Սուրիոյ Առեւտուրի Գրասենեակի վարչակազմի ընտրութիւններուն ընթացքը զարգացնելու եւ թափանցիկ ու արդար դարձնելու համար, Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հրապարակեց 2024-ի «21» թուակիր հրամանագիրը, որուն համաձայն Առեւտուրի Գրասենեակի աշխատանքին եւ նահանգներու մէջ արդիւնաբերութեան վերաբերող 2020-ի «8» թուակիր օրէնքն ու «103» եւ «20» թուակիր յօդուածները կը բարեփոխուին: