Հոմսի «Ինշաըաթ» թաղամասին մէջ Փաքիստանի Հանրապետութեան պատուոյ դեսպանատան բացումը կատարուեցաւ, ներկայութեամբ դիւանագիտական եւ պետական պաշտօնական մարմիններու:
Այս առիթով հանդիսութիւն մը տեղի ունեցաւ, ուր բարձրացուեցան Սուրիոյ Հանրապետութեան եւ Փաքիստանի Հանրապետութեան դրօշները եւ հնչեցին զոյգ երկիրներու քայլերգները:
Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարարի ներկայացուցիչ դեսպան Թամմամ Սուլէյման իր արտասանած խօսքին մէջ շեշտեց երկու երկիրներու սերտ յարաբերութեան եւ գործակցութեան կարեւորութիւնը։ Ապա Սուրիոյ երախտագիտութիւնը յայտնեց Փաքիստանի քաղաքական կեցուածքներուն եւ արաբական դատերուն զօրակցութեան համար, ինչպէս նաեւ Դամասկոսի մէջ Փաքիստանի դեսպանատունը պատերազմի տարիներուն գործուն պահելուն համար։ Ան անդրադարձաւ նաեւ Հոմսի աշխարհագրական դիրքին եւ ընդարձակ տարածութեան կարեւորութեան:
Իր կարգին Փաքիստանի դեսպան Շահէտ Ախթար յայտնեց, որ Սուրիա պիտի վերականգնէ իր նախկին փայլուն դիրքը շնորհիւ ժողովուրդի կամքին, ապա անդրադարձաւ Հոմսի պատմական կարեւորութեան եւ երկու երկիրներու կայուն յարաբերութեան: