10 Սեպտեմբերին, ԱՄՆ Հելսինքիի յանձնաժողովին տեղի ունեցած «Աջակցութիւն Հայաստանի Ժողովրդավարութեան եւ Արեւմտեան Ապագային» վերնագիրով լսումներուն ընթացքին, ԱՄՆ Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի նախագահ Պեն Քարտին դատապարտած է Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի ցեղային զտումները եւ Հայաստանի դէմ շարունակական յարձակումը։ Լսումներուն պիտի մասնակցէին հրաւիրուած երեք փորձագէտ-ականատեսներ՝ ԵԱՀԿ-ի ԱՄՆ նախկին դեսպան Տան Պիըր, Միջազգային ճգնաժամային խումբի Հարաւային Կովկասի հարցերու նախկին վերլուծաբան Օլեսիա Վարդանեան, Երեւանի մէջ գործող «Ժողովրդավարութեան եւ անվտանգութեան տարածաշրջանային կեդրոնի նախագահ Տիգրան Գրիգորեան։
Անդրադառնալով վերջերս Հելսինքիի յանձնաժողովի պատուիրակութեան Հայաստան կատարած այցելութեան՝ յանձնաժողվի նախագահ Քարտին յայտնած է, որ բացի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ցեղային զտումներ իրականացնելը, Ատրպէյճան կը ձգտի նաեւ «ուժով ոչնչացնել Հայաստանի ինքնիշխանութենէն մէկ հատուած՝ շարունակական ոտնձգութեան տակ պահելով Հայաստանի ինքնիշխան տարածքները։ Քարտին խաղաղութեան գործընթացի ներկայ պայմանները անհաւասար համարած է՝ նկատելով, որ անոր հետեւանքով չեն լուծուած սահմանային հարցերը»։
Ըստ հրաւիրուած փորձագէտներուն, Ատրպէյճանի յարձակումը Լեռնային Ղարաբաղին վրայ եւ ներխուժումը Հայաստանի ինքնիշխան տարածք, անմիջական վտանգ կը ներկայացնեն Հայաստանի անվտանգութեան։ Անոնք անդրադարձած են Ատրպէյճանի զինուորական ներկայութեան ամրապնդման հայկական տարածքներուն վրայ եւ Հայաստանի խոցելիութեան Ատրպէյճանի կողմէն զինուորական հետագայ սահմանազատման պայմաններով։ Անոնք նաեւ նկատած են՝ Ատրպէյճանը կը փորձէ ձգձգել եւ տապալել բանակցութիւնները՝ Հայաստանին պարտադրելով նոր պահանջներ, օրինակ՝ Սահմանադրութեան փոփոխութիւն։
Անդրադառնալով Քափիթոլիումի բարձունքին մէջ կատարուած քննարկումին՝ Հայ Դատի Ուաշինկթընի գրասենեակի գործադիր տնօրէն Արամ Համբարեան նկատած է․ «Քոնկրէսը կրնայ գործել այնտեղ, ուր վարչակազմը այնքան ակնյայտ ձախողած է՝ ընդունելով օրէնսդրութիւն՝ իրականացուած յարձակումին համար Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան ենթարկելու, ատրպէյճանցի զինուորական յանցագործներուն դէմ պատժամիջոցներ կիրառելու, Հայաստանի տրամադրուող մարդասիրական աջակցութիւնը կտրականապէս մեծցնելու, առհասարակ արդար, երկարատեւ եւ արժանապատիւ խաղաղութեան ի նպաստ հանդէս գալու, ինչպէս նաեւ ապահովելու ապօրինի ձերբակալուած հայ ռազմագերիներու ազատ արձակումն ու Արցախի հայութեան վերադարձի իրաւունքի ձեռքբերումը։ Խաղաղութիւնը կարելի չէ հաշուետուութեան բացակայութեան պարագային, քանի տակաւին Ատրպէյճան իր գործողութիւններուն համար անպատժելիութիւն կը վայելէ, անիկա պիտի շարունակէ հաւատալ, որ աւելին կարելի է ձեռք բերել պատերազմով, քան բանակցութիւններու միջոցով»:
ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական գրասենեակ
12/09/2024թ․