ԻՆՉՊԷ՞Ս ԽՆԱՄԵԼ ԱԿՌԱՆԵՐԸ
Բերնի խոռոչը մարսողական ճամբուն սկզբնական բաժինն է։ Անոր խնամքը կարեւոր է մարսողութեան եւ ընդհանրապէս մեր առողջութեան համար։
Ինչպէ՞ս Խնամել Բերնի Խոռոչը
Բերնի խոռոչը խնամել կը նշանակէ մաքուր եւ առողջ պահել բերանը՝ ակռաները, լինտերը եւ լեզուն՝ հիւանդութիւնները կանխելու համար։ Առողջ ակռաներ ունենալու համար պէտք է պարբերաբար այցելել ատամնաբոյժին։ Ակռաներու առողջութիւնը կը սկսի զանոնք ամէն օր մաքուր պահելով։
Ինչպէ՞ս Խոզանակել Ակռաները
Ակռաները փտախտէ զերծ պահելու համար պէտք է օրական առնուազն երկու անգամ խոզանակել զանոնք 2-3 վայրկեան։ Խոզանակը պէտք է անցնի ամբողջ ատամնաշարին վրայէն՝ ակռաներու արմատներէն մինչեւ վերի հատուածը։ Պէտք է մաքրել նաեւ ակռաներու ներսի, ապա կտրող եւ ծամող մակերեսները։ Նախընտրելի է ակռաներու մաքրութեան արարողութիւնը աւարտել լեզուն մաքրելով։ Սնունդի մնացորդը կը կուտակուի լեզուին տակ, ուստի այնտեղ մանրէներու աճման միջավայր կը դառնայ։ Հետեւաբար խուսափելու համար նման մանրէներէ, պէտք է լեզուի մակերեսը եւ ներքնամասը մաքրել յատուկ խոզանակով։ Լեզուն մաքրելով կը վերացնենք նաեւ բերնին տհաճ հոտը։
Երեկոյեան Պէ՞տք է Խոզանակել Ակռաները
Այո՛։ Անհրաժեշտ է ակռաները խոզանակել նաեւ երեկոյեան, ընթրիքէն ետք, հետեւեալ նկատառումներէն մեկնելով.
Կանխելու բերնին տհաճ հոտը։
Ամրացնելու ակռաները։
Նպաստելու ակռաներու առողջութեան։
Ե՞րբ Պէտք Է Փոխել Խոզանակը
Խոզանակը պէտք է փոխել երեք ամիսը անգամ մը, բայց եթէ ան սկսի կորսնցնել իր մազիկներուն ամրութիւնը եւ լիուլի չկատարել մաքրութեան իր դերը, պէտք է անմիջապէս փոխել զայն։
Կարգ մը ծնողներ կարեւորութիւն չեն դարձներ իրենց զաւակներու կաթի ակռաներու առողջութեան, ենթադրելով որ անոնք շատ շուտով պիտի փոխարինուին մնայուն ակռաներով։ Սակայն կաթի վնասուած ակռաները ենթադրեալ ժամանակէն աւելի կանուխ պիտի իյնան, որուն հետեւանքով ալ մնայուն ակռաները անհամաչափ պիտի աճին։ Այս պարագային, մանուկին բերնին մէջ պիտի աճին թեքուած եւ ծուռ ակռաներ։ Աւելին. երբեմն կաթի ակռաներուն հիւանդութիւնը պիտի տարածուի մնայուն ակռաներուն վրայ։ Հետեւաբար, եթէ նկատէք ակռայի բորբոս՝ մեծերու կամ մանուկներու պարագային, անյապաղ դիմեցէ՛ք ատամնաբոյժին, հակառակ պարագային կարելի պիտի չըլլայ փրկել զանոնք։
Պէտք է նկատել նաեւ, թէ երբ օրուան ընթացքին մանուկները եւ մեծերը անգիտակցաբար անսովոր շարժումներ կատարեն, անոնք կրնան յանգեցնել անսպասելի բարդոյթներու։ Այդ շարժումներէն մին՝ ակռաներու կրճտումն է։
Ի՞նչ Կը Նշանակէ Ակռաներու Կրճտում
Ակռաներու կրճտում կը նշանակէ ակռաները իրար քսել կամ սեղմել։ Այս շարժումը կը նկատենք թէ՛ մանուկներու եւ թէ մեծերու պարագային։ Կրճտումի երկու տեսակ կարելի է զանազանել. առաջինը երբ անգիտակցաբար կը սեղմենք մեր ակռաները արթուն վիճակի մէջ՝ ջղային դառնալու պահուն, իսկ երկրորդը՝ քնացած պահուն։
Որոշ մարդոց պարագային ակռաներու կրճտումը կրնայ յաճախակիօրէն կրկնուիլ եւ պատճառ դառնալ ծնոտի ձեւափոխման, գլխու ցաւի եւ ակռաներու վնասուածքի։ Կրճտումը հետեւանք է անհանգստութեան, յուսահատութեան եւ զայրոյթի։ Հետաքրքրականը այն է սակայն, որ այս ախտէն տառապողները տեղեակ չեն ըլլար տեղի ունեցածէն, որովհետեւ ակռաներու կրճտումը ընդհանրապէս քունի մէջ տեղի կ’ունենայ։
Ակռաներու Կրճտումի Ախտանշաններն Են՝
Դէմքի ոսկորներու մշտական ցաւ։
Ծնոտի ներքնամասի ուռեցք՝ սաստիկ ճնշումներու հետեւանքով։
Մանուկներուն պարագային կաթի ակռաներու կրճտումը բնական երեւոյթ է, արտասովոր չէ, մեծաւ մասամբ ալ ժամանակաւոր է։
Ինչպէ՞ս Կարելի Է Ակռաները Պահպանել Կրճտումէն
Գոյութիւն ունին գիշերային յատուկ, փափուկ նիւթերով պատրաստուած բերնի կափարիչներ, որպէսզի կարելի ըլլայ վերի եւ ստորին ակռաները իրարմէ անջատել՝ կանխելու համար կրճտոցի հետեւանքով յառաջացող վնասը։
Ակռաներու վերաձեւաւորում. երբ որոշ ակռաներ մաշած են կամ ատամնաշարը ճիշդ շեղած է իր բնական դիրքէն, հետեւաբար ալ ծամելու գործողութիւնը ճիշդ ընթացքով չի կիրարկուիր, որոշ ակռաներ իրար քսուելով կը վնասուին։
Այս պարագային, ատամնաբոյժը պէտք է առաջարկէ ատամնաշարը վերաձեւաւորելու համար օգտագործել յատկապէս պատրաստուող պսակներ, որոնք կը նպաստեն ատամնաշարի, յատկապէս ծամող ակռաներու ձեւի վերականգնումին։
Այս միջոցները կրնան կանխել կամ դադրեցնել ակռաներու մաշումին ընթացքը, սակայն չեն դադրեցներ ակռաներու կրճտումը։
Ուշադիր հետեւինք մեր ակռաներու խնամքին, որովհետեւ անոնք մեր առողջութեան, ինչպէս նաեւ տեսքին ու գեղեցիկ ժպիտին համար շատ կարեւոր գործօններ են։
Աննա Սաղպազարեան
Ատամնաբուժական Համալսարանի ուսանող