Հովանաւորութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի,
կազմակերպութեամբ Թեմի
Ազգային Վարչութեան, Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր
երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեանի ընտրութեան առիթով
Երեքշաբթի, 3 Սեպտեմբեր 2024-ին,
երեկոյեան ժամը 7:00-ին, նորաբաց «Allegro» ճաշարանէն ներս տեղի ունեցաւ
շնորհաւորական ընդունելութիւն։
Հանդիսութեան սրբազան հօր կողքին
ներկայ էին Բերիոյ Կաթողիկէ Հայոց
Առաջնորդ Արհի. Տէր Պետրոս Արք․ Միրիաթեան, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի պետ Վերապատուելի դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան, Հայաստանի Հանրապետութեան Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան խորհրդական Դաւիթ Թադէոսեան, Հայաստանի Հանրապետութեան մարդասիրական խումբի ներկայացուցիչ գնդապետ Յովհաննէս Խանուէլեան, Սուրիոյ խորհրդարանի նորընտիր երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան, Պաաս կուսակցութեան Հալէպի քարտուղարը եւ կուսակցութեան Համալսարանի ներկայացուցիչը, Հալէպի Մարզական Ընկերակցութեան գործադիր մարմինի տնօրէնը, Հալէպի կրօնական կալուածներու տնօրէնութեան ներկայացուցիչը,
պետական բարձրաստիճան
պաշտօնեաներ, Հալէպի Նահանգային
Խորհուրդի ներկայացուցիչներ, խորհրդարանի անդամներ, հայկական կազմակերպութիւններու, Բերիոյ Հայոց Թեմի ազգային մարմիններու, Հալէպի մարզական, մշակութային եւ բարեսիրական միութիւններու ներկայացուցիչներ։
Ընդունելութեան բացման խօսքով հանդէս եկաւ Վիգէն Չաղլասեան՝ վեր առնելով սուրիական հայրենիքին մէջ հայութեան վայելած քաղաքացիական իրաւունքներն ու յարգալից վերաբերմունքը, ինչպէս նաեւ ծաղկելու եւ երկիրը ծաղկեցնելու կարելիութիւնները։ Ապա շեշտեց, որ հայ համայնքի միասնական թեկնածուին ընտրութիւնը արդիւնք էր միասնական աշխատանքի ու գործակցութեան։
Այնուհետեւ խօսք առաւ երեսփոխան մեթր Մարիա Գաբրիէլեան։ Գաբրիէլեան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն ըսաւ, որ ընտրովի համակարգով երկրի օրէնսդիր իշխանութեան մաս կազմելը ծանր պատասխանատուութիւն կը թելադրէ, հաւանաբար, հեռուէն դիտուած, պատուանդաններու վրայ բարձրացած գեղեցկութիւն մը թուի այս հանգամանքը, սակայն անոր մօտիկ դիտարկումը այլ բան կը պարզէ, աւելի ճի՛շդ, աւելի հարազա՛տ, պճրանքներէ ձերբազատուած։
«Այս երկիրը շատ բան շնորհեց մեզի, սկսեալ հայրենիք ունենալու ամենատարրական իրաւունքէն մինչեւ հայրենասիրութիւն, ազգային արժանապատուութիւն։ Այս երկիրը կը շարունակէ կոտտալ ներքին թէ արտաքին թշնամիներու հարուածներէն, սակայն կազդուրման նրբանցք մը կը սկսի բացուիլ քայլ առ քայլ։ Այսուհանդերձ վերականգնումը ամբողջական ճիգեր եւ համագործակցութիւն կը պահանջէ։
Յաճախ կը լսենք յուսահատութեան արտայայտութիւններ, դժգոհանք։ Այո’, բոլորս ունինք արժանապատիւ ու որակեալ կեանք ապրելու իրաւունք, սակայն հայրենիքն ալ իրաւունք ունի մեզմէ ստանալու գէթ պճեղ մը սէր ու հաւատարմութիւն։ Հետեւաբար եթէ միացնենք մեր ճիգերը, պահանջներն ու իրաւունքները հայրենիքի պահանջներուն եւ իրաւունքներուն ու հաւաքական շահը անհատականէն բարձր դասենք եւ վերջ տանք դժգոհանքին ու կրաւորականութեան, մեր ջանքերը կ՚առաջնորդուին դէպի մեր երազանքներու եւ բաղձանքներու իրականացման ուղի»։
Ապա երեսփոխանը շնորհակալութիւն յայտնեց յարանուանական, միութենական, հոգեւոր, հաստատութենական, ազգային մարմիններուն՝ իրենց անսակարկ գործակցութեան եւ վստահութեան համար, որոնց շնորհիւ մեր համայնքի միասնականութեան սկզբունքը արդիւնաւորուեցաւ։
Այնուհետեւ Բերիոյ Հայոց Թեմի
Առաջնորդը բարձրօրէն գնահատեց
հալէպահայութեան միասնական
աշխատանքը, աւելցնելով որ
ձեռքբերուած ընտրական յաղթանակը
արդիւնք էր համայնքի զաւակներու կազմակերպ, լուրջ եւ միասնակամ աշխատանքին։
Մակար սրբազան շնորհաւորեց Երեսփոխան Մարիա Գաբրիէլեանը եւ յաջողութիւն մաղթեց անոր։
Երեկոն ջերմացաւ ներկաներուն
փոխադարձ շնորհաւորանքներով եւ
գալիք օրերու պայծառատեսութեամբ։