Արցախի Հանրապետութեան հռչակման օրը Արցախը կորսնցնելու ցաւին կողքին կը վերապրեցնէ սխրանքները այն հերոսներուն, որոնք հայրենի հողն ու անոր վրայ ստեղծագործած ժողովուրդը ցեղասպան պետութեան ճանկերէն փրկելու յանդգնութիւնն ու իմաստութիւնը ունեցան։

Պայքարելէ ու անկախ ապրելէ աւելի քան 30 տարի ետք, Սեպտեմբեր 2023-ին, շրջափակման ու պատերազմի սպառնալիքներուն տակ Արցախի բնակչութեան միազանգուած դուրս գալը միջազգային հանրութեան փոխանցուած հաստատում մը եղաւ այն իրականութեան, որ կարելի չէ որպէս փոքրամասնութիւն ապրիլ հայատեաց ու ցեղասպան պետութեան մը բռնի ենթակայութեան ներքեւ, ինքնորոշման իրաւունքի արհամարհումով, հետեւաբար պէտք է վերականգնել Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման միջազգային իրաւունքը։

Արցախի հարցը չէ փակուած տակաւին, պարզապէս ջանք կը թափուի Ատրպէյճանի կողմէ՝ բռնի ուժով փակուած համարելու զայն։ Հետեւաբար այս թակարդէն դուրս գալու եւ Արցախ վերադառնալու իրաւունքը համահայկական տարողութեամբ արծարծելու օր է, աշխատանքի ու պայքարի հաւատացողներու օր է 2 Սեպտեմբերը։

Ուստի յուսահատելու փոխարէն, հարկ է շարունակել արցախցիներու հազարամեայ բնօրրան վերադարձի եւ ինքնորոշման իրաւունքի օրակարգը կեանքի կոչելու բոլոր ճիգերը։

Վերադարձի իրաւունքը միջազգային իրաւունքի մէկ մասն է, ժողովուրդի մը անքակտելի իրաւունքներէն մին։ Արցախահայութեան պարագային այս իրաւունքը առաւել եւս կը շեշտուի, որովհետեւ ան ցեղային զտման, տեղահանման ենթարկուած է որպէս բնիկ ժողովուրդ, ապա ականատեսը եղած է ու կ՚ըլլայ տակաւին իր բնօրրանի մշակութային ժառանգութեան քանդումին ու աղաւաղման՝ մշակութային ցեղասպանութեան։

Ցեղասպանութեան յանցագործութիւնը եւ ցեղասպանին պատժելիութիւնը հաստատող ՄԱԿ-ի համաձայնագրի բոլոր պայմանները իրականացած են Արցախի հայաթափման ու բռնագրաւման պարագային, ուստի յանցագործը պատեհ առիթին պատժելի կրնայ դառնալ միջազգային դատարաններու կողմէ։

Ատրպէյճան շատ լաւ գիտէ որ միջազգային դատարաններու մէջ կարելի է իր յանցագործութիւնը դատապարտելու եւ զինք պատժելու պահանջ ներկայացնել՝ ապահովելու համար արցախահայերուն վերադարձը համապատասխան պայմաններով։ Այդ իսկ պատճառով հեւ ի հեւ քանի մը հարց կը փորձէ լուծել՝ կանխելու արցախահայութեան իրաւունքներու վերականգնումը։

Նախ կը փորձէ Մինսքի խումբի լիազօրութեան վերջ տալ՝ ԵԱՀԿ-էն պահանջելով անոր լուծարումը, քանի որ քաջատեղեակ է, որ ԵԱՀԿ-ի որոշումները կը գոյանան համաձայնագրերով ու բանակցային գործընթացի վերսկսումով։ Եթէ հայկական կողմը Ատրպէյճանի ճնշումին ազդեցութեան տակ ու խաղաղութեան համաձայնագիր ստորագրելու պատրուակով համաձայնի Մինսքի խումբի լուծարման, Ատրպէյճան հետագային Արցախի հարցով բանակցային խումբը վերակենդանացնելու կարելիութիւնը մէկընդմիշտ ոչնչացուցած պիտի ըլլայ ու թոյլ պիտի չտայ որ բանակցային բազմակողմ հարթակ մը կրկին գործէ Արցախի հարցի կարգաւորման համար։

Ատրպէյճան լաւ գիտէ, որ Հայաստան կրնայ դիմել նաեւ միջազգային դատարան՝ զինք դատապարտելով որպէս ատելութիւն սերմանող եւ ցեղասպանութիւն իրագործող պետութիւն։ Փաստերը ամրագրուած են՝ արցախահայութեան շրջափակման, ցեղային զտման ու բռնի տեղահանութեան բոլոր փուլերուն։ Հետեւաբար արցախահայերու վերադարձի իրաւունքը քննարկումէ զերծ պահելու համար կը փորձէ հակառակ պահանջ ստեղծել՝ ատրպէյճանցիներու վերադարձի հարցը արծարծելով, միեւնոյն ատեն Արցախի էութիւնը մշակութային ցեղասպանութեամբ նենգափոխելով, որպէսզի վերջնականապէս խզէ հայութեան կապը իր պատմական հողին հետ։

Արցախի խնդիրը փակուած չէ այնքան ատեն, որ մենք որպէս ժողովուրդ ու ազգ չենք փակած զայն ու չենք դադրած պայքարելէ։

Խօսքի սահմաններէն անդին անցնելով նախ անհրաժեշտ է արցախահայութեան ու անոր պետական կառոյցներու պահպանման ճիգերուն նպաստել։ Ապա արցախահայութիւնը կարելի բոլոր միջոցներով ձերբազատել վախի մթնոլորտ ստեղծող եւ Արցախի վերադարձը անկարելի համարող քարոզարշաւներէ։

Ընդհակառակը․ այս փուլին հայկական կողմին պարտքն է համախումբ ճիգերով սատարել արցախահայութեան, որպէսզի պահպանէ պատմութիւնը, արխիւները, սեփականութեան իրաւունքի փաստաթուղթերը՝ միջազգային եւ եւրոպական դատարաններուն մէջ ամրագրելու վերադարձի իրաւունքը եւ ժամանակի ընթացքին ձախողութեան մատնելու Ատրպէյճանի բռնատիրական ճիգերը։