Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2024-ին Լիբանան ականատես դարձաւ սիոնական ոճիրներու նոր փուլի մը, որուն ընթացքին կատարուեցաւ հաղորդակցութեան մեծաթիւ սարքերու պայթեցումը: Ոճրային այս արարքը պատճառեց բազմաթիւ զոհեր, որոնց շարքին՝ երեխաներ, հազարաւոր վիրաւորներու կողքին:
Այս արարքը, որ հազարաւորներ թիրախաւորեց հեռու եւ ապահով քաղաքային միջավայրերու մէջ, կը ներկայանայ իբրեւ ամբողջական բնորոշումով պատերազմական ոճիր եւ մարդկութեան դէմ ոճիր, ինչ որ լիբանանեան պետութիւնը կը պարտաւորեցնէ աշխատանք տանիլ բոլոր պատկան կառոյցներուն մօտ՝ դէմ դնելու համար անսանձ թշնամիին:
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէն, դատապարտելով այս ահաւոր ոճիրը, կը ցաւակցի զոհերու ընտանեկան պարագաներուն՝ Աստուծմէ ողորմութիւն հայցելով անոնց հոգիներուն համար, ինչպէս նաեւ շուտափոյթ ապաքինում կը մաղթէ վիրաւորներուն:
ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ