Toni Morrison (1931-2019) մեծ հռչակ նուաճած ամերիկացի սեւամորթ վիպագրուհին, 1970-ական թուականներուն սկիզբէն մինչեւ 1980-ականներու վերջերը Random House հրատարակչատան մէջ աշխատեր է որպէս խմբագիր, եւ, աշխատանքին բերումով, բազմահարիւր նամակներ ուղղեր է նոր, սկսնակ գրողներու, մերժելով անոնց հրատարակութեան խնդրանքով ղրկած գործերը:
Այս նամակները այսօր կը հանգչին Գոլումպիա համալսարանի հազուագիւտ գիրքերու եւ ձեռագրերու մատենադարանին մէջ:
Թերթելով այդ նամակները (առցանց), յստակօրէն կ’ուրուագծուին ԱՄՆ-ի մէջ նախորդ դարուն ձեւաւորուած հրատարակչական սկզբունքները, որոնք, ինչպէս ամերիկեան շատ բան, կը խեղաթիւրեն Եւրոպայի հրատարակչական աւանդութիւնները, որոնք սկսեր եւ ձեւաւորուեր են Կիւթէնպէրկի գիւտէն ի վեր:
Ամերիկեան այս նոր «աւանդութիւն»-ներուն առաջինն է.
Ա. Ի՛նչ ալ որ ըլլան գիրքին արժանիքները, դժգոհութեան, զայրոյթի եւ սուտի հզօր խառնուրդը կը սահմանափակէ առեւտուրը: «Հետեւաբար թէեւ մենք չենք ուզեր իրականութենէն փախչիլ, բայց թերեւս ժողովուրդը կ’ուզէ: Մենք պէ՛տք է օգնենք ժողովուրդին այդ փախուստին մէջ»:
Այսպէս գրեր է Թոնի Մորիսըն մերժումի նամակին մէջ սկսնակ վիպագիրի մը, որուն վէպին արժանիքները անկեղծօրէն կ’ընդունի:
Այսինքն Րէնտըմ Հաուս հրատարակչատունը կը նախընտրէ իրապաշտութենէն փախուստը քաջալերող գործերը, քան՝ իրապաշտօրէն գրուած վէպ մը, բան մը որ ընդունելի չէ Եւրոպայի մէջ:
Բ. Մորիսըն իր նամակներուն մէջ յաճախ սրտմտանք կը յայտնէ «ընթերցող հասարակութեան փոխուող ճաշակ»-ին մասին:
Բայց եթէ հրատարակչատուները Ա. կէտին մէջ յիշուած մօտեցումը կը ցուցաբերեն, ինչպէ՞ս կրնան միաժամանակ սրտմտիլ ընթերցողներուն փոխուող ճաշակին պատճառով:
Գ. Մորիսըն պատմուածքն ու բանաստեղծութիւնը «առեւտրական առումով անյոյս ժանրեր» կ’անուանէ. մինչ այս երկուքը, արձակին հետ (վէպ, թատրերգութիւն) կը կազմեն դասական գրականութեան եռոտանին՝ չափածոյ, թատրերգութիւն, արձակ (փիլիսոփայութիւն):
Տակաւին՝ պատմուածքն ու բանաստեղծութիւն հրատարակելը խմբագրական ճիգի եւ հրատարակչութեան տնտեսութեան մսխումի գործիքներ կը նկատուէին:
Եթէ հռչակաւոր անուն մը չըլլայ հեղինակը (անշուշտ իր վէպերով հռչակի տիրացած), պատմուածքներու հատորի մը հրատարակութիւնը շատ պիտի նմանէր քերթողագիրքի մը հրատարակութեան, որուն միջոցով գործնականապէս անկարելի պիտի ըլլայ շահ ապահովել:
Յստակ է, որ ԱՄՆ-ի մէջ գլխաւոր ուշադրութիւնը առեւտուրի եւ շահու վրայ բեւեռուած է:
Դ. 40 տարի առաջ իսկ Մորիսըն, 1981-ի American Writers Congress-ի իր ելոյթին մէջ ըսած է.
«Արուեստի կենսունակութիւնը, որուն մասին շատ կը սիրեն խօսիլ քաջալերողները (promoters), կեղծ է: Պէսթսէլլըրներուն, գիրքի ցուցահանդէսներուն եւ համագումարներուն տակ սխալ բան մը կայ»:
Մորիսըն, ի՛նք վաւերական գրագիտուհի, բնականաբար պիտի տեսնէր բացայայտ ճշմարտութիւնը՝ թէ վէպի մը ծախքին թիւը չի կրնար այդ վէպին գրական արժէքին հաւաստումը ըլլալ: Որքա՜ն արժէքաւոր գիրքեր կա՛մ շատ ուշ արժանացեր են ուշադրութեան, կա՛մ ընդհանրապէս մնացեր են մոռացութեան մէջ:
Եթէ այսօր կրկին կ’արծարծուի 40 տարի առաջ գրուած նիւթ մը՝ Մորիսընի մերժումի նամակները, չի՞ նշանակեր թէ երեւոյթը կը շարունակէ գոյութիւն ունենալ այսօր եւս, ու թերեւս՝ շատ աւելի բուռն կերպով:
Ե. Գիրքի մը հրատարակութեան ծրագիրը ամբողջութեամբ կը հիմնուի գիրքը բաժնել-ծախելու մեքենականութեան (mechanism) վրայ:
Նման ծրագիրէ մը պարզ է որ դուրս կ’իյնան ո՛չ միայն քերթողութիւնն ու պատմուածքը, այլ նաեւ _ բնականաբար անշուշտ _ ուսումնասիրութիւնը՝ գրական թէ քննա-գրա-դատական:
Հետաքրքրական է, որ այս ծրագիրին դիմաց _ դիտումնաւո՞ր թէ պատահական կերպով _ կը յայտնուի ճափոնցի հեղինակի մը՝ Սօսուքի Նացուքավայի (Sosuke Natsukawa) «Կատուն որ Գիրքերը Փրկեց» հատորը:
Վերջերս երկու երեւոյթներ սկսեր են յստականալ.
1-Ծայրագոյն Արեւելքի հեղինակներուն թարգմանաբար լոյս տեսած գիրքերը (անգլերէն, արաբերէն, հաւանաբար նաեւ այլ լեզուներով), որոնք տարուէ տարի կը բազմանան եւ կը գրաւեն  գիրքերու աշխարհն ու ընթերցողները հաւասարապէս, իրենց անծանօթ, խորհրդաւոր աշխարհով եւ կենցաղով:
2- Ինչպէս որ 20-րդ դարուն սկսաւ տարածում գտնել լեզուի քերթողութիւնը եւ գրականութեան մեծ լուսարձակը բացուեցաւ լեզուին վրայ, որպէս գրականութեան միջոցն ու ատաղձը միաժամանակ, նոյնպէս այսօր լուսարձակը բացուած է գիրքին վրայ, եւ սովորական դարձած է հանդիպիլ հատորներու, որոնց նիւթը գիրքը ի՛նք է:
Նման գիրք մըն է Նացուքավայի գիրքը, ուր կը տեսնենք 21-րդ դարու գիրքին եւ ընթերցումին դիմագրաւած
վտանգները. այսպէս.
Ա. Հապճեպով կարդացուած գիրքեր _ էջ մը հոսկէ, երկու էջ հոնկէ _ որոնք կը ցուցադրուին փակ ապակեպատ դարաններու մէջ, միմիա՛յն շրջապատը տպաւորելու համար:
Բ. Մեծ, դասական, երկար վէպերուն ամփոփումներն ու կրճատուած տարբերակները հրատարակել եւ քաջալերել ընթերցողները, որ ա՛յդ տարբերակները կարդան:
Գ. Արագ, շատ արագ, հետեւաբար՝ մակերեսայնօրէն կարդալու պարագան, որուն որպէս օրինակ հեղինակը կը բերէ Պէթհովընի 9-րդ համա-նուագը, սովորականէն 2 անգամ աւելի արագ նուագուած. կարելի՞ է անոր գեղեցկութիւնը զգալ եւ ըմբոշխնել:
«Կը հասկնամ թէ ինչո՛ւ գրախանութները հետաքրքրուած չեն Անտէրսընի եւ Ճոնսընի, եւ վերջերս նոյնիսկ Քաֆքայի եւ Քամիւի գործերով. անոնց գործերը ա՛լ չեն տպուիր, նոյնիսկ Շէյքսփիրի ամբողջական գործերուն նոր հրատարակութիւններ չկան»:
«Ինչո՞ւ»:
«Որովհետեւ չեն ծախուիր»:
«Մեծ հրատարակչատուներ մեծ թիւով գիրքեր կը հրատարակեն եւ կը ծախեն, յետոյ անոնց շահով այլ գիրքեր մեծ թիւով կը հրատարակեն եւ կը ծախեն, աւելի շահ կ’ապահովեն, յետոյ աւելի մեծ թիւով գիրքեր կը հրատարակեն …»:
Նացուքավա սակայն նաեւ կ’ըսէ.
«Գիրքերը սպառողական իրեր են, հետեւաբար պէ՛տք է սպառել զանոնք … նետելով, ձերբազատուելով անոնցմէ»:
Հետաքրքրականը ա՛յն է, որ վերջին տարիներուն, հաւանաբար թագաժահրէն ետք, գրախանութներուն շահերը կրկնապատկուեր են, որովհետեւ մարդիկ վերադարձեր են իրողական գիրքեր կարդալու: Օրինակ Foyles գրախանութը Լոնտոնի մէջ անցնող երկու տարիներուն հասեր է շահու գագաթնակէտին: Ինչպէ՞ս: Պարզ այն պատճառով, որ, ըստ ներկայացնողին, մարդիկ ա՛լ ձանձրացած թուայնացուած ամէն ինչէ, վերադարձեր են գիրքին:
Բայց նաեւ սովորական երեւոյթ դարձեր է, գոնէ մեզի՝ սփիւռքահայերուս համար, գաղթող ընտանիքներուն որբ մնացած գիրքերուն հարցը. հայրենակցական միութիւններուն գրադարանները _ եթէ տակաւին կան _ այնքան փոքր են, որ նման քանակով գիրքեր չեն կրնար պարփակել: Ի՞նչ ընել ուրեմն, նետե՞լ, թէ՞ ամէն գնով պահել, սպասելով որ բարեբախտ օր մը բոլոր գիրքերուն թուայնացուած օրինակները ունենալով, այս «կնճռոտ» հարցը ինքնաբերաբար լուծուի:
Կարեւո՞ր է այս հարցը, երբ աշխարհը պատերազմներու տակ կենաց-մահու պայքար կը մղէ:
Պահե՞լ թէ նետել: Շա՜տ բարդ է, իրապէ՛ս:
Մարուշ Երամեան