«Գանձասար» պարբերական հարցազրոյցներով ընթերցողները պիտի ծանօթացնէ ՀՅԴ-ի ուղեկից միութիւններու գործունէութեան եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն։
Ստորեւ կը ներկայացնենք ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութեան ատենապետին հետ տեղի ունեցած հարցազրոյցին երկրորդ եւ վերջին բաժինը.
Զեփիւռ Գէորգեան- Շրջանային վարչութեան յանձնախումբերուն մաս կը կազմեն նաեւ հետեւեալները.
6.- Մանկամսուրի յանձնախումբ
ՍՕ Խաչի Մանկամսուրը նախադպրոցական այն միջավայրն է, ուր երեխան դուրս գալով տան մթնոլորտէն կարելիութիւն կ’ունենայ շաղուելու իր հասակակիցներուն հետ: Ընդհանրապէս աշխատող ծնողներ իրենց մանուկները կը վստահին Մանկամսուրին: Յանձնախումբի ընկերուհիները կը մշակեն փոքրերուն յատուկ ծրագիրներ եւ կը կազմակերպեն հանդիսութիւններ, որպէսզի փոքրիկներուն ժամանցը դարձնեն աւելի հետաքրքրական եւ օգտակար։
7.- Աշխատանոցի յանձնախումբ
Աշխատանոցին մէջ կը պատրաստուին հայկական եւ այլ ոճով պատկերազարդ ծածկոցներ ու գոգնոցներ։ Այդ արտադրութիւնները կը վաճառուին ՍՕ Խաչի «Նարօտ» եւ «Նախշատուն» վաճառատուներուն մէջ: Կը մտածենք նաեւ ապահովել արդիական մեքենաներ, որպէսզի ընդլայնենք աշխատանոցի գործունէութիւնն ու արտադրանքի ծաւալը:
Աշխատանոցի յանձնախումբը կը մասնակցի նաեւ ցուցահանդէսներու, որոնց ընթացքին իր արտադրութիւնները մեծ ընդունելութիւն կը գտնեն։
8.- Հրատարակչական յանձնախումբ
Ուրախութեամբ եւ հպարտութեամբ կ’արձանագրեմ, որ Հրատարակչական յանձնախումբը այս տարի պիտի հրատարակէ ՍՕԽ-ի գործունէութեան «Տեղեկատու»-ի Գ. հատորը, խմբագրութեամբ ընկհ. Հռիփ Կանանեանի: Այս թիւին ընդմէջէն կ’արտացոլան Շրջ. Վարչութեան մասնաճիւղերու եւ Շրջ. յանձնախումբերու 2010-2024 ժամանակահատուածի գործունէութիւնը, յարաբերական աշխատանքը եւ Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) ներդրումները: Այլ խօսքով՝ այս հրատարակութիւնը վաւերագրական արժէք պիտի ունենայ։ Յանձնախումբը կը կազմակերպէ նաեւ սեմինարներ։
9.- Արխիւային յանձնախումբ
Արխիւային յանձնախումբը կը շարունակէ իր կարեւոր առաքելութիւնը՝ ՍՕ Խաչի պատմական արխիւներու պահպանումը եւ դասաւորումը։
Մեր նպատակն է պահպանել մեր միութեան պատմութիւնը եւ հասանելի դարձնել զայն ներկայ եւ ապագայ սերունդներուն, ինչպէս նաեւ ուսումնասէրներուն:
10.- Առողջապահական յանձնախումբ
ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը մշտապէս լուսարձակի տակ պահած է Նոր Գիւղի մէջ գտնուող Ընկերաբժշկական կեդրոնի Դարմանատան աշխատանքը եւ շարունակ ջանքեր կը գործադրէ ընդլայնելու եւ զարգացնելու զայն՝ բնակչութեան աւելի որակաւոր ծառայութիւններ մատուցելու համար: Ուրախութեամբ եւ երախտագիտութեամբ կ’ուզեմ յայտնել, որ վերջերս, ՀՕՄ-ի Քանատայի Շրջանային Վարչութեան ներդրումով կարելի դարձաւ ընդլայնել Դարմանատունը եւ նոր բաժինի նորոգութիւնը գրեթէ աւարտին հասած է: Այս տարի Բերիոյ Հայոց Թեմի Նպաստից յանձնախումբի միջնորդութեամբ եւ SALT կազմակերպութեան ներդրումով, մենք օժտուեցանք Panorama սարքով, որուն ծառայութիւնները կը մատուցուին խորհրդանշական գումարներով: Տնտեսական իրավիճակը մեզ կը ստիպէ նաեւ մտածել Դարմանատունէն ներս դեղարան մը հիմնելու մասին՝ դեղորայքը այցելուներուն անվճար տրամադրելու համար:
Շնորհակալութեամբ կ’ուզեմ յիշել, որ մենք դեղորայք կը ստանանք քանի մը աղբիւրներէ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Մարդասիրական խումբէն, Տիգրանակերտի Հայրենակցական Միութենէն եւ անհատ բարերարներէ, սակայն ցաւօք, այս բոլորը բաւարար չեն մեր կարիքները լիարժէքօրէն հոգալու համար: Դեղորայքը շատ սուղ է, մեծ գումարներ կը տրամադրենք զայն ապահովելու համար: Բարեբախտաբար ունինք նաեւ անհատ բարերարներ, որոնք կ’օժանդակեն հիւանդներու բուժման պարագաներու:
Աւելցնեմ նաեւ, որ Հայ Ծերանոցի մամիկներուն եւ պապիկներուն բժշկական քնութիւններն ու բուժումները կը կատարուին ՍՕ Խաչի Դարմանատունէն ներս՝ անվճառ:
Առողջապահական կեդրոնէն կ’օգտուին ոչ միայն հայերը, այլեւ շրջանի տեղացի բոլոր բնակիչները: Դարմանատունէն ներս բժշկական քննութեանց սակը խորհրդանշական է:
Այս առիթով շնորհակալութեան յատուկ խօսք ունինք Դարմանատունէն ներս ծառայող մասնագէտ հանրածանօթ բժիշկներուն, որոնք շատ սիրալիր կ’ընդունին առողջապահական հարցեր ունեցողները։
11.- Խնամատարական եւ «Փեթակ» յանձնախումբեր
Սուրիոյ վերջին պատերազմէն ի վեր Խնամատարական յանձնախումբը ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան աջակցութեամբ կ’իրականացնէ «Պնակ Մը Տաք Ճաշ» ծրագիրը: Այս ծրագրին միջոցով 400 նպաստընկալներ շաբաթական մէկ անգամ տաք ճաշ կը ստանան: Ծրագիրին նպատակն է օժանդակել կարիքաւոր ընտանիքներուն, յատկապէս տարեցներուն՝ անոնց տրամադրելով օգտակար եւ սննդարար կերակուրներ:
Այս ճաշերը կը պատրաստուին «Փեթակ» խոհանոցին մէջ:
«Փեթակ» յանձնախումբը աշխուժօրէն կը մասնակցի նաեւ տարբեր հաստատութիւններու կողմէ կազմակերպուող ցուցահանդէսներուն, ուր կը ներկայացնէ հայկական եւ արաբական կերակրատեսակներու լայն ընտրանի, որուն համար մշտապէս կ’արժանանայ գովասանքի եւ բարձր գնահատանքի ցուցահանդէսի այցելուներուն կողմէ:
«Փեթակ» խոհանոցը կ’ընդառաջէ նաեւ անձնական պատուէրներու, միութիւններու տարբեր գործունէութիւններու ճաշի մատակարարման եւ այլն:
«Գ.»- Անուրանալի է պատերազմի եւ երկրաշարժի տարիներուն ՍՕ Խաչի ճամբով ՀՕՄ-ի ներդրումը սուրիահայութեան։ «Պնակ Մը Տաք Ճաշ»-ին կողքին ինչպիսի՞ ծրագիրներ իրականացուցած էք ՀՕՄ-ի օժանդակութեամբ, ինչպիսի՞ առաջնահերթութիւններ գոյացած են։
«Զ.Գ.»- Պատերազմէն ի վեր ունինք տարեկան մնայուն ծրագիրներ, ինչպէս՝ «Տաքուկ Զգեստ» ծրագիրը՝ ՀՕՄ-ի Քանատայի միաւորին ներդրումով եւ «Տաքուկ Բնակարան» ծրագիրը ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի միաւորին ներդրումով: Տեղին է յիշել, որ ինչպէս նախորդ շրջանին, ՀՕՄ-ի Արեւելեան Ամերիկայի Շրջ. Վարչութիւնը ՍՕ Խաչի Ընկերաբժշկական կեդրոնը օժտեց լուսաւորման արեգակնային համակարգով, որուն բարիքը կը վայելենք շնորհակալութեամբ։ Այս շրջանին՝ միաւորը մեզի նուիրեց նաեւ 10 համակարգիչներ (laptops), որոնք բաշխեցինք այն ուսանողներուն, որոնք համակարգիչի կարիքը ունէին իրենց ուսումնական ծրագիրները պատրաստելու համար:
Մօտ ապագային միաւորը իր ներդրումը պիտի կատարէ նաեւ մեր կազմակերպած «Լոյս Մը» ծրագիրին, որուն ճամբով 100 աշակերտներ՝ պրովէ եւ պաքալորիա, պիտի ստանան Լիթիոմ մարտկոցներ, որոնք ելեկտրականութիւն կը հայթայթեն բնակարաններուն, հետեւաբար անոնք պիտի կարենան իրենց դասերը սորվիլ՝ առանց կաշկանդուելու Հալէպի ելեկտրականութեան տագնապի հետեւանքներէն: Յոյս ունինք, որ այս փոքր, բայց կարեւոր քայլը կ’օգնէ աշակերտներուն յաղթահարել այսօրուան դժուարութիւնները:
Կը մտածենք նաեւ այլ ծրագիրներու մասին, որոնք կ’օգնեն եւ կը լուծեն ժողովուրդիս բազմապիսի դժուարութիւնները: Մենք մշտապէս պատրաստ ենք նիւթապէս եւ բարոյապէս օգնելու մեր ժողովուրդին: Մեր նպատակը միշտ եղած է եւ կը մնայ աջակցիլ անոնց, որոնք կարիք ունին, թոյլ չտալ, որ ոչ ոք մինակ մնայ դժուար իրավիճակներու մէջ:
Անկախ այս ծրագիրներէն, կ’ուզեմ յիշել, որ ՍՕ Խաչի Շրջ. Վարչութիւնը ունի տարեկան մնայուն ծրագիրներ, ինչպէս՝ աւանդական դարձած յանձնախումբերու եւ վարչութիւններու Ամանորեան Ցուցահանդէսը, ՍՕ Խաչի նշանաւոր Մայրերու օրուան տօնակատարութիւնը, ինչպէս նաեւ դիւանային եւ քարոզչական աշխատանքներու, ժողովավարական օրէնքներու յատուկ խորհրդաժողովը, որուն միջոցով նպատակ ունինք մեր անդամուհիները օժտել նոր գիտելիքներով եւ հարստացնել անոնց ծառայողական ոգին՝ խրախուսելով զիրենք կազմակերպ աշխատանքով ու եռանդով շարունակելու իրենց նուիրական առաքելութիւնը: Տեղին է յիշել, որ միութիւնս գիտակցելով Արցախի ժողովուրդին օժանդակելու պարտաւորութեան, իր կարելիութեան սահմաններուն մէջ ներդրում բերաւ նաեւ արցախահայութեան օժանդակութեան ծրագիրին։
Այս առիթով, շնորհակալութեան խօսք ունինք ՀՕՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան աշխարհասփիւռ հայութեան եւ մանաւանդ այս օրերուն արցախահայութեան ցուցաբերած հոգատարութեան համար:
Շնորհակալութիւն բոլոր բարերարներուն, հաստատութիւններուն եւ կազմակերպութիւններուն, որոնք սիրով կ’աջակցին մեզի ու կը նպաստեն մեր ժողովուրդի բարօրութեան:
Անոնց անգնահատելի ներդրումն ու նուիրուածութիւնը մեծապէս կը նպաստեն մեր ծրագիրներուն յաջողութեան եւ նոր սերունդին համար աւելի պայծառ ապագայ կերտելու ճիգերուն:
Անհրաժեշտ է նաեւ առանձնայատուկ շնորհակալութիւն յայտնել մեր խաչուհիներուն, որովհետեւ իրենց սուղ ժամանակը անշահախնդրօրէն, կամաւոր ծառայութեամբ կը տրամադրեն միութեան տարբեր աշխատանքներուն: Անոնց անձնուէր աշխատանքն ու նուիրուածութիւնը կ’ոգեշնչեն բոլորը:
«Գ.»- Այսքան ծաւալուն աշխատանք տանելով վստահաբար բազում դժուարութիւններու կը բախիք, ինչպէ՞ս կը ջանաք յաղթահարել զանոնք։
«Զ.Գ.»- Վերջին տարիներու հիմնական դժուարութիւնը եղաւ այն, որ Սուրիոյ վերջին պատերազմին եւ երկրաշարժին հետեւանքով անդամուհիներուն թիւը հետզհետէ նուազիլ սկսաւ քանի մը պատճառներով:
Առաջինը՝ պատերազմի ազդեցութիւնն էր. մարդիկ ստիպուեցան երկիրը լքել, երկրորդը՝ երկրաշարժն էր, որ մեծ վնասներ հասցուց եւ շատեր ստիպուեցան տեղափոխուիլ այլ վայրեր։ Տնտեսական պայմանները, պատերազմն ու երկրաշարժը դժուարացուցին կեանքը, յատկապէս ապրուստի ու աշխատանքի ապահովումը։ Այս բոլորին հետեւանքով ալ մարդիկ աւելի քիչ կարելիութիւն կ’ունենան մասնակցելու տարբեր միութիւններու ծառայութեան աշխատանքին:
Երկրէն ներս տիրող տնտեսական տագնապը, երթեւեկի դժուարութիւնները եւ կեդրոնի հեռաւորութիւնը երբեմն խոչընդոտ կը հանդիսանան անդամուհիներուն եւ վարչականներուն հեզասահ աշխատանքին: Այս պայմանները կրնան յառաջացնել լրացուցիչ դժուարութիւններ կազմակերպչական գործունէութեան մէջ, հետեւաբար ալ ազդել աշխատանքի յաջողութեան վրայ:
Իմ կարծիքով միութեան զուտ կնոջական ըլլալն ալ անդամակցութեան որոշ սահմանափակումներ կը ստեղծէ։ Երիտասարդները յաճախ աւելի կը հետաքրքրեն երկսեռ միութիւնները: Այս պատճառով յաճախ համալսարանականներ կը հրաւիրենք ու անոնց կը բացատրենք մեր միութեան աշխատանքին կարեւորութիւնը, յատկապէս ուսեալ տարրին ներդրումը միութենական աշխատանքներու մէջ, որովհետեւ շատ մը մարզեր մասնագիտական մօտեցում կը թելադրեն։
Յոյսով ենք, որ ժամանակի ընթացքին այս դժուարութիւնները կը փարատին։ Ինչ ալ ըլլան պայմանները, սակայն, ՍՕ Խաչը իր բոլոր մասնաճիւղերով, յանձնախումբերով եւ անդամուհիներով, տարբեր պայմաններու ներքոյ, կը շարունակէ մնալ պատնէշի վրայ, միշտ պատրաստ ժողովուրդին ծառայելու եւ մեր ընկերութեան մէջ հայ կնոջ ներդրումը արդիւնաւորելու։
(Շար. 2 եւ վերջ)
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան