Ռուսիա հաւատարիմ է Զանգեզուրի առնչուող Թեհրանի հետ նախկին համաձայնութիւններուն, եւ Մոսկուայի քաղաքականութիւնը այս հարցով բացարձակապէս չէ փոխուած. այս մասին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Սերկէյ Շոյկու յայտարարած է Իրանի ազգային անվտանգութեան բարձրագոյն խորհուրդի քարտուղար Ալի Աքպար Ահմատեանի հետ հանդիպումին, կը փոխանցէ Mehr-ը։
Իր ելոյթին ընթացքին, Ռուսիոյ անվտանգութեան բարձրաստիճան պաշտօնեան ըսած է, որ Մոսկուա կ’աջակցի Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան ինքնիշխանութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան՝ Պարսից ծոցի երեք կղզիները ներառեալ: