս նաեւ հնարաւոր խողովակներով եւ միջոցներով հայ ռազմագերիները ազատ արձակելու համար քայլերու իրականացումը:

«Եթէ 2020 թուականին՝ պատերազմի ժամանակ, միջազգային հանրութիւնը ճիշդ եւ հասցէական գնահատականներ տար Ատրպէյճանի գործողութիւններուն, ատիկա առնուազն կը զսպէր անոր հետագայ քայլերն ու գործողութիւնները, որոնք շարունակուած են պատերազմէն վերջ եւ կը շարունակուին մինչեւ այսօր», ըսած է Իշխան Սաղաթէլեան:

Անդրադարձ կատարուած է նաեւ երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցերու: