13 ՍԵպտեմբերը Լիբանանի Դիմադրութեան պատմութեան մէջ պիտի մնայ աննախադէպ յարձակումի մը օրը։ Այս յարձակումով Իսրայէլ կը սկսէր արհեստագիտական պատերազմի նոր փուլ մը, որուն հաւանական է որ յաջորդէ օդային կամ ցամաքային ծաւալուն յարձակում մը։
Պատերազմի աշխարհագրական տարածքին ընդլայնումը սակայն փափաքելի չէ ո՛չ լիբանանեան, ո՛չ ալ արեւմտեան կողմերուն համար, իսկ Միացեալ Նահանգներ, որ Իսրայէլի մշտապէս զօրավիգ կանգնող կողմն է, նախագահական ընտրութիւններու սեմին է, հետեւաբար ալ պիտի չկամենայ ծաւալուն պատերազմի հեւքին ու պատասխանատուութեան բեռը վերցնել գէթ այս ժամանակահատուածին մէջ։
Այսուհանդերձ, Իսրայէլի այս անմարդկային արարքն ու արհեստագիտականօրէն անգամ լիբանանեան տարածք ներխուժումը լռելեան պիտի չանցնին դիմադրութեան ուժերուն եւ յատկապէս Հըզպալլային կողմէ։
Լարուած զարգացումներու բեմագրութիւն մը ակնկալելի է յառաջիկայ օրերուն, յատկապէս եթէ նկատի ունենանք, որ այս յարձակումը Կազզայի սպանդին եւ Իրանի մէջ Դիմադրութեան ղեկավարներէն մէկուն սպանութենէն ետք, համբերութեան ու հաւասարակշռուած պատասխանի Դիմադրութեան բաժակը յորդեցուց։
Իսրայէլի այս մարտավարութիւնը ցոյց կու տայ, թէ ան կը նախապատրաստէ պատերազմի աշխարհագրական
տարածքի ընդլայնման ենթահողը, հաւանաբար օգտագործելով ԱՄՆ-ի նախագահական ընտրութիւններով զբաղ ըլլալն ու Իրանի դէմ առկայ ճնշումները։
Այդուհանդերձ, վերլուծաբաններու կարծիքով, Իսրայէլի այս թակարդին մէջ իյնալէ պիտի խուսափին լիբանանեան կողմերը, փոխարէնը, սակայն, Դիմադրութիւնը անսպասելի հարուածներ պիտի փորձէ ուղղել իսրայէլի պաշտպանողական ողջ համակարգին։
Յառաջիկայ օրերուն տարբեր բեմագրութիւններ կը նախատեսուին, սակայն պատերազմի աշխարհագրական տարածքի ընդլայնման Իսրայէլի նպատակը իրականացման ենթահող գտնելու հաւանականութիւն չունի, ընդհակառակը՝ գաղտնի սպասարկութեանց կամ արհեստագիտական պատերազմի օղակը կրնայ ընդլայնիլ այս անգամ ի վնաս Իսրայէլի։
Այս հարուածը կրնայ իր անդրադարձը ունենալ յատկապէս Լիբանանի քաղաքական կեանքին վրայ ու փութացնել նախագահի ընտրութեան ու պետական հաստատութիւններու գործարկման ծրագիրները, եթէ Լիբանանեան ուժերը միասնականութիւն դրսեւորեն ու իրենց երկրի ողնաշարը շտկելու համար քաղաքական եւ դիւանագիտական լարուած աշխատանքի լծուին։