2 Սեպտեմբերին տեղի ունեցաւ ՀՅԴ Հայասատանի Գերագոյն Մարմինի կազմակերպած Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան 33-ամեակին նուիրուած «Վերադարձ» խորագիրով ձեռնարկը, որուն նպատակն էր ստեղծուած ծանրագոյն իրավիճակին մէջ արժեւորել պատմական օրուան խորհուրդը, նաեւ ներկայացնել մօտեցումներ եւ առաջարկներ՝ Արցախի հիմնահարցի մարտահրաւէրներուն եւ քաղաքական լուծումներուն, համազգային յանձնառութիւններուն եւ արցախահայութեան անօտարելի իրաւունքներու իւրացման շուրջ։

Ձեռնարկին ներկայ էին Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի ընդդիմադիր պատգամաւորները, «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ Սրբ․ Գալստանեան, Հայաստանի Հանրապետութեան պետական եւ քաղաքական գործիչներ, հոգեւոր եւ հասարակական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:

Նախաձեռնութիւնը սկսաւ մէկ վայրկեան լռութեամբ. ներկաները յարգանքի տուրք մատուցեցին արցախեան պատերազմներու նահատակներուն յիշատակին։ Այնուհետեւ հնչեցին Հայաստանի եւ Արցախի Հանրապետութիւններու քայլերգները։
Բացումը կատարեց Արցախի Թեմի Առաջնորդ Գերշ․ Տէր Վրթանէս Եպիսկոպոս Աբրահամեան՝ Տէրունական աղօթքով:

«2 Սեպտեմբերը մեր հաւատաւոր ժողովուրդի հերոսական կամքին ու ազգային միասնականութեան հանդէպ անհատնում հաւատքի հաստատուած մէկ վկայութիւն է։ Արցախի հանրապետութեան անկախութիւնը մեր ժողովուրդի ազատութեան ու խաղաղ երկինքի տակ ապրելու արդար բաղձանքի ամենավառ դրսեւորումներէն մէկն է, որ իր արժանի տեղը ունի Հայոց հազարամեայ պատմութեան մէջ», ըսաւ ան:
«1980-ականներու վերջաւորութեան սկիզբ առած արցախեան շարժումը, որ կը միտէր խաղաղ կերպով, հաւատարիմ մնալով մարդու իրաւունքներու միջազգային սկզբունքներուն հասնիլ հայկական Արցախի մայր հայրենիքին վերամիաւորման, ցաւալիօրէն Ատրպէյճանի կողմէ արժանացաւ բռնութեամբ լի արձագանգի։ Սակայն ազգիս անկոտրում կամքը թոյլ չտուաւ, որ մեր ժողովուրդին իրաւացի պահանջը ճնշուի․․․»։

Վրթանէս եպիսկոպոս Աբրահամեան իր ելոյթին մէջ շեշտեց, որ Արցախի հարցը բնաւ փակուած չէ։
«Ազգային բոլոր հասարակական ու քաղաքական ուժերու պարտականութիւնը այսօր պէտք է ըլլայ Արցախի ժողովուրդին Հայաստանի մէջ արժանապատիւ կեանքի իրաւունքի ապահովումը։ Արցախցի մեր եղբայրները պէտք չէ մայր հայրենիքի մէջ օտար զգան, այլ՝ լիիրաւ քաղաքացի իրենց հայրենիքին», ըսաւ ան:

Հնչեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. Կաթողիկոսի ուղերձը:
Ելոյթներով հանդէս եկան Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի ներկայացուցիչ Արա Պուլուզեան, ՀՅԴ Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակի յատուկ ծրագրերու պատասխանատու Գէորգ Ղուկասեան, ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Հայաստանի Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան, ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Իշխան Սաղաթէլեան:
Իր ելոյթին մէջ Արցախի Ազգային ժողովի նախագահի պարտականութիւնները կատարող Գագիկ Բաղունց մասնաւորապէս ըսաւ․ «Դաշնակցութիւնը միշտ եղած է Արցախի կողքին, ինչպէս այս ծանր օրերուն՝ ունենալով իր ուրոյն եւ ազդեցիկ դերակատարութիւնը»։
Նախաձեռնութեան տարբեր հատուածներուն մէջ մեծադիր պաստառներուն վրայ ցուցադրուեցան աշխարհի տարբեր անկիւններէն ստացուած՝ Հայ Դատի, հայ ժողովուրդի եւ Արցախի բարեկամ խորհրդարանականներու եւ պետական ու քաղաքական գործիչներու ուղերձները՝ անոնց հեղինակներու ընթերցումով, ինչ որ անգամ մը եւս ամրագրեց այն քաղաքական պնդումը, որ իրենց իրաւունքներուն համար պայքարի մէջ հայ ժողովուրդն ու արցախահայութիւնը միայնակ չեն:

Նախաձեռնութիւնը իր աւարտին հասաւ Արցախի Անկախութեան օրուան նուիրուած համերգով: Գեղեցիկ կատարումներով հանդէս եկան Հայաստանի վաստակաւոր երգչուհի Շուշան Պետրոսեան, Արցախի պետական եւ ստեղծագործական երաժշտական խումբեր, անհատ կատարողներ: