Բերիոյ Հայոց Թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տէր Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեանի հրատարակութիւնները հարստացան նոր ծնունդով մը եւս՝
«Աստուած Մարդ
Յարաբերութիւնը Քրիստոսով
Մատթէոսի Աւետարանը
Բ. Հատոր
Գլուխներ 19-28 Բացատրողական»
ծաւալուն գիրքով։ Հալէպ, 2024։
Երկհատոր գիրքի ներածականին մէջ Մակար սրբազան կը գրէ.
«Աստուածաշունչը ընթերցող, անոր խօսքով սնանող, զայն իր ամէնօրեայ հացին պէս փնտռող եւ անոր աշակերտող ոեւէ անձ, անհրաժեշտ է որ անոր մասին եթէ ոչ ընդարձակ, գէթ որոշ նախագիտելիքներ ունենայ, ինչպէս կ՚ըսէր ուսուցիչս՝ հոգելոյս Զարեհ Արք. Ազնաւուրեան, որպէսզի շատ աւելի առողջ եւ ուղիղ կերպով կարենայ հասկնալ եւ ըմբռնել այնտեղ ըսուածներն ու գրի առնուածները։
Այս իմաստով եւ այս ուղղութեամբ կատարուած բացատրողական աշխատանք մըն է սոյն երկհատոր գիրքը, որ սակայն համար առ համար չընթանար, այլ մեր դիտաւորութիւնն է իւրաքանչիւր գլուխէն ընտրուած համարներու մասին՝ հարցումներու եւ պատասխաններու միջոցաւ լուսաբանել եւ պարզաբանել Աւետարանիչին մեզի աւանդածները եւ անմիջապէս ուղղուած հարցումին տրուած պատասխանին կողքին՝ կատարելով նաեւ անոր բացատրութիւնը»: