Մակար Արք. Աշգարեան. «Խաչը քրիստոնեային համար փրկութեան եւ զօրութեան խորհրդանիշն է»

Խաչվերացը Հայ Եկեղեցւոյ հինգ տաղաւար տօներէն վերջին ու կարեւորագոյնն է, որ կը յիշատակէ գերութենէն խաչին վերադարձը եւ փառաբանութիւնը։

Արդարեւ, հովանաւորութեամբ եւ հանդիսապետութեամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ.Տէր Մակար Արք.Աշգարեանի Ուրբաթ

20 Սեպտեմբեր 2024-ին «Զաւարեան» համալիրի շրջափակէն ներս մեծ շուքով յիշատակուեցաւ խաչվերաց տօնը։

Սրբ. հօր կ’ընկերակցէին Հոգշ.Տ.Արմէն Աբղ.Գալայճեան եւ Բերիոյ Թեմի Յարաբերական Մարմինի պատասխանատու Վրէժ Եագուպեան։

Տօնախմբութիւնը ընթացք առաւ Սուրիոյ եւ Հայաստանի զոյգ քայերգներու ունկնդրութեամբ։

Օրուան հանդիսավարներն էին՝ Սոնա Անտրեան եւ Վարանդ Մելգոնեան։

Անտրեան յանուն «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան եւ միութիւններուն բարի գալուստի խօսքը արտասանեց։ Ան անհուն երախտագիտութիւն յայտնեց սրբազան հօր իր հայրական հոգատարութեան համար։ «Այսօր Զաւարեան Համալիրը ցնծութեամբ կը խայտայ, կրկնակի ուրախութիւն կ’ապրինք, սրբազան հօր օրհնաբեր ներկայութիւնը առաւել կը գօտեպնդէ մեզ , կորով եւ յոյս կը ներշնչէ իւրաքանչիւրիս կեանքի դժուարին պայմաններուն մէջ» ։

«Ահարոնեան» կեդրոնի խօսքը արտասանեց կեդրոնի վարչութեան ներկայացուցիչ Պօղոս Խաճարեան, որ ջերմեռանդութեամբ ողջունեց Բերիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդը՝ դամասկահայութեան հետ ըլլալու եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխելու ուրախ առիթով։

Ան նախ արաբերէն լեզուով , «Ահարոնեան» կեդրոնի վարչութեան, ուղեկից միութիւններու եւ Ազգ. Միացեալ Ճեմարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան անունով երախտագիտութիւն յայտնեց երկրի իմաստուն եւ քաջարի նախագահ տոքթ.Պաշար ալ-Ասատին, անոր մաղթելով ոյժ եւ կորով, Սուրիական հայրենիքին՝ խաղաղութիւն եւ յառաջդիմութիւն, առաջնորդութեամբ կորովի նախագահին եւ սուրիական քաջարի բանակին, ինչպէս նաեւ շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահին եւ առաջին տիկնոջ Ասմա ալ-Ասատին, զինեալ խմբաւորումներու հետեւանքով աւերուած կրթական այս հաստատութեան վերականգնումին համար։

Պօղոս Խաճարեան հայերէն խօսքին մէջ անդրադարձաւ սուրիահայութեան դիմագրաւած տնտեսական ճգնաժամին յոյս յայտնելով, որ Սուրիոյ վսեմաշուք նախագահին իմաստուն առաջնորդութեան շնորհիւ շուտով երկիրը կը վերագտնէ իր նախկին փառքը։

Ան խօսքը շարունակելով բարձր գնահատեց ներկաները, որոնք վստահութիւն կը ցուցաբերեն միութիւններու գործունէութեանց եւ իրենց նիւթաբարոյական ներդրումով նեցուկ կը կանգնին անոնց։

Ապա անդրադարձ կատարեց Հայաստանի ներկայ ճգնաժամին, յայտնելով, որ հակառակ գործող իշխանութեան ապազգային քաղաքականութեան, մենք կը մնանք յանձնառու եւ պահանջատէր Արցախի անկախութեան եւ արեւմտահայաստանի մէջ մեր պատմական իրաւունքներու տիրացման եւ այս գաղափարներով պիտի դաստիարակենք նոր սերունդները։

Այնուհետեւ , Գերշ.Տէր Մակար Արք.Աշգարեան կատարեց մատաղօրհնէք եւ իր հայրական պատգամը յղեց ներկաներուն։

Մակար սրբազան նախ աղօթք բարձրացուց առ Աստուած, փառք ու գոհութիւն յայտնեց, որ կրկին ներկայ է իր հօտին հետ տօնական մթնոլորտը միասին ապրելու, վայելելու աստուածային բարիքները։

Ապա կատարեց մատաղի օրհնութիւն, որմէ ետք աւանդական հարիսան մատուցուեցաւ ներկաներուն։

Մակար Արք. իր սրտի խօսքին սկիզբը բարձր գնահատեց ձեռնարկի կազմակերպիչները այս գեղեցիկ հաւաքը կազմակերպելնուն համար, մաղթելով ոյժ եւ յարատեւ յաջողութիւն։

Սրբազան հայրը անդրադարձաւ Խաչվերաց տօնի կարեւորութեան, որպէս հայ եկեղեցւոյ հինգ տաղաւոր տօներուն վերջինն ու մեծագոյնը եւ վեր առաւ անոր աստուածային խորհուրդը, ապա կարեւորութեամբ շեշտեց խաչին ներքին զօրութեան ազդեցութիւնը քրիստոնեայ հաւատացեալին կեանքին մէջ, դիտել տալով որ իւրաքանչիւրին մեծագոյն պարծանքը պէտք է ըլլայ, որովհետեւ Աստուած խաչին միջոցաւ մարդկային փրկութիւնը իրագործեց. «Քրիստոս մարդանալով ինքզինք պատարագեց խաչին վրայ որպէս անմեղ գառնուկ եւ իր անմեղ արեան յեղումով փրկեց մեղաւոր ու մեղքի տիղմին մէջ մխրճուած մարդկութիւնը երկնքի ժառանգորդ դարձնելով զայն: Քրիստոս սուրբ խաչի նշանով մեր քայլերը առաջնորդեց դէպի լոյս, դէպի ճշմարտութիւն եւ դէպի յաւիտենականութիւն», յայտնեց Մակար Սրբազան։
Ապա խօսքը շարունակելով Սուրբ Գրային մէջբերումներ կատարեց եւ յորդորեց ներկաները զարդարուիլ խաչի նշանով, որպէս վահան ու զրահ եւ գիտակից հասկացողութեամբ խաչակնքել. «Խաչը զէնք ու զրահ է, խաչը քրիստոնեային համար փրկութեան եւ զօրութեան խորհրդանիշ է, ապաւէն ` բոլոր երեւելի եւ աներեւոյթ թշնամիներուն դէմ քաջութեամբ պայքարելու» ։

Եզրափակելով խօսքը Մակար սրբազան երախտագիտութեան խօսք ուղղեց երկրի վսեմաշուք նախագահ տոքթ. Պաշշար ալ-Ասատին եւ սուրիական քաջարի բանակին, որոնք քաջութեամբ կը պաշտպանեն սուրիական հայրենիքին սահմանները, ապա աւելցնելով ըսաւ . «Մենք, որպէս հաւատարիմ քաղաքացիներ, մեր խօսքով եւ գործով, աշխատանքով եւ ստեղծագործութեամբ բարիք դառնանք սուրիական հայրենիքին, մեր բաժինը բերելով անոր զարգացման եւ յառաջխաղացքին» ։

Տօնախմբութիւնը ճոխացուց այս առիթով յատկապէս ժամանած սիրուած երգչուհի Մարիա Չիչեան, երգեհոնի ընկերակցութեամբ Ներսէս Թոփճեանի։

Երգչուհին իր կախարդական ու թովիչ ձայնով մեկնաբանեց աշուղական երգերու փունջ մը, ապա հայրենասիրական եւ ազգային երգերու շարան մը՝ հոգեկան ցնծութիւն պարգեւելով բոլորին։

Ներկաները հայկական եւ տօնական ջերմ մթնոլորտով յագեցած, դրական տրամադրութեամբ լիցքաւորուած վերադարձան իրենց բնակարանները։

Սոնա Անտրեան