Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ Աստանայի մէջ բանակցութիւններ վարելու առաջարկը ընդունելի է Պաքուի համար, յայտարարած է Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ:

Յիշեցնենք, որ Ղազախստանի նախագահ Քասիմ Ժոմարթ Թոքաեւ Ալիեւին ըսած էր, որ պատրաստ է շարունակել Ալմաթիի հարթակը տրամադրել Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան պայմանագիրի կնքման շուրջ բանակցութիւններու համար: