Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ բաց զրոյց մը ունեցաւ դիւանագիտական պատուիրակութիւններու նախագահներուն, դեսպաններուն եւ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան անձնակազմին հետ: Զրոյցին ընթացքին նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ արտաքին քաղաքականութեան սկզբունքները արաբական, տարածաշրջանային եւ միջազգային յարաբերութիւններու առումով անփոփոխ կը մնան:
Նախագահը շեշտեց, որ Սուրիոյ կեցուածքը արաբ-իսրայէլեան պատերազմին նկատմամբ կը մնայ նոյնը, իսկ «Աքսայի հեղեղ»-ը կը համարուի Պաղեստինեան Դատի անբաժանելի մաս, ոչ թէ արտակարգ արտակարգ դէպք, հետեւաբար պէտք է անտեսել ԱՄՆ-ի եւ իր դաշնակիցներու այն քարոզարշաւը, որ «Աքսայի Հեղեղը» իբրեւ թէ ներկայ լարուածութիւններուն դրդապատճառն է:
Նախագահը իր ելոյթի աւարտին յայտնեց, որ ապագան Արեւելքին է, որովհետեւ ան պահպանեց իր ինքնութիւնն ու սկզբունքները: