Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ ՍԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան, Քեսապի ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս, 19- 25 Օգոստոսին տեղի ունեցաւ ՍԵՄ-ի 45-ամեակին նուիրուած «Հայրենիք» խորագրեալ տարեկան բանակումը, որուն իրենց մասնակցութիւնը բերին Սուրիոյ զանազան շրջաններէն՝ Հալէպէն, Քեսապէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն եւ Լաթաքիայէն 115 ՍԵՄ-ականներ։
Բանակումի ընդհ. օրակարգը նուիրուած էր Հայաստանի Հանրապետութեան մարզերուն, մայր հայրենիքէն խլուած, բռնագրաւուած Արցախին ու Նախիջեւանին։ Այս բոլորը որպէս մէկ ամբողջութիւն պատկերուած էին բանակումի կայմին վրայ, զոր պատրաստած էին բանակողները։
Նախքան օրակարգի անցնիլը, բանակողները բաժնուեցան խումբերու, որոնք կը կրէին Հայաստանի մարզերուն անունները։ Իւրաքանչիւր օր յատուկ էր իր հաճելի եւ օգտաշատ օրակարգի կէտերով ու կ’ընդգրկէր պատմական, քաղաքական ու կազմակերպական նիւթերու մասին դասախօսութիւններ, զրոյցներ, բանավէճ, յեղափոխական դրուագներու ներկայացում եւ հարց-պատասխանի մրցում՝ նուիրուած դաշնակցականի տիպարին, ՀՅԴ գաղափարաբանութեան եւ Հայ Դատին։
Դաստիարակչական ծրագիրին կողքին, բանակավայրէն ներս ընկերային աշխոյժ մթնոլորտ կը յառաջանար՝ խաղերով, կանչերով, Ռատիո Ժամի յատուկ յայտագրերով, պարերով, ընկերային խրախճանքով, ինչպէս նաեւ ՍԵՄ-ի 45-ամեայ ծրագիրէն քաղուած երգերու ուսուցումներով։
ՍԵՄ-ի բանակումներուն սովորութիւն դարձած հիմնական կէտերէն մէկն էր նաեւ մարմնամարզը. ՍԵՄ-ականները ամէնօրեայ մարզանքով եւ արշաւով կը մարզուէին ու կայտառօրէն կը հետեւէին առօրեայ իրենց աշխատանքներուն։ Օրակարգի կարեւոր կէտերէն էր նաեւ յանձնախմբային աշխատանքը, որուն ընթացքին ՍԵՄ-ականները զարգացուցին խմբային աշխատանքի ոգին ու կազմակերպ աշխատանքի իրենց վարժութիւնը՝ խարուկահանդէսի նախապատրաստուելով եւ բանակավայրը գեղեցկացնելով։
Ըստ աւանդութեան, բանակողները ներկայ գտնուեցան Քեսապի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Կիրակի օրուան Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, ուր իրենց հոգեւոր սնունդը ստացան, հաւատքը ամրագրեցին՝ հաւաքական մեր նպատակներու իրականացման ի խնդիր։ Պատարագէն ետք անոնք ազատ ժամ մը վայելեցին Քեսապի հրապարակը։
Բանակումի աւարտին, ՍԵՄ-ականները իրենց բանակումի վերջին խրախճանքը կատարեցին խարոյկին շուրջ, ստեղծելով ջերմ ու մտերմիկ մթնոլորտ, անմոռանալի պահեր ապրելով եւ դարձեալ տեսնուելու բարեմաղթութեամբ հրաժեշտ տալով իրարու։
45 տարի շարունակ Սուրիոյ Երիտասարդաց Միութիւնը չդադրեցաւ յանուն երիտասարդութեան առողջ զարգացման գործելէ, հաստատ պահելով ընկերային անկեղծ կապերը՝ հեռու ելեկտրականացած աշխարհէն, խրախուսելով երիտասարդութեան ազատ արտայայտուելու իրաւունքը, ազգային դաստիարակութիւն ջամբելով, հաւաքական աշխատանքի ու ծառայութեան ոգիով թրծելով նոր սերունդները, սերմանելով սէր հայրենիքին ու գաղափարին հանդէպ՝ ծառայելու հայ ազգին ու գաղութին եւ իրականացած տեսնելու մեր դարաւոր նպատակը՝ Ազատ, Անկախ ու Միացեալ Հայաստանը։
Արփի Գրտանեան
Արփի Արապանեան