Մեր սերունդը 2-րդ տարին կը դիմաւորէ առանց դպրոցական սպասելի վերամուտին։ Շրջանաւարտ ենք արդէն. համալսարանական։ Այստեղ չկայ դպրոցական մեր վերամուտի հրճուանքը, մթնոլորտը։ Այստեղ կը համարկուինք նոր մթնոլորտի մը մէջ, որ տարբեր է ու աւելի ընդգրկուն։
Ճեմարանէն ներս ուսման մեր տարիներուն անհամբեր կը սպասէինք նոր տարեշրջանի վերամուտին։  Խանդավառութեամբ, նախկին տարիներու յուշերով կը հանդիպէինք մեր ընկերներուն, մեր սրտին այնքան մօտիկ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի յարկին տակ…
6 տարի այս կառոյցին մէջ ապրեցանք քաղցրայուշ օրեր, վայելեցինք դասապահեր եւ ուսուցիչներ ու այս բոլորը քանդակուեցան մեր մտքին ու հոգիին մէջ։
ԱՔԵՃ-ի յարկին տակ մեզ ջամբեցին հայեցի կրթութիւն, ազգային եւ հայրենասիրական դաստիարակութիւն, մեզ իրազեկ դարձուցին  հայ մշակոյթին, հայկական աւանդութիւններուն, ազգային եւ կրօնական տօներուն։ Միասնաբար կազմակերպեցինք զանազան ձեռնարկներ, արտասանեցինք խօսքեր ու այդ ձեռնարկներուն ընդմէջէն մեր սորվածները անփոխարինելի արժէքներ դարձան։
Թէեւ ընկերներով Ճեմարանի կառոյցէն հեռացանք, սակայն ճեմարանականի մեր ընկերային կապերը չխզեցինք՝ շնորհիւ մեր միութիւններուն, որոնց մէջ շարունակեցինք հանդիպիլ, գործակցիլ, ձեռնարկներ կազմակերպել ու ընկերային ջերմ մթնոլորտ վայելել։
Այո՛, Սուրիոյ Երիտասարդական Միութիւնը, ՀՄԸՄ-ը, Համազգայինը, Ճեմարանի Շրջանաւարտից Միութիւնը դարձան ճեմարանականներս տարտղնումէ զերծ պահող մէկական տուներ։
Ուսման ճամբուս Հալէպի պետական համալսարանի զանազան ճիւղերու հետեւող դասընկերներ ունեցայ, ոչ միայն հայ, այլեւ տեղացի։
Համալսարանական կեանքը նորութիւն էր ինծի համար, նոր միջավայր ստեղծած էր։ Օրերու եւ տարիներու ընթացքին ընտելացայ այս միջավայրին եւ կեանքի նոր փուլ թեւակոխած երիտասարդ դարձայ։
Ինչպիսի միջավայրերու հետ ալ ընտելանանք սակայն, Ճեմարանի հարազատ միջավայրը մեզի համար պիտի մնայ անկրկնելի։ Ճեմարանը՝ իր դաստիարակիչ դերով, մարդակերտման հնոցով ու հայեցի մթնոլորտով  պիտի շարունակէ առաջնորդել մեզ  դէպի կեանքի  նոր հորիզոններ։
Շնորհակալ եմ ձեզմէ սիրելի՛ ուսուցիչներ, տնօրէնութիւն, խնամակալութիւն, դաստիարակներ, որովհետեւ ամէն ճիգ թափեցիք մեր մէջ լաւը սերմանելու, մեր նկարագիրը կերտելու եւ հայու հոգին վառ պահելու։ Հաւանաբար ճեմարանի տարիներուն չանդրադարձանք այս արժէքաւոր պահերու իւրայատկութեան, սակայն շրջանաւարտ դառնալէ ետք մեր մորթին վրայ զգացինք անոնց կարօտը եւ քաղցրութիւնը։
Յակոբ Քիւրքճեան