ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը նորանշանակ մարզիչ սպանացի Խոսէ Լանայի գլխաւորութեամբ կատարեց իր առաջին հանդիպումը եւ կրցաւ պարտութեան մատնել Մորիսիոշի հաւաքականը 2 – 0 արդիւնքով: Սուրիոյ կոլերը նշանակեցին Մուսթաֆա Ապտուլ Լաթիֆն ու Մահմուտ Մաուասը: Աւելցնենք, որ Սուրիոյ հաւաքականը իր մասնակցութիւնը կը բերէ Հնդկաստանի մէջ տեղի ունեցող բարեկամական մրցաշարքին:
-Սուրիոյ պասքեթի դաշնութեան նախագահ Թարիֆ Քոթրաշ յայտարարեց, որ Սուփըրի յատուկ մրցում մը տեղի պիտի ունենայ Սուրիոյ Հանրապետական բաժակի ախոյեան Ահլիի եւ Սուրիոյ բաժակակիր Ուահտէի միջեւ: Անոր համաձայն, մրցումը տեղի պիտի ունենայ Լաթաքիոյ մէջ:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
ՀԱՅԱՍՏԱՆ 4 – 1 ԱՐԴԻՒՆՔՈՎ ՅԱՂԹԵՑ ԼԱԹՎԻՈՅ
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականը Ազգերու Լիկայի (C4 ենթախումբ) նոր մրցափուլի առաջին խաղին հիւրընկալեց Լաթվիոյ կազմը:
Վազգէն Սարգսեանի անուան Հանրապետական մարզադաշտին մէջ տեղի ունեցած խաղին Հայաստանի ազգային հաւաքականը տիրապետեց խաղարկութեան եւ շուտով կրցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը: Վահան Բիչախչեան Նայիր Տիկնիզեանի փոխանցումը ստանձնելով ուժեղ հարուածով մը 6-րդ վայրկեանին նշանակեց Հայաստանի առաջին կոլը, որմէ քանի մը վայրկեան ետք մրցակիցը արձանագրեց հաւասարութեան կոլը: Նախքան խաղակիսուն անցնիլը, Լաթվիոյ պաշտպանը կոպիտ սխալով մը դարձաւ ինքնակոլի հեղինակ: Երկրորդ կիսուն, Հայաստանի ֆութպոլի կազմը նշանակեց նաեւ երրորդ կոլը Լուքաս Զելարայեանի հարուածով, իսկ Եդուարդ Սպերցեան յաջողեցաւ դառնալ Հայաստանի 4-րդ կոլին հեղինակը:
ՓԱՐԻԶ ՍԱՆ ԺԵՐՄԱՆ Կ’ՈՒԶԷ ԵՐԿԱՐԱՁԳԵԼ ԷՆՐԻՔԷԻ ՊԱՅՄԱՆԱԳՐՈՒԹԻՒՆԸ
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սան Ժերմանի ղեկավարութիւնը նոր պայմանագրութիւն կ’առաջարկէ խումբի գլխաւոր մարզիչ Լուիս Էնրիքէին: 54-ամեայ սպանացի մասնագէտի գործող պայմանագրութիւնը նախատեսուած է մինչեւ այս մրցաշրջանի աւարտը: Լուիս Էնրիքէ իր պայմանը ներկայացնելով պահանջած է փարիզեան խումբէն Ռէալ Մատրիտ տեղափոխուած Քիլիան Մպափէն փոխարինող խաղացող մը: Լուիս Էնրիքէ 2023-ի ամռան ստանձնեց մայրաքաղաքի խումբի մարզիչութեան պաշտօնը եւ անոր հետ տիրացաւ Ֆրանսայի ախոյեանութեան:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան