19 Սեպտեմբերին կը լրանայ Արցախի հայութեան նկատմամբ Ատրպէյճանի գործադրած ցեղասպանութեան տարելիցը։ Սեպտեմբեր 2020-էն մինչեւ Սեպտեմբեր 2023 ժամանակահատուածը՝ Ատրպէյճանի կողմէ Արցախի շրջափակումը, այնուհետեւ պաշարումը, ապա ահաբեկչական յարձակումները եւ ցեղային զտումը ամբողջութեամբ ցեղասպանական գործընթաց են
Ատրպէյճան 1990-ականներու սկիզբը, Սեպտեմբեր 2020-ին եւ անկէ վերջ Արցախի դէմ իրականացուցած է զինուորական գործողութիւններ, որոնք իրենց բնոյթով յարձակում են։ Հետեւաբար այդ գործողութիւնները զուրկ են օրինականութենէ։ Այդ զինուորական գործողութիւններու ընթացքին իրականացուած են մարդկութեան դէմ յանցագործութիւններ, որոնց պարագային, ինչպէս ցեղասպանութեան, վերահաս պատիժը վաղեմութեան ժամկէտ չի ճանչնար։

Աւելին՝ Հայաստանի Հանրապետութեան դէմ ուժի կամ անոր սպառնալիքի կիրառման պայմաններուն տակ ձեռք բերուած որեւէ փաստաթուղթ առ ոչինչ է եւ չի կրնար կասկածի տակ դնել Արցախի հարցի առկայութեան փաստը։ Ղարաբաղեան հիմնահարցի պատճառը Ատրպէյճանի կողմէն տասնամեակներ շարունակ կիրառուող հակահայ քաղաքականութիւնն էր. յանուն ինքնորոշման ու ազատութեան պայքարող ժողովուրդին հանդէպ ատրպէյճանական բռնութեան հակադրումը խորացուցած է հակամարտութեան հետեւանքները։ Հայ ժողովուրդի վերամիաւորման ձգտումը բնականոն է ու օրինական, միջազգային իրաւունքի ձեւաչափերուն համապատասխան։ Որեւէ պետութեան կամ պետութիւններու՝ Հայաստանի Հանրապետութեան, կողմէն ստորագրուած որեւէ փաստաթուղթ չի կրնար իրաւազրկել այդ պայքարը։
Միջազգային երաշխաւորութեամբ Արցախի հայութեան հաւաքական վերադարձի իրաւունքի իւրացման ապահովումը, Արցախին միջանկեալ քաղաքական կարգավիճակի տրամադրումը, Հայաստանի Հանրապետութեան հետ անխափան ցամաքային կապի ապահովումը, Պաքուի մէջ պատանդարուած հայ գերիներու, ներառեալ՝ Արցախի ռազմաքաղաքական ղեկավարութեան ազատ արձակումը, Ատրպէյճանի նկատմամբ պատժամիջոցներու կիրառումն ու յանցագործներուն պատասխանատուութեան կան­չելը, Արցախի մշակութային ժառանգութեան պահպանութիւնը այն նախադրեալներն են, որոնք պէտք է առաջնորդեն հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման։
Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդը ղարաբաղեան հակամարտութեան ներկայ հանգրուանին համար կարեւոր կը համարէ հիմնահարցը միջազգային քաղաքական օրակարգի վրայ պահելը ե՛ւ միջազգային կազմակերպութիւններու, եւ առանձին պետութիւններու պարագային։
Ներկայ զարգացումները ցոյց կու տան, որ ղարաբաղեան հակամարտութիւնը ոչ միայն լուծուած չէ, այլ նաեւ որոշակիօրէն կը գտնուի միջազգային քաղաքական օրակարգի վրայ։ Համոզուած ենք, որ միջազգային յարաբերութիւններու՝ ժամանակաւոր բնոյթ կրող ներկայ վայրիվերումներէն վերջ, առաւել լայն հնարաւորութիւններ պիտի բացուին արցախեան հիմնահարցի կարգաւորման ուղղութեամբ պայքարը շարունակելու եւ աշխատանքներ իրականացնելու համար։
Արցախի հայաթափման առաջին տարելիցի առնչութեամբ մեր կոչն է համայն հայութեան՝ չդադրեցնել պայքարը, նոր թափ տալ պայքարին, այս պայքարի մէջ ըլլալ հետեւողական, վճռակամ ու վճռական։

ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ Դատի Կեդրոնական Խորհուրդ
19 Սեպտեմբեր 2024