Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի, կազմակերպութեամբ ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի Վարչութեան, Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024-ին, երեկոյեան ժամը 7։00-ին, տեղի ունեցաւ «Allegro» ճաշարանին բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը։
Ճաշարանի մուտքին, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը ազգային-հայրենասիրական երգերով դիմաւորեց հրաւիրեալները։
Բացման հանդիսութեան սրբազան հօր կողքին ներկայ էին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը եւ կուսակցութեան Համալսարանի ներկայացուցիչը, Հալէպի Մարզական Ընկերակցութեան գործադիր մարմինի տնօրէնը, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան ներկայացուցիչը,
պետական բարձրաստիճան
պաշտօնեաներ, Հալէպի Նահանգային
Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, խորհրդարանի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, Հալէպի մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Բարի գալուստի խօսք արտասանեց ՀՄԸՄ-ի Հալէպի Մասնաճիւղի վարչութեան ատենապետ բժշկ. Արամ Աւետիսեան, որ ողջունելով հրաւիրեալները ուրախութեամբ աւետեց «Allegro» ճաշարանին բացումը, մաղթելով որ այս մէկը բարեբեր օրերու նոր սկիզբ մը հանդիսանայ ՀՄԸՄ-ին համար, այնպիսի միութեան, որ իր հիմնադրութեան օրէն սկաուտական եւ մարզական շարժումներուն զարկ տուաւ, իր անդամներուն կամաւոր աշխատանքով նոր սերունդներու հոգիներուն մէջ ազգային արժէքներ սերմանեց եւ սուրիական հայրենիքին հաւատարմօրէն կառչելու գիտակցութիւնը վառ պահեց։
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց պետական հիւրերուն, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէն դոկտ. Մուհամմէտ Ռամի ալ-Ըպէյտին եւ բոլոր ներկաներուն՝ իրենց քաջալերանքին համար։
Այս առիթով կոկիկ հիւրասիրութիւն մը մատուցուեցաւ կազմակերպող մարմինին կողմէ։
Այնուհետեւ առաջնորդ սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով ներկաներուն դիտել տուաւ, որ սուրիական ասպնջական հայրենիքը սէր եւ գուրգուրանք կը տածէ իր զաւակներուն հանդէպ, ուստի մեր պարտքն է փոխադարձաբար նպաստել անոր ծաղկումին ու բարգաւաճումին։
«Այսօր մեր ներկայութիւնը ինքնին պերճախօս վկայութիւնն է մեր հաւատարմութեան եւ երախտագիտութեան այս երկրին եւ անոր ղեկին կանգնած հաւատարիմ զինուորին՝ վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին ու բոլոր անոնց, որոնք նոյն հասկացողութեամբ եւ տեսլականով կը գործեն», ըսաւ Մակար սրբազան հայրը ու այս ձեռքբերումը յաղթանակ համարեց, ո՛չ միայն մեզի, այլեւ Սուրիոյ բոլոր քաղաքացիներուն համար, որոնք հակառակ բոլոր դժուարութիւններուն, իրենց հոգին, սիրտը եւ միտքը ի սպաս դրած են սուրիական հայրենիքի ապաքինման, հզօրացման եւ բարգաւաճման։
Մակար սրբազան դիտել տուաւ, որ ճաշարանի սեղաններուն շուրջ հաւաքուած մարդիկ, ըլլան անոնք հայ, արաբ, իսլամ թէ քրիստոնեայ, երբ աղն ու հացը կը կիսեն՝ կ՚եղբայրանան։ Ապա մաղթեց, որ եղբայրութիւնը քաղաքացիական եւ մարդկային հասկացողութեամբ ամրագրուի մեր մէջ, շարունակելով գեղեցկագոյն օրինակ հանդիսանալ շատ մը ժողովուրդներու։
Ճաշարանի բացման պաշտօնական արարողութենէն ետք, հրաւիրեալները շնորհաւորական բարեմաղթութիւններ փոխանակեցին։