COP29-ը ՄԱԿ-ի (UN) Կլիմայի փոփոխութեան համաժողովի 29-րդ նիստն է, որը տեղի պիտի ունենայ Պաքու, Ատրպէյճան, 11-22 Նոյեմբեր 2024-ին։ Այս համաժողովը կը համախմբ է 198 երկիրներ: COP29-ի կարեւորութիւնը այն է, որ ան կարելիութիւն կու տայ քննարկելու եւ լուծելու կլիմայի փոփոխութեան առնչուող հարցեր:
Արշաւին նպատակը
COPout29-ը COP29-ին դէմ կեցող համաշխարհային արշաւ է, որուն նպատակն է բացայայտել Ատրպէյճանի կառավարութեան իսկական բնոյթը և ջախջախել անոր GREEN WASH ռազմավարութիւնը։ Այս արշաւը կարեւոր է, քանի որ կարելիութիւն կու տայ ներկայացնել Ատրպէյճանի կողմէ իրականացած ցեղասպանական գործողութիւնները Արցախի հայութեան նկատմամբ՝ անոնց տեղահանումն ու վերադարձի իրաւունքէ զրկելը, մարդու իրաւունքներու խախտումները, որոնցմէ կարելի է յիշել՝ արգիլումը բռնի ուժով գրաւուած տարածքներ այցելութեան, (հայ) քաղաքական բանտարկեալներու և պատանդներու դատի երկարաձգումը նաև ազերի քաղաքացիները զրկելը ազատ արտայայտուելու իրաւունքէն և լրագրողներու ազատ գործակցելէ։ Այս բոլոր կէտերը կը խախտեն ՄԱԿ-ի հիմնական օրհէնքները: Իսկ որպէս հայեր մեզի համար այս խորհրդաժողովը կը նկատուի կարեւորագոյն եւ թերեւս ՎԵՐՋԻՆ ԱՌԻԹը, որպէսզի անգամ մը ևս լուսարձակի տակ առնենք 44-օրեայ պատերազմի կորսուած զինուորներուն, պատանդներուն, գերիներուն և բանտարկեալներուն հարցը:
Ինչպէ՞ս մասնակցիլ
Մասնակցելու համար պէտք է համոզուած ըլլանք, որ վերկուսակցական եւ մարդկութեան վերաբերեալ հարց մըն է այս, զոր կը հետաքրքէ իւրաքանչիւր կորսուած զինուորի մայրը և բանտարկեալներու հարազատները և մեզ որպէս հայրենակիցներ:
Իմանանք հիմնական այն կէտերը, որոնք պէտք է տարածել՝ Ատրպէյճանի իսկական դիմագիծը պարզելու համար: Ահաւասիկ անոնցմէ մաս մը․
1) Ատրպէյճան Կասպից ծովը գլխաւոր ապականողն է՝ քարիւղի իր մեծաքանակ արտադրութեան, հետեւաբար ալ տարածքի կլիմային հասցուցած վնասներուն բերումով:
2)Միապետական համակարգ ունեցող պետութիւն է:
3)Ցեղասպանութիւն իրագործող երկիր է:
4)Մարդոց իրաւունքները ոտնահարող պետութիւն է:
5)Մեծ թիւով քաղաքական գործիչներ և լրագրողներ հալածող ու անոնց ազատութիւնը կաշկանդող պետութիւն է:
Նշեալ կէտերը մաս մըն են, որուն վրայ կրնանք հիմնուիլ ու բողոքել, սակայն Ատրպէյճանը խորապէս ճանչնալու համար անհրաժեշտ է այցելել հետևեալ կայքը՝ https://protestcop29.org:
Եւրոպայի եւ Ամերիկաներու մեր հայրենակիցները կազմակերպած են շարք մը հանդիպումներ, ցոյցեր, նստացոյցեր և զանազան արշաւներ հիւպատոսարաններու, դեսպանատուներու, նախարարութիւններու և ՄԱԿ-ի շէնքերու դիմաց՝ աշխարհի ուշադրութիւնը հրաւիրելու մեր դատին:
Մեզմէ պահանջուածը շատ պարզ եւ դիւրին է՝ մեր տուները եւ գործտեղիները նստելով անգամ կրնանք գործել այս միջոցներով.
-Համացանց եւ քարոզչական հարթակներ: Օգտագործենք հետեւեալ հաշթակները՝ #COP29Exposed, #COPout29, #COP29, #COP29Azerbaijan, #FreeArmenianHostages, #StopGreenwashingGenocide, տարածենք մեր հայրենակիցներուն աշխատանքները և աւելցնենք մեր ունեցած տեղեկութիւնները (որոնք յիշուած էին վերը)։ Այս կ՛օգնէ բարձրացնելու արշաւի հետեւորդներուն թիւը եւ նորեր ներգրաւելու ։
-Պատրաստել տեսանիւթեր: Կարելիութիւն ունեցողները կրնան պատրաստել Reel, infographic, video …. եւ տարածել իւրաքանչիւրը իր հարթակին վրայ՝ օգտուելով #հաշթակներէն:
-Հետեւիլ COPout29-ի նորութիւններուն՝ Հայ դատի կայքէջերուն միջոցով։
Ստեղծել յարաբերութիւններ լրագրողներու եւ influencer-ներու հետ, որոնք կ՛աջակցին Հայ դատին:
Քաջալերելի է իւրաքանչիւրին մասնակցութիւնը, կամքը՝ այս աշխատանքը յառաջ տանելու եւ յոյսը՝ անոր յաջողութեան համար:
Յանուն թշնամիի բանտին մէջ գերեվարուած մեր եղբայրներուն։
Յանուն մեր զինուորներու մայրերու սպասումին։
Յանուն մեր տեղահանուած արցախցիներուն։
Եւ յանուն մեր հայրենիքին ու արդար դատին:
Համազասպ Շաքարեան