ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին Դամասկոսի մէջ պիտի սկսի Սուրիոյ Սուփըր բաժակի երրորդ մրցաշարքը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն արաբական ութ ակումբներ: Մրցաշարքի մասնակից խումբերն են. Սուրիայէն Հալէպի Ահլին եւ Դամասկոսի Ուահտէն ու Ճէյշը, Լիբանանէն Պէյրութ եւ Անդրանիկ խումբերը, Լիպիոյ Ահլին, Յորդանանի Իթթիհատը եւ Եգիպտոսի Զամալէք խումբերը:
– Շաբաթ օր Հալէպ ժամանեց Ահլի ակումբի պասքեթի տղոց խումբի մարզիչ Սաֆուան Ֆարճանին։ Յիշենք, որ անցեալ տարի թունուսցի մարզիչը մարզած էր Հալէպի Ահլին եւ անոր հետ տիրացած Սուրիոյ հանրապետական բաժակին:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՉՈՒԱՄԻՆԻ ԵՒ ՍԻՊԱՅՈՍ ՎԻՐԱՒՈՐՈՒԵՑԱՆ
Սպանիոյ ախոյեան Ռէալ Մատրիտի 24-ամեայ կիսապաշտպան Օրելիէն Չուամինի իր ձախ ոտքը վնասած ըլլալուն հետեւանքով պիտի բացակայի Ֆրանսայի հաւաքականէն։ Ըստ RMC Sport-ին, հաւաքականի մարզիչ Տիտէ Տիշամբ զինք փոխարինեց Իտալիոյ Լացիո ակումբի խաղացող կիսապաշտպան Մաթէո Կենտուզիով: Ռէալ Պեթիսի դէմ Սպանիոյ առաջնութեան չորրորդ փուլի հանդիպումէն ետք վիրաւորուեցան նաեւ սպանացի կիսապաշտպան Տանի Սիպայոսն ու ֆրանսացի պաշտպան Ֆերլան Մենթին։
ՄՊԱՓԷ ԼԻԿԱՅԻ ՄՐՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ԻՐ ԱՌԱՋԻՆ ԿՈԼԸ ՆՇԱՆԱԿԵՑ
Սպանական Լա Լիկայի 4-րդ փուլի մրցումներուն, Սանթիակո Պեռնապո մարզադաշտին վրայ Ռէալ Մատրիտ 2 – 0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռէալ Պեթիսը: Հանդիպումի երկու կոլերու հեղինակը դարձաւ ֆրանսացի խաղացող Քիլիան Մպափէ: Մպափէ յաջողեցաւ առաջին կոլերը արձանագրել Լա Լիկայի մրցումներուն: Երկրորդ խաղակիսուն Մպափէ Վալվերտիէն գեղեցիկ փոխանցում մը ստանձնելով արձանագրեց իր առաջին կոլը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք տուգանային հարուածով կրկնապատկեց արդիւնքը: Քաթալոնէական Պարսելոնայի ֆութպոլի խումբը շարունակելով իր յաջող խաղարկութիւնը կրցաւ հերթական 4-րդ յաղթանակը արձանագրել այս անգամ պարտութեան մատնելով Վալատոլիտը՝ 7 – 0 արդիւնքով: Մրցումի ամբողջ տեւողութեան, Պարսելոնան տիրապետած էր խաղարկութեան եւ յաջողած ցնցել մրցակիցին դարպասը: Խումբին կոլերու հեղինակներն էին Ռաֆինիա՝ երեք կոլ, իսկ Քունտէ, Լիւանտովսկի, Ֆերան Թորէս ու Օլմո՝ իւրաքանչիւրը մէկ կոլ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան