Համազգային Հայ Կրթական եւ Մշակութային Միութեան մանկական արդիական ծրագիրներու բաժանմունքը հրապարակած է դաստիարակչական գրքոյկներ եւ աշխատանքային տետրակներ մանուկներու համար։

Այս գիրքերը կ՚օգնեն, որ երեխան զարգացնէ իր զանազան հմտութիւնները եւ գիտելիքները։

Իմ Հայաստան գրքոյկը երեխան կը ծանօթացնէ Հայաստանի ազգային արժէքներուն, կոթողներուն, հայկական մշակոյթին (ազգային նուագարաններ, տարազ եւ այլն) եւ կը փոխանցէ օգտաշատ գիտելիքներ։

Աշխատանքային տետրակ թիւ 1-ը` նախատեսուած է 3-4 տարեկան երեխաներուն համար։ Աշխատանքներուն ընթացքին երեխան պիտի ամրապնդէ տարբեր յղացքներ։ Ան պիտի գծէ զանազան գիծեր, պիտի ճանչնայ գոյները, ձեւերը եւ 1-էն 3 թուանշանները։

Աշխատանքային տետրակ թիւ 2` նախատեսուած է 5-էն 6 տարեկաններու համար։ Երեխան պիտի ծանօթանայ շրջապատին, պիտի գծէ տարբեր գիծեր, պիտի ճանչնայ որոշ գիրեր, ինչպէս նաեւ` 1-էն 10 թուանշանները։

Ներկենք եւ Խաղանք գոյներով
Գունաւոր էջերը, այլազան խաղերը պիտի զարգացնեն երեխային դիտելու կարողութիւնն ու գեղագիտական ճաշակը։

«Իմ Գունաւոր Աշխարհը» եւ «Իմ Թուղթէ Անակնկալը»
Պատմութիւնները պիտի զարգացնեն երեխային երեւակայութիւնը, գեղագիտական ճաշակը եւ պիտի հարստացնեն բառապաշարը։

Այս բոլոր հրատարակութիւնները կարելի է գտնել`
– Քանատա –դիմել Համազգայինի գրատարածին։
– Լոս Անճելըսի Buy Armenian խանութի մէջ։
-Պէյրութի Համազգայինի գրախանութի մէջ, Շաղզոյեան կեդրոն։
-Երեւան, Համազգայինի գրասենեակ, Մաշտոց 37։
-Կամ առցանց ապսպրել www.lalanouaran.com/shop կայքի միջոցով։