Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահի մամլոյ քարտուղար Տիմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի Թուրքիա կատարելիք այցելութեան ժամկէտը դեռ յստակ չէ։
Նախապէս դիւանագիտական աղբիւր մը «ՌԻԱ Նովոստի»-ին  յայտնած էր, որ Անգարա կ’ակնկալէ շատ մօտ ապագային ընդունիլ Ռուսիոյ ղեկավարը։
Փեսքով հաստատած է, որ թրքական իշխանութիւնները BRICS-ին միանալու դիմում են ներկայացուցած են։
Յիշեցնենք, որ Պրազիլիոյ, Ռուսիոյ, Հնդկաստանի, Չինաստանի եւ Հարաւափրիկեան Հանրապետութեան մասնակցութեամբ յիշեալ միութիւնը (BRICS) կազմաւորուած է 2006-ին: Հետագային խումբին միացած են նաեւ Եգիպտոսը, Իրանը, Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները, Սէուտական Արաբիան եւ Եթովպիան: Ասիկա միջազգային հարթակ է, որուն անդամ պետութիւններու ղեկավարները կը հաւաքուին տարեկան գագաթնաժողովներուն եւ կը քննարկեն համաշխարհային հիմնահարցերն ու փոխադարձ գործակցութիւնը: