Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբեր 2024-ին, Դամասկոսի արուարձանին մէջ գտնուող ցուցահանդէսներու քաղաքէն ներս ընթացք առաւ «Expo Syria-2024» սուրիական արտադրութիւններու ցուցահանդէսը, մասնակցութեամբ 600 ընկերութեան:
Հագուստեղէնի արտածման խորհուրդի նախագահ Ռաղիտ Հալապի յայտնեց, որ ցուցահանդէսին տեւողութիւնը հինգ օր է եւ կ’ընդգրկէ այլազան արտադրութիւններ, ինչպէս պարէնային, դեղորայք եւ այլն: Ան շեշտեց, որ երկարատեւ պատերազմի տարիներէն ետք նման ընդգրկուն ցուցահանդէսներ երկրի վերականգնումի ազդանշաններէն կը համարուին:
Հալապի աւելցուց, որ այլ երկիրներէ ցուցահանդէս այցելած են 3000 հիւրեր, որոնց տրամադրուած է օդային եւ ցամաքային փոխադրութեան այլատեսակ ծառայութիւններ։ Ան յայտնեց, որ ցուցահանդէսը կարելիութիւններ կը ստեղծէ առեւտրականներու եւ արտածողներու համար: