Բարձր հովանաւորութեամբ եւ նախագահութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, տարիներու աւանդութեան համաձայն այս տարի եւս, Շաբաթ, 24 Օգոստոս 2024-ին, յիշատակուեցաւ Ղնեմիէ հայաբնակ գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ տօնը, որ միշտ կը յիշատակուի Աստուածամօր Վերափոխման տօնին յաջորդող Շաբաթ օրը: Տօնին առիթով Սուրբ եւ Անմահ Պատարագ մատուցեց առաջնորդ սրբազան հայրը եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց:
Առաւօտեան ժամը 9:00-ին, առաջնորդ սրբազան հայրը եւ իրեն ընկերակցող պատուիրակութիւնը դիմաւորուեցան Լաթաքիոյ Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանի եւ գիւղի թաղական խորհուրդին կողմէ, գլխաւորութեամբ ատենապետ եւ գիւղապետ Վահէ Արէճանի եւ ներկայ հաւատացեալ հայորդիներուն կողմէ, դպրաց դասի «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ եւ աղ ու հացի օրհնութեամբ: Սրբազան հօր պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան եւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Մարալ Գալայճեան-Սեմէրճեան։
Նախքան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը, առաջնորդ սրբազան հայրը Հայ եկեղեցւոյ կանոնակարգին եւ ծէսին համաձայն, օրհնեց եւ օծեց եկեղեցւոյ նոր զանգը, որ նուիրուեցաւ սրբազան հօր եւ Ազգային Իշխանութեան կողմէ: Օծումէն անմիջապէս ետք, նորօծ զանգը զետեղուեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատան մէջ եւ առաջին անգամ հնչեց «Խորհուրդ Խորին» երգեցողութեամբ։ Սրբազան հայրը թափօրով մուտք գործեց եկեղեցի եւ սկիզբ առաւ Սուրբ եւ Անմահ Պատարագը:
Սրբազան հօր քարոզին բնաբանն էր օրուան առաքելական թուղթէն քաղուած հատուածը, որ Պօղոս առաքեալի կողմէ ուղղուած էր գաղատացիներուն (Գղ 3.29-4.7) «Արդ ուրեմն, եթէ Քրիստոսի կը պատկանիք՝ կը նշանակէ, թէ դուք Աբրահամի զաւակներ էք եւ պիտի ժառանգէք ինչ որ Աստուած անոր խոստացաւ»:
Սրբազան հայրը ներկայ հաւատացեալներուն բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս կարելի է ըլլալ Աբրահամի զաւակներ եւ ժառանգորդ՝ Աստուծոյ խոստումներուն, ըսելով, որ առաքեալը կ’ակնարկէ հոգեւոր ժառանգութեան ու որդեգրութեան, եւ ոչ թէ մարմնական ու ֆիզիքական իմաստով եւ հրեայ ժողովուրդին հասկացողութեամբ ժառանգութեան: Աբրահամի սերունդ եւ Աստուծոյ ժառանգորդ կարելի է ըլլալ ապաշխարութեամբ եւ Աբրահամի ցուցաբերած հաւատքը արտայայտելով։ Նաեւ ինքնագիտակցութեամբ եւ ամենակարեւորը ճանչնալով Աստուծոյ կամքը, լսելով Տիրոջ ձայնը Աստուածաշունչին ընդմէջէն՝ զայն կարդալով ու սերտելով, աղօթքի նուիրուելով եւ քալելով այն նեղ ճամբայէն, ուրկէ Տէր Յիսուս քալեց, հակառակ որ ճամբան դժուար էր, փշոտ էր, քարքարոտ էր եւ Խաչի մահը կար, սակայն աւարտին կային Յարութիւն եւ յաւիտենականութիւն, որոնք երաշխիքն էին բոլոր այն հաւատացեալներուն, որոնք կը հետեւին Տիրոջ կենդանի օրինակին:
Սրբազան հայրը շեշտեց, թէ Աբրահամի սերունդ եւ Աստուծոյ ժառանգորդ ըլլալու պայմաններէն կը նկատուին նաեւ՝ Աստուածամօր նման անձը փշրել եւ քարացած սիրտը կոտրել, որոնք Տէրը կը պահանջէ Եզեկիէլ մարգարէի բերանով, ենթարկուելու դէպի յաւիտենակութիւն եւ ժառանգութիւն առաջնորդող Տիրոջ կամքին եւ կարգադրութիւններուն, որոնք կը ծրագրէ ամէն մէկ հաւատացեալի կեանքին համար։ Նոյնպէս սրբազան հայրը օրինակ բերաւ Ս. Գէորգ զօրավարին կեանքը, որուն ընթացքին սուրբը անտեսեց ամէն փառք, հարստութիւն եւ աշխարհիկ ուժեր՝ ի սէր Տէր Յիսուսի եւ իր ուսուցումներուն, որոնք մարդը կը կերպարանափոխեն վերածելով այնպիսի մարդու, որ Տէրը կ’ուզէ տեսնել եւ որ Տէրը ստեղծած է իր պատկերով ու նմանութեամբ:
Սրբազան հայրը աւարտին բոլոր հաւատացեալներուն կոչ ուղղեց սրբագրելու անձնական սխալներն ու տկարութիւնները, զօրանալու Տիրոջ հետեւելով եւ Իր կամքը կատարելու, այնպէս ինչպէս Ս. Կոյսը, Ս. Գէորգը եւ բոլոր սուրբերը, որոնք արժանացան երկնային Ս. լուսեղէն պսակին:
Քարոզի աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց բոլոր ուխտաւորները, ըսելով բոլորին ուխտը կատար, նոյնպէս շնորհաւորեց բոլոր մայրերն ու քոյրերը, որոնք կը կրեն Մարիամ, Մարի, Մարինա, Մէյրի, Իսկուհի, Տիրուհի, Սրբուհի, Վարդուհի անունները եւ բոլոր Գէորգ անունը կրող տղամարդիկ։
Ապա, ան աղօթեց առ բարձեալն Աստուած, հայցելով աշխարհին խաղաղութին եւ մարդկանց մէջ սէր ու միութիւն, հիւանդաց բժշկութիւն եւ բարեխօսութիւնը խնդրեց Ս. Կոյսին եւ Ս. Գէորգին: Սրբազան հայրը նոյնպէս շնորհաւորեց եւ բարձր գնահատեց Լաթաքիոյ եւ ծովեզերեայ շրջանի հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեանը՝ իր անսակարկ ծառայութեան համար։ Ան շնորհաւորեց ու բարձր գնահատեց գիւղի թաղական խորհուրդը, տիկնաց յանձնախումբը եւ համայն գիւղի հաւատացեալ հայորդիները, որոնք մեծ բծախնդրութեամբ կը պահեն ու կը պահպանեն իրենց գիւղը, եկեղեցին եւ տեղւոյն աւանդութիւններն ու սովորութիւնները:
Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ., իր կարգին, անձնապէս եւ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին, տիկնաց յանձնախումբին եւ ներկայ հաւատացեալներուն անունով ողջունեց եւ բարի գալուստ մաղթեց առաջնորդ սրբազան հօր, անոր մաղթելով քաջառողջութիւն, երկար կեանք եւ Ս. հոգիի առատ օրհնութիւններն ու շնորհքները, որպէսզի սրբազան հօր գաւազանը մնայ միշտ ծաղկուն եւ իրեն վստահուած հօտը առաջնորդէ դէպի ապահով նաւահանգիստ:
Սուրբ եւ Անմահ Պատարագի աւարտին, սրբազան հայրը թափօրով դուրս եկաւ եկեղեցիէն՝ «Ուրախ Լեր» շարականի երգեցողութեամբ, եւ այնտեղ կատարեց աւանդական հարիսայի եւ խաղողի օրհնութիւն, հաւատացեալներու խուռներամ ներկայութեան: Աւարտին երգուեցաւ «Կիլիկիա» մաղթերգը:
Սրբազան հայրը մտերմիկ պահ մը անցուց ներկայ հաւատացեալներուն հետ, եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։ Ապա, սրբազան հօր գլխաւորութեամբ տեղի ունեցաւ աւանդական սիրոյ ճաշ, որուն հաւատացեալներն ալ մասնակցութիւն բերին: Սիրոյ ճաշի ընթացքին բարի գալուստի խօսք արտասանեց գիւղի թաղականութեան ատենապետ եւ գիւղապետ Վահէ Արէճան, որ յայտնեց իր անհուն ուրախութիւնը առաջնորդ սրբազան հօր եւ իր ընկերակիցներուն ներկայութեան համար եւ օրուան տօնին ուրախ առիթով։ Արէճան ներկայացուց գիւղի երիտասարդութիւնը ու իր հպարտանքը յայտնեց երիտասարդներուն կատարած ծառայութեան համար, ինչ որ գիւղի բարելաւման եւ եկեղեցւոյ պայծառութեան կը նպաստէ:
Դպրաց դասը հայրենակցական եւ ժողովրդական երգերով ողջունեց սիրոյ սեղանին շուրջ համախմբուած սրբազան հայրը, ներկաները եւ համայն ժողովուրդը:
Ապա խօսք առաւ Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան, որ յայտնեց իր ուրախութիւնը եւ հետեւելով սրբազան հօր քարոզին, ըսաւ, որ Տէրը կը սիրէ Իր եկեղեցին, Իր զաւակները, չ’ուզեր անոնց կորուստը եւ հարկ եղած պարագային որբ չի թողուր, կ’ընդառաջէ անոնց կարիքներուն եւ կ’առաջնորդէ զանոնք յատուկ կարգադրութեամբ եւ նախա-խնամութեամբ։ Ան դարձեալ շնորհակալութիւն յայտնեց սրբազան հօր՝ իր հայրական մշտական ներկայութեան եւ նախախնամութեան համար, ինչպէս նաեւ իրեն ընկերակցողներուն:
Սրբազան հայրը արտասանեց փակման եւ օրհնութեան իր խօսքը։ Ան բարձր գնահատեց եւ շնորհաւորեց Վահէ Արէճանը՝ իր քառասուն տարիներու անսակարկ եւ անխոնջ ծառայութեան համար, որ մատուցած է իր պապենական գիւղին ու եկեղեցիին: Սրբազան հայրը, բարձր գնահատեց գիւղի երիտասարդները՝ իրենց անձնուէր ծառայութեան եւ հայ ժողովուրդի արժէքներուն կառչածութեան համար։ Ան նոյնպէս գնահատեց տիկնաց յանձնախումբը եւ գիւղի հայորդիները, ըսելով, որ ծառայութեամբ կը գոյատեւէ ու կը շարունակուի մեր ազգային ու եկեղեցական կեանքը՝ ի փառս Աստուծոյ եւ ի պայծառութիւն Հայ ազգին։
Օրը իր աւարտին հասաւ սրբազան հօր «Պահպանիչ» աղօթքով:
Տօնի նախօրեակին, Ուրբաթ, 23 Օգոստոս 2024-ի յետմիջօրէին, Արժ. Տ. Վազգէն Աւագ Քհնյ. Քէօշկէրեան եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս կատարեց աղի օրհնութիւն եւ օրհնեց գիւղի Ս. Գէորգ եկեղեցւոյ ընծայուած նոր վարագոյրը, Ս. Սեղանի եւ սկիհի ծածկոցները եւ այլ կտորներ, որոնք նուիրուած էին հալէպահայ բարերարուհի Լորա Իսթանպուլեանի կողմէ։ Սրբազան հայրը  բարձր գնահատեց բարերարուհին իր ազնիւ մտածումին եւ ձեռագործ վարագոյրի եւ յարակից կտորներու պատրաստութեան համար, մաղթելով, որ անոր ուխտը կատարուի։