Լիբանանի եւ Կազզայի հատուածին դէմ իսրայէլեան բռնագրաւող ուժերու դաժան յանցագործութիւններուն հակադարձելով՝ Լիբանանի ազգային դիմադրութիւնը այսօր առաւօտեան օդային շարք մը յարձակումներ գործեց իսրայէլեան թշնամական դիրքերու վրայ՝ ուղղակի վնասներ հասցնելով թիրախներուն։

Դիմադրութեան յայտարարութեան մէջ ըսուեցաւ. «Որպէս պաշտպանութիւն Կազզայի հատուածի պաղեստինցի մեր ժողովուրդին եւ աջակցութիւն անոնց քաջարի դիմադրութեան, որպէս պաշտպանութիւն Լիբանանի եւ անոր ժողովուրդին, մեր մարտիկները Ֆատի 1-ով եւ Ֆատի 2-ով երեք անգամ հրթիռակոծեցին Աֆուլայէն արեւմուտք գտնուող Մեճիտո զինուորական օդակայանը»։
Դիմադրութիւնը յայտարարեց նաեւ, որ թիրախ դարձուցած է Ռամաթ Դաւիթի խարիսխը եւ օդակայանը «Ֆատի-2» հրթիռներու համազարկով, Ամոս խարիսխը՝ հիւսիսային շրջանի հակառակորդի փոխադրման և զինամթերքի ապահովման հիմնական կայանը, «Ֆատի-1» համազարկով, ինչպէս նաեւ Զախրունի մէջ պայթուցիկ նիւթերու գործարանը։