«Գանձասար» պարբերական հարցազրոյցներով ընթերցողները պիտի ծանօթացնէ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցը.
«Գանձասար»- Սուրիահայ Օգնութեան Խաչը պատերազմի, երկրաշարժի տարաբնոյթ պայմաններուն մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը, ծառայեց ժողովուրդին ու վերանորոգեց իր կառոյցները։ Ներկայ տնտեսական ծանր պայմաններուն մէջ միութեան գործունէութիւնը նոյն թափով կը շարունակուի՞։
Զեփիւռ Գէորգեան- Գոհունակութեամբ եւ հպարտութեամբ կ’ըսեմ, որ ՍՕ Խաչը կը շարունակէ իր առաքելութիւնը՝ հաստատուն քայլերով, բարձր գիտակցութեամբ, խաչուհիներու կամաւոր ծառայութեամբ՝ յաղթահարել ջանալով բոլոր խոչնդոտները ու փութալով ժողովուրդի օգնութեան:
Պատերազմի տարիներուն, երկրաշարժի յաջորդող օրերուն, թէ անկէ ետք, ՍՕ Խաչի գործունէութիւնը աշխոյժ թափով կը շարունակուի՝ մեր ժողովուրդին մատակարարելու սնունդ, առողջապահական ծառայութիւն, միեւնոյն ատեն հայ կինը տարբեր բնագաւառներու մէջ կամաւոր աշխատանքի մղելով մշտապէս գործունեայ ու բանիմաց պահելու:
«Գ.»- ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը քանի՞ մասնաճիւղերով կը գործէ:
Զ. Գ.- ՍՕ Խաչը՝ մարդասիրական ու բարեսիրական այս կազմակերպութիւնը, որպէս ՀՕՄ-ի մէկ միաւորը, իր շուրջ կը համախմբէ Սուրիոյ տարածքին գործող հետեւեալ մասնաճիւղերը.
Հալէպ՝ «Անի», «Սեւան» եւ «Նայիրի» մասնաճիւղեր
Դամասկոս՝ «Էրեբունի» մասնաճիւղ
Քեսապ՝ «Մեղրի» եւ «Գետաշէն» մասնաճիւղեր
Լաթաքիա՝ «Շուշի» մասնաճիւղ
Գամիշլի՝ «Արցախ» մասնաճիւղ
Հասիչէ՝ «Լոռի» մասնաճիւղ
Տէրիք՝ «Սարդարապատ» մասնաճիւղ:
Տասը մասնաճիւղերու, աւելի քան հազար խաչուհիներու հաւաքական, արգասաբեր գործունէութեամբ կ’արմատանայ սուրիահայ համայնքին ծառայելու սէրը՝ «Ժողովուրդիս հետ, ժողովուրդիս համար» նշանաբանով:
Բոլոր մասնաճիւղերն ալ կը գործեն ՍՕ Խաչի կանոնագրին համաձայն, ուղեցոյց ունենալով շրջանային պատգամաւորական ժողովներով հաստատուած գործունէութեան ծրագիրը՝ ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութեան հովանաւորութեան ներքոյ: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ունի իր յանձնախումբերը՝ Դաստիարակչական, ընկերային, յարաբերական, դասընթացքներու եւ այլն, որոնց նպատակն է ծրագրել եւ կազմակերպել ձեռնարկներ: Բնականաբար իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կը գործէ իր շրջանի յարմարութիւններուն եւ պահանջներուն լոյսին տակ։
«Գ.»- Ինչպիսի՞ դժուարութիւններ կը դիմագրաւեն մասնաճիւղերը ընդհանրապէս:
Զ.Գ.- Երկրի տնտեսական ներկայ իրավիճակը, երթեւեկի դժուարութիւնները եւ կեդրոնի հեռաւորութիւնը երբեմն խոչնդոտ կը հանդիսանան անդամուհիներու եւ վարչականներու արդիւնաւետ գործունէութեան: Այս պայմանները մերթ ընդ մերթ կը յառաջացնեն որոշակի դժուարութիւններ եւ կրնան ազդել աշխատանքի յաջողութեան վրայ:
Այլ դժուարութիւն մըն ալ անդամներու թիւի նուազումն է, գաղթը՝ պատերազմին եւ երկրաշարժին հետեւանքով։ Տնտեսական ծանր պայմանները եւս կ’ազդեն համայնքի զաւակներուն վրայ, ոմանք ստիպուած կ’ըլլան քանի մը գործ աշխատելով ապահովել իրենց օրապահիկը, որուն հետեւանքով ալ կը դժուարանան միութենական կեանքին աշխոյժ մասնակցութիւն ունենալ։ Այս բոլորը նկատի առնելով մեր կարելին կ’ընենք ներգրաւելու նոր անդամներ ու գործունէութեան դիւրութիւններ ստեղծելու։
«Գ.»- ՍՕ Խաչի Շրջանային Վարչութիւնը քանի՞ յանձնախումբերով կը գործէ:
Զ.Գ.- ՍՕ Խաչի Շրջ.Վարչութիւնը ունի12 գործուն յանձնախումբեր.
1.- Պատսպարանի յանձնախումբ
Պատսպարանը ունի 28 սաներ, որոնք կը վայելեն յանձնախումբին ու տնօրէնութեան հոգատարութիւնը։
Տօնական օրերուն Պատսպարանի անձնակազմը կը կազմակերպէ հաւաքոյթներ, որպէսզի երեխաները ընտանեկան ջերմութիւն ապրին: Անոնք յաճախ կը մասնակցին մշակութային եւ ընկերային ձեռնարկներու, որոնք կը կազմակերպուին համայնքի հաստատութիւններուն կամ միութիւններուն կողմէ: Այս առիթով շնորհակալութեան խօսք ունինք Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական Առաքելութեան խումբին, որ յաճախ սննդեղէն կը տրամադրէ Պատսպարանին: Շնորհակալութիւն բոլոր նուիրատուներուն:
2.- «Շիրակ» յանձնախումբ
«Շիրակ» յանձնախումբը, որ ձեւաւորուած է նախորդ շրջանին, պաշար, երբեմն ալ տօնական կարկանդակներ եւ այլ հիւրասիրութիւններ կը պատրաստէ ու կը վաճառէ հանրութեան: Յանձնախումբը մերթ ընդ մերթ կը մասնակցի ցուցահանդէսներու՝ ներկայացնելով բծախնդրօրէն պատրաստուած պահածոներ: Բացի այս բոլորէն, յանձնախումբը տարբեր կողմերէ պաշարի պատրաստութեան պատուէրներ կը ստանայ:
3.- Շուկայավարման յանձնախումբ
Շուկայավարման յանձնախումբի հիմնական պարտականութիւնն է ՍՕ Խաչի արտադրութիւններու ծանուցումը եւ հանրայնացումը: Անոր նպատակն է խթանել վաճառքի ծաւալը եւ բազմացնել գնումներու քանակը՝ կազմակերպելով գովազդային արդիւնաւէտ արշաւներ, ստեղծելով հանրային կապեր եւ այլ միջոցներ, որոնք կ’օգնեն տարածելու ՍՕԽ-ի արտադրութիւնները:
4.- Ձեռարուեստի յանձնախումբ
ՍՕ Խաչի Ձեռարուեստի յանձնախումբը հայկական ասեղնագործութիւնը կենդանի պահելու, օտարներուն ներկայացնելու եւ նոր սերունդին սորվեցնելու նպատակով յառաջացած է: Ընկերուհիները ջանք չեն խնայեր այս նպատակը իրագործելու համար: Անոնք կը կազմակերպեն դասընթացքներ եւ կը մասնակցին ցուցահանդէսներու՝ արժանանալով այցելուներու բարձր գնահատանքին։ Յանձնախումբին արտադրութիւնները կը վաճառուին ՍՕ Խաչի «Նարօտ» եւ «Նախշատուն» վաճառատուներուն մէջ:
Այս յանձնախումբը իր կողքին ունի հնագիտական ենթայանձնախումբ մը, որուն պարտականութիւնն է գտնել հին ու արժէքաւոր հայկական ձեռագործ աշխատանքներ եւ գնահատել անոնց արժէքը:
5.- Դաստիարակչական յանձնախումբ
Յանձնախումբը հետեւողականօրէն կը կազմակերպէ ժամանակակից նիւթերով դասախօսական ձեռնարկներ՝ խաչուհիներուն միտքն ու աշխարհահայեացքը զարգացնելու միտումով:
(Շար.1)
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան