Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը հանդէս եկաւ հաղորդագրութեամբ, որուն մէջ շեշտեց, որ Այսրյորդանանի մէջ իսրայէլեան ոճիրներուն սաստկացումը կը վկայէ, որ Իսրայէլի նպատակն է Այսրյորդանանի կամ Կազզայի մէջ պաղեստինցիները ցեղասպանութեան ենթարկել եւ պատմութեան ընթացքին իր յօրինած երեւակայութիւնը իրականութեան վերածել:

Նախարարութիւնը յայտնեց, որ Սուրիա յաճախ կը զգուշացնէր, թէ Իսրայէլ վաղ թէ ուշ նոյնանման ոճիրներ պիտի գործէ Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ: Իսրայէլ նախորդ Հոկտեմբերէն ի վեր Այսրյորդանանի մէջ շուրջ 600 պաղեստինցի սպանեց, տակաւին կը սպառնայ Աքսա մզկիթը հրէականացնել:

Վերջին օրերուն ընթացքին, Իսրայէլ ռազմական գործողութիւնները սաստկացուց, իսկ իր մարդասպան բանակը նոր ոճիրներ գործեց Այսրյորդանանի եւ Երուսաղէմի մէջ:
Սուրիոյ Հանրապետութիւնը խստիւ կը դատապարտէ այս յանցագործութիւնները, որոնք կ’իրականան արեւմուտքի եւ ԱՄՆ-ի զօրակցութեամբ ու կոչ կ’ուղղէ վերջ տալու անոնց:

Սուրիա կը դիմէ նաեւ բոլոր այն պետութիւններուն, որոնք կը յարգեն երկիրներու գերիշխանութիւնը եւ օրինական իրաւունքները՝ դէմ դնելու սոյն յարձակումներուն, որոնք կը սպառնան ոչ միայն Պաղեստինի այլեւ աշխարհի բոլոր պետութիւններուն: