Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի Շրջ. Միութեան Վարչութիւնը 2023-2024 երկրորդականի ուսումնական տարեշրջանը բոլորած եւ պաքալորիայի պետական քննութիւններուն յաջողած շրջանաւարտներուն Հալէպի պետական եւ մասնաւոր հատուածի համալսարաններու, ինչպէս նաեւ Համազգայինի Հայագիտական Հիմնարկի ծանօթացման հանդիպում մը կազմակերպեց։
Հանդիպումին հրաւիրուած էին Հալէպի պետական համալսարանի տարբեր ճիւղերու դասախօսներ, համալսարանի վարչական պատասխանատուներ եւ Հայագիտական Հիմնարկի Վարչութեան ներկայացուցիչը։
Շրջ. Միութեան Վարչութեան ատենապետ Հուրի Տէրտէրեան-Տիլպէրեան բարի գալուստ մաղթեց դասախօսներուն եւ շնորհակալութիւն յայտնեց անոնց, հաստատելով որ նման լուսաբանական հանդիպումը շրջանաւարտներուն բարձրագոյն ուսման ճիւղի ընտրութիւնը աւելի հեզասահ պիտի դարձնէ։
Այնուհետեւ դասախօսներն ու պատասխանատուները ներկայացուցին Հալէպի համալսարանները, իւրաքանչիւրին ճիւղերն ու մասնագիտութեան մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ աւարտելէ ետք գործի ասպարէզները։
Աւարտին Երկրաչափական համալսարանի վաստակաւոր ակադեմիկոս դոկտ. Լուէի Շաշաթի եւ Հալէպի Պետական համալսարանի նախագահի գիտական հետազօտութիւններու եւ բարձրագոյն ուսման տեղակալ դոկտ. Մարալ Սարգիս համալսարանական ուսման կարգ ու կանոնին եւ օրէնքներուն, ինչպէս նաեւ արձանագրութեան եղանակին մասին մանրամասն բացատրութիւն տուին։
Հանդիպման աւարտին դասախօսները պատասխանեցին շրջանաւարտներու լուսաբանական հարցումներուն։