ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավարը յայտնեց, որ Արցախի իշխանութիւնը, Հայաստանի հասարակութիւնը եւ սփիւռքը մեծ ընելիք ունին։
Արցախցիներու վերադարձի հարցը միշտ պէտք է պահել միջազգային օրակարգին վրայ։ Արցախի Անկախութեան օրը ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինին կազմակերպած «Վերադարձ» խորագիրով նախաձեռնութենէն առաջ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի ղեկավար Կիրո Մանոյեան։
«Անշուշտ, այս պահուն այս հարցը միջազգային օրակարգին վրայ է, սակայն ՀՀ իշխանութիւններու ծանօթ կեցուածքը նկատի առնելով` հնարաւոր է, որ հարցը այդ օրակարգէն դուրս մնայ։ Ուրեմն ամէն ինչ պէտք է ընել, որ արցախցիներուն վերադարձի հարցը մնայ միջազգային օրակարգի վրայ», ընդգծեց Մանոյեան։
Անոր համաձայն, այստեղ մեծ ընելիք ունին Արցախի իշխանութիւնը, Հայաստանի հասարակութիւնը եւ սփիւռքը իր բոլոր կառոյցներով։
Անդրադառնալով սփիւռքին` Մանոյեան նշեց, որ այսօր արդէն ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին նկատմամբ վերաբերմունքը այնտեղ միանշանակ չէ. դժգոհութիւնները երթալով կ’աւելնան, աւելին` կայ հիասթափութիւն ու Հայաստանէն ինչ–որ չափով նաեւ երեսթեքում։
Աւելցնենք, որ «Վերադարձ» խորագիրով նախաձեռնութեան ներկայ են Արցախի նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան, ՀՀ Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւորները, «Տաւուշը Յանուն Հայրենիքի» շարժումի առաջնորդ Բագրատ սրբազանը եւ այլ քաղաքական, հասարակական գործիչներ։