«Խաչ քո եղիցի մեզ ապաւէն, Տէր Յիսուս, յորժամ երեւեին փառօք Հօր ընդ ամպս լուսաւորս։ Յայնժամ մեք մի ամաչեսցուք յուսացելքս ի քեզ. Այլ զօրութեամբ քով մեծաւ բերկրեսցուք ընդ աջմէ քումմէ, որպէս զորդիս լուսոյ եւ որդիս տունջեան»:

Նախագահութեամբ Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեանի, կազմակերպութեամբ ՍՕԽ-ի Գամիշլիի «Արցախ» Մասնաճիւղի Վարչութեան, Երեքշաբթի, 17 Սեպտեմբեր 2024-ի յետմիջօրէի ժամը 6։00-ին, ՀՄԸՄ-ի Պարտէզէն ներս տեղի ունեցաւ խաչվերաց տօնին նուիրուած ձեռնարկը, ներկայութեամբ Արժ. Տ. Պսակ Քհնյ. Պէրպէրեանի եւ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղականութեան ներկայացուցիչ տիկին Ասիա Պետրոսեանը Հասիչէի «Լոռի» եւ Տերիքի «Սարդարապատ» մասնաճիւղերու վարչութեան։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ Արազ Կրպոյեան, որ բարի գալուստի խօսք ուղղեց ներկաներուն։

Օրուան խորհուրդը մեկնաբանեց Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ Հոգշ. Տ. Լեւոն Վրդ. Եղիայեան։ Ան կոչ ուղղեց ներկաներուն «տեսնելու ճշմարիտ այն զոհողութիւնը, որ կատարեց Հայր Աստուած զոհելով իր Միածին Որդին Յիսուս Քրիստոսը մեծագոյն Աստուածային արարքի մը համար որն է Սէրը»: Հայր սուրբը ըսաւ «Այսօր եւս որպէս քրիստոնեաներ աշխատինք այս նպատակին համար՝ նմանելու մեր Տիրոջ, մոռնալու մեր անձերը եւ զոհուելու ուրիշին համար։ Ս. Խաչը իր մէջ կը պարունակէ զոհողութիւն, Աստուծոյ մարդասիրութիւնը, ողորմութիւնը, գթութիւնն ու անձնազոհութիւնը։ Եսայի մարգարէութեան մէջ կը կարդանք Աստուծոյ տուած խոստումը «Ես քեզ պիտի չմոռնամ» 49։15 նախադասութիւնը։ Աստուած չմոռցաւ, այլ մեզի առիթ տուաւ Իրեն մօտենալու, Իր հետ ըլլալու, Ոտնակոխելով մահը փառքը տուաւ մեզի եւ այս մէկը կատարեց որովհետեւ «Աստուած այնքան սիրեց աշխարհը որ մինչեւ իսկ իր միածին որդին տուաւ» Յհ 3։16»։

Ճեզիրէի Առաջնորդական Փոխանորդ հայր սուրբը Գնահատեց ՍՕ Խաչի ընկերուհիները եւ մաղթեց անոնց յարատեւ յաջողութիւն եւ վերելք իրենց տարած աշխատանքներուն մէջ։
Ապա Խաչիկ անունը կրողներուն յատուկ յուշանուէրներ բաշխուեցաւ։

Հուսկ տեղի ունեցան հետաքրքրական մրցոյթներ, վիճակահանութիւն, ապա կոկիկ հիւրասիրութիւն մը հրամցուեցաւ ներկաներուն։

Յայտնենք որ Խաչիկ անուն կրող անձերու յուշանուէրները պատրաստուած եւ նուիրուած էին Տիկին Սեւան Փաշայեանի կողմէ։