Չորեքշաբթի, 4 Սեպտեմբերին «Գանձասար»-ի խմբագիրը հիւրընկալեց հոգշ. Տէր Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանը եւ հոգշ. Տէր Առաքել Աբղ. Գատեհճեանը խմբագրատունէն ներս։
Նկատի ունենալով հայր սուրբերուն «Գանձասար»-ի պարբերական աշխատակցութիւնը, հանդիպումի ընթացքին զրոյցի նիւթ դարձաւ թերթին մէջ թեմական կեանքին եւ բարոյախօսական յօդուածներուն կարեւորութիւնը, յատկապէս երիտասարդութեան մատչելի ոճով հրամցնելու ընթերցումի ու խորհրդածութեան նման նիւթեր։
Այնուհետեւ հայր սուրբերը ծանօթացան խմբագրակազմին ու տարուող աշխատանքներուն եւ յաջողութիւն մաղթելով իրենց պատրաստակամութիւնը յայտնեցին գործակցութեան։
Անդրադարձ կատարուեցաւ նաեւ «Գանձասար»-ի երիտասարդ լրագրողներու պատրաստութեան վարժողական ծրագիրներուն։