«Էրմէնի Հապէր»-ը վկայակոչելով թրքական «Աքտենիզ Կէրչէք» կայքը կը տեղեկացնէ, որ թուրք վերլուծաբան Հաքան Սոնոք իր յօդուածով անդրադարձած է թուրք-ատրպէյճանական յարաբերութիւններուն։ Ըստ անոր դիտարկումին՝ վերջին շրջանին աճած է Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ լարուածութիւնը՝ բացայայտելով անոնց յարաբերութիւններու եւ ղարաբաղեան հակամարտութեան խորքային հարցերը։
Յօդուածին մէջ տեղ գտած ձեւակերպումներուն համաձայն՝ Օգոստոս 2024-ին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի այցելութիւնը Ատրպէյճան ազդարարեց Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի միջեւ դաշինքի ամրապնդումը, ինչ որ սրեց լարուածութիւնը Թուրքիոյ հետ: Թուրք պաշտօնեաներու վերջին յայտարարութիւնները զայրացուցած են Ատրպէյճանը, յատկապէս Հայաստանի հետ անոնց պատմական հակամարտութիւններու շրջագիծին վերաբերող իրենց նիւթերով:
Սոնոք նկատել կու տայ, որ թուրք պաշտօնեաներու յայտարարութիւններուն համաձայն, Ատրպէյճան կը խեղաթիւրէ իրենց պայքարի եւ յաղթանակի իրականութիւնը։
Ատրպէյճանի պաշտօնական դիրքրորոշումը այս հարցին շուրջ կը հերքէ այն կարծիքը, թէ պատերազմի ընթացքին Թուրքիոյ ներդրումները մեծապէս օգնած են Ատրպէյճանին՝ ընդգծելով, որ ամբողջ ռազմական միջոցներու օգտագործումը վճառովի եղած է։ Ան նաեւ կը վիճարկէ այն պնդումները, որ յաղթանակը կը պատկանի Թուրքիոյ՝ ընդգծելով, որ Ատրպէյճանի յաջողութիւնը Ղարաբաղի մէջ արձանագրուած է Ատրպէյճանի սեփական ջանքերով եւ այսպէս կոչուած զոհողութիւններով։
Յօդուածագիրը կը քննադատէ թրքական իշխանութիւններուն 44-օրեայ պատերազմի իրողութիւնները խեղաթիւրելու եւ հայկական շահերուն ծառայելու համար: Սոնոք սխալ կը համարէ այդ յաղթանակը միայն Թուրքիոյ վերագրելը։ Իսկ վերջաւորութեան նաեւ հռետորական հարցադրում մը կ’ընէ ըսելով. «Թուրքիան արդեօ՞ք կ’ուզէ կորսնցնել Ատրպէյճանի բարեկամութիւնը»։