6-10 Սեպտեմբերին Մարոքի մայրաքաղաք Ռապպաթի մէջ գումարուած են Ընկերվար (սոցիալիստ) Երիտասարդներու Միջազգային Միութեան (այսուհետեւ՝ ԸԵՄՄ/IUSY) ղեկավարութեան ժողովը եւ Երիտասարդ Ընկերային Ժողովրդավար խորհրդարանականներու հաւաքը, որոնց մասնակցած է ԸԵՄՄ-ի փոխնախագահ, ՀՅԴ անդամ Սարինէ Աբրահամեան։
ԸԵՄՄ-ի ղեկավարութեան ժողովի առանցքային օրակարգը 2025-ի գործունէութեան ծրագիրի քննարկումն էր: Սարինէ Աբրահամեան իր զեկոյցին մէջ ներկայացուցած է Հայաստանի այսօրուան արտաքին մարտահրաւէրները, մասնաւորապէս՝ Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, Ատրպէյճանի կողմէ Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան ոտնահարումը եւ ուժի սպառնալիքի տակ զիջումներու անօրինական պահանջը: Անդրադարձ եղած է նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական իրավիճակին, մասնաւորապէս՝ ընդդիմադիր ուժերու եւ անհատներու նկատմամբ իշխանութեան քաղաքական հետապնդումներուն եւ ոստիկանութեան կողմէն բիրտ ուժի կիրառման։
Ծաւալուն քննարկման արժանացած է Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի նախաձեռնութիւնը ու անոր հետ կապուած ընելիքները: Աբրահամեան յիշեցուցած է Ատրպէյճանի՝ Արցախի մէջ իրականացուցած ցեղային զտման, Արցախի մշակութային ժառանգութեան բնաջնջման, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ ռազմագերիներու մասին: Ան տեղեկացուցած է նաեւ Ատրպէյճանի մէջ մարդու իրաւունքներու ոտնահարման, շրջակայ միջավայրի ապականման, բռնապետութեան եւ ժողովրդավարութեան անտեսման մասին:
Հաւաքի ընթացքին Սարինէ Աբրահամեան հանդիպումներ ունեցած է Մարոքէն, Գոլոմպիայէն եւ Քապօ Վերտէէն ժամանած պատգամաւորներուն հետ՝ անոնց հետ քննարկելով Պաքուի մէջ կայանալիք COP29-ի հետ կապուած հարցերը։
Ներկայացնելով վերոնշեալ հիմնահարցերը՝ Սարինէ Աբրահամեան շեշտադրած է Արցախի ղեկավարութեան, բոլոր ռազմագերիներու ազատ արձակման անհրաժեշտութիւնը: Ան կոչ ուղղած է պատգամաւորներուն՝ իրենց կառավարութիւններէն պահանջելու՝ դատապարտել Ատրպէյճանի ռազմատենչ քաղաքականութիւնը, պահանջել Ատրպէյճանէն անյապաղ ազատ արձակել հայ գերիները։ Պատգամաւորները տեղեկացուցած են՝ տակաւին պաշտօնապէս յայտարարուած չէ իրենց երկիրներու մասնակցութեան ձեւաչափը, սակայն խոստացած են հետեւիլ իրադարձութիւններուն եւ հարցեր ուղղել իրենց կառավարութիւններուն՝ Պաքուի մէջ տեղի ունենալիք COP29-ի մասին: