Սուրիահայ միութիւններու կազմակերպած տարեկան բանակումները մեծ դեր ունին պատանի եւ երիտասարդ սերունդներու նկարագրի կերտման մէջ։
Բնութեան մէջ, լարուած կեանքէն ու առօրեայ աշխատանքներէն հեռու, դաստիարակչական, մարզական եւ ընկերային յայտագրերով հարուստ այս բանակումները իրականութեան մէջ պատանին ու երիտասարդը կը վարժեցնեն հաւաքական կեանքի, տարբեր պահերու արագ որոշումներ գոյացնելու, ինքնավստահութիւն ձեռքբերելու, իրենց առօրեայէն տարբեր առօրեայի մէջ ապրելու եւ այլազան բնաւորութեանց ու մտայնութեանց տէր սերնդակիցներու հետ յարաբերութիւններ մշակելու եւ զարգացնելու։
Բանակումի օրերուն պատանին կամ երիտասարդը դժուարութիւններ դիմագրաւելու հմտութիւն  ձեռք կը բերեն, որովհետեւ ստիպուած կ’ըլլան ինքնուրոյն իրականացնելու ամէն բան, յաղթահարելու ամէն դժուարութիւն։
Անոնք կը դառնան չարքաշ ու հնարամիտ, որովհետեւ բնութեան մէջ, սահմանափակ միջոցներով կը ջանան կազմակերպել իրենց առօրեան, պաշտպանել իրենց բանակավայրը, ընկերանալ բնութեան հետ՝ այլազան արշաւներու մասնակցելով ու գիւղական կեանքի համն ու բոյրը վայելելով։
Անկախ այս բոլորէն, բանակումներուն ընթացքին ընկերային զրոյցներն ու դասախօսութիւնները կը զարգացնեն անոնց միտքն ու արտայայտուելու կարողութիւնները, յատկապէս հայութիւնն ու հայրենիքը յուզող հարցերու քննարկումով, պատմական նիւթերու արծարծումով, հայ երիտասարդութեան մարտահրաւէրներուն ու ակնկալիքներուն շուրջ միտքերու փոխանակումով։
 Այս բոլորը թէեւ միութիւններու մէջ աստիճանաբար կը հրամցուին անոնց, սակայն բանակումի օրերուն խտացուած դաստիարակչական ծրագիրով, զրոյցներով, արշաւներով եւ մարզանքի տարբեր յայտագրերով տարեկան ծրագիրը կը խտանայ ու պատանիին կամ երիտասարդին առօրեային մասը կը դառնայ։
Բանակումները առիթ են նաեւ, եւ յատկապէս, կազմակերպուած աշխատանքի։ Պատանին ու երիտասարդը բանակումի օրերուն վարժ կը դառնան կազմակերպելու իրենց անհատական եւ հաւակաքան առօրեան, արդիւնաւէտ աշխատանքով եւ շահեկան ժամանցով կ’արժեւորեն իւրաքանչիւր ժամ։
Աւելին. Սուրիոյ տարբեր նահանգներէ պատանիներ ի մի գալով կը ծանօթանան իրարու, կը հարստացնեն իրենց
իմացութիւնը սուրիահայ համայնքի դրուածքին ու իւրաքանչիւր նահանգի հայ համայնքի իւրայատկութիւններուն։
Այս բոլորը կ’իրականանան հաւաքական աշխատանքի դրական այնպիսի մթնոլորտի մը մէջ, որուն ազդեցութեան ներքոյ բանակումէն վերջ ընկերային կապերը կը պահպանուին ու կը զարգանան, ինչ որ իր դրական անդրադարձը կ’ունենայ անոնց միութենական եւ անհատական կեանքին վրայ։
Այս բոլորին լոյսին տակ ողջունելի է տեսնել միութիւններու տարեկան բանակումներու շարունակականութիւնը, հակառակ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն։
Բանակումները հաւաքական աշխատանքի դարբնոցներ են ու երիտասարդներու մէկտեղման ու կազմակերպման կարեւորագոյն առիթներ։