Ատրպէյճանի մէջ նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՄԱԿ-ի Կլիմայի հարցերով խորհրդաժողովի` ՔՈՓ29-ին ընդառաջ, Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պեն Քարտին երէկ հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեց որոշ զիջումներ կատարելու:
«ՔՈՓ29-ի նման միջազգային մեծ խորհրդաժողովի հիւրընկալումը պէտք է ուղեկցուի պատասխանատուութեամբ եւ ակնկալիքով, որ հիւրընկալող երկիրները կ՛արտօնեն տեղեկատուութեան եւ հարցերու անկեղծ քննարկում, ինչ որ կը պահանջէ խօսքի եւ հաւաքներու ազատութեան ճանաչում: Ատրպէյճան ատիկա չէ կատարած», կը յիշուի յայտարարութեան մէջ:
«Եթէ Ատրպէյճան կը ձգտի Եւրատլանտեան համայնքին հետ կայուն յարաբերութիւններ հաստատել, ես նախագահ Ալիեւին կոչ կ՛ուղղեմ` ազատ արձակելու իր կառավարութեան կողմէ անարդարացիօրէն բանտարկուածները, ներառեալ հայ կալանաւորները եւ կենսոլորտի պաշտպանները, որոնք Չովտարի ոսկիի հանքավայրի շահագործման վատ աշխատանքային պայմաններուն եւ շրջակայ միջավայրին վրայ վնասակար ազդեցութիւններու դէմ խաղաղ ցոյցեր կատարած են», յայտարարած է ծերակուտականը` շարունակելով. «Նոյեմբերին տեղի ունենալիք ՔՈՓ29-ին ընդառաջ ես Ատրպէյճանի կառավարութեան կոչ կ՛ուղղեմ` ցոյց տալու մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան իր նուիրուածութիւնը` այդ անձերը անյապաղ ազատ արձակելով»: