(Հայաստանի Անկախութեան Տօնին Առիթով)
Եթէ Հայաստանի Հանրապետութեան կերտման պատմութիւնը սերտենք, ականատեսը պիտի ըլլանք հայ ազգի նուիրեալ զաւակներու հաւաքական պայքարի փայլուն էջերուն․ էջեր, որոնց վրայ արձանագրուած են Հայաստանի ազատագրութեան պայքարին հաւատացող, պետութեան կերտման ու պահպանման համար մաքառող ու այդ պետութեան գոյութեան երաշխիքները ամուր պահող հայորդիներու անուններ, ըլլան անոնք Արեւելահայաստան ծնած, թէ Արեւմտահայաստան, Արցախ, թէ Սփիւռք։
Պատմութեան էջերը կը վկայեն, որ Հայաստանի− որպէս հայութեան հայրենիք− ազատագրութեան պայքարը ազգի միասնական պայքարի ճիգերու հետեւանք էր ու այդ միասնութիւնն էր, որ ազգս բաժնող այլազան հոսանքներու ազդեցութենէն զերծ պահելով կ՛արդիւնաւորուէր ու կը թագադրուէր Հայաստանի անկախ Հանրապետութեան կերտման դափնեպսակով։
Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանները նեղցնելու, պատմական մեր հայրենիքի տարբեր տարածքներէն հայութիւնը արտագաղթի մղելու ճիգերը առաւելաբար շարունակուեցան 19-րդ դարու վերջին ու 20-րդ դարու առաջին տարիներէն ու կը շարունակուին մինչեւ այսօր, որոնց զուգահեռ հրապարակ կը նետուին հայրենիք հասկացութիւնը նսեմացնող ու հայրենիքը լոկ 29.734 քառ․ քիլոմեթրի մէջ տեսնելու քարոզչութիւնն ու քաղաքականութիւնը վարող դրսեւորումներ, բնականաբար թուրքեւատրպէյճանական եւ միջազգային շարունակուող ճնշումներու եւ սպառնալիքներու ներքեւ։
Աւելին․ փորձ կը կատարուի Արցախի գոյապայքարը նսեմացնելու, արցախահայութեան ու ընդհանրապէս հայութեան տարիներու մաքառումը անօգուտ համարելու՝ Արցախի անկախութեան ճանաչման միջազգային հանրութեան մերժումին եւ թուրքեւատրպէյճանական ծաւալապաշտական նկրտումներուն ազդեցութեան տակ։
Հայաստանը ու անոր տարածքին մէջ ապրող ժողովուրդը պատմութենէն, արմատներէն ու իրենց ազգային արժէքներէն արմատախիլ ընելու՝ փոխարէնը արեւմտեան արժէքներ իւրացնելու եւ այս բոլորին իրականացումով միայն դրացիներու հետ համերաշխ ապրելու յանկերգը կաթիլ առ կաթիլ կը սրսկեն մեր ժողովուրդի գիտակցութեան մէջ։ Աւելին՝ կը փորձեն համոզել զայն, որ հայրենիքը պետութիւնն է, իսկ պետութիւնը ազգային քաղաքականութենէ հրաժարած, 29.734 քառ․ քիլոմեթր տարածքին տիրութիւն ընող կառոյցն է միայն։
Պահ մը մտածենք, միթէ՞ Հայաստանի անկախութեան կերտման տարիներուն գոյութիւն չունէին այս սպառնալիքները, կամ միթէ՞ Խորհրդային Միութեան տարիներուն կարելի էր պահպանել ազգային տեսլականն ու անկախութեան ձգտումը։ Բնականաբար սպառնալիքներ գոյութիւն ունէին, իսկ հայութիւնը հակառակ տարբեր գաղափարախօսութիւններու հաւատացող իր մասնիկներուն, կը հաւատար հայրենիքին ու ազգային իր տեսլականին։ Հաւանաբար աշխարհաքաղաքական զարգացումները այլ էին, սակայն հայութեան հաւաքական պայքարը− տարբեր ճակատներու վրայ− այդ սպառնալիքները ետ մղելու գլխաւոր երաշխիքը կը հանդիսանար։
Առանց պայքարի կարելի՞ էր Արցախը ազատագրել, առանց պայքարի կարելի՞ էր բանակցային օրակարգը պահպանել երկար տարիներ ու զարգացնել Արցախի Հանրապետութիւնը` քաջ գիտնալով անոր աշխարհագրական դիրքին կարեւորութիւնը մայր Հայաստանին համար։
Պարտութիւնները նուազեցուցած են մեր հաւատքը, այսպէս կոչուած «իրապաշտ քաղաքականութիւնը» կարծէք պարտադրած է մեր ազգի որոշ մէկ տոկոսը ամբողջական զիջումով գոյութիւն գարշ տալու տրամաբանութեան հետեւելու։ Մեր ազգը, սակայն, պատմութեան տարբեր փուլերուն համտեսած է ինչպէս պարտութիւնը, այնպէս ալ յաղթանակը, մերթ իր հայրենիքին տարածքները կորսնցուցած, մերթ ընդլայնած, սակայն երբեք չէ կորսնցուցած իր դիւանագիտական ճկունութիւնն ու կրկին ոտքի կանգնելու վճռակամութիւնը, քաղաքական գործիչները սերունդները երբեք չեն զրկած իրենց ժառանգութեան տիրանալու ապագայ կարելիութիւններէն։
Աշխարհաքաղաքական զարգացումները փոփոխական են, տարուբերող, այդ կացութիւններուն մէջ հայութեան ազգային ու միջազգային իրաւունքներէն պէտք չէ հրաժարիլ, այլ պէտք է կարենալ պաշտպանել զանոնք արիութեամբ, ճկուն դիւանագիտութեամբ։
Շնորհաւորելով Հայաստանի Հանրապետութեան տօնը, կը հաւատանք, որ մեր ազգը, որպէս անկախութեան կերտման համար իր միտքը, արիւնը, բազուկին ուժը, դիւանագիտութիւնն ու իմաստութիւնը ի սպաս դրած զաւակներուն, հերոսներուն եւ քաղաքական գործիչներուն հաւատարիմ ժառանգորդը, կարելիութիւն ու արիութիւն կ՛ունենայ շրջելու կրաւորականութիւնը եւ ամենաբարդ պայմաններուն մէջ անգամ Հայաստանի Հանրապետութեան գերիշխանութեան եւ զարգացման ճամբուն, մէկդի դնելով ազգը տարտղնող, պետութեան անվտանգութիւնը խարխլող, յանձնուողական մօտեցումները լուծում համարող դրսեւորումները, պայքարող ազգի ու պետութեան համբաւը կը վերականգնէ։