Համացանցէն իմացած էի, որ «Օրերս Բերիոյ Թեմի նուիրեալ Սրբազանի բարձր կարգադրութեամբ, հալէպահայ մեր հայրենակիցները մեկնած են Տէր Զօր, մօտէն ծանօթանալու համար Հայ Ժողովուրդի յարութեան վկայարան հանդիսացող՝ Սրբոց Նահատակաց եկեղեցւոյ ընդհանուր իրավիճակին։ Եւ անշուշտ այցը պէտք է դիտարկել եկեղեցին հիմնապէս նորոգելու միտուած ընդհանուր ճիգերու նախապատրաստութեան իբրեւ առաջին քայլ»։
«Նշեմ նաեւ, որ Սրբոց Նահատակաց եւ առհասարակ Տէր Զօր այցելած էր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ ՆՍՕՏՏ Արամ Ա. Կաթողիկոսը»։
«Տէր Զօրը միայն եկեղեցի, Աստուծոյ տուն կամ սոսկական կոթող մը չէ, աւելին է, ոգի է ու պէտք է պահել այդ կրակը…»:
Ասիկա մեզի կը յիշեցնէ այն օրերը, երբ ամբողջ սփիւռքահայութիւնը մեծ խանդավառութեամբ մասնակցեր էր Տէր Զօրի մէջ յիշատակի կառոյց-մատուռ մը շինելու համար եղած նուիրատուութիւններուն, որմէ ետք ճարտարապետ Սարգիս Պալմանուկեանի գեղեցիկ եւ խորհրդանշական յղացումով կառուցուած էր եկեղեցին, որուն տակ, գետնայարկը վերածուեր էր թանգարանի (ձեւաւորում եւ իրագործում՝ ճարտարապետ Գէորգ Երամեանի):
Կառոյցին ամբողջացումէն ետք մեծ շուքով կատարուեցան անոր օծումն ու բացումը՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Երջանկայիշատակ Գարեգին Բ. Կաթողիկոսին կողմէ, 3-4 Մայիս 1991-ին, հոծ բազմութեան մը ներկայութեամբ:
Յուշահամալիրը բաղկացած է եկեղեցիէ, թանգարանէ, յուշարձանէ, արխիւային կեդրոնէ եւ ցուցադրութիւններու սրահէ։
21 Սեպտեմբեր 2014-ին յուշահամալիրը «Իրաքի եւ Լեւանտի Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման կողմէ պայթեցուած է:
Այսօր, վերստին պիտի ձեռնարկենք անոր նորոգութեան, ինչպէս շա՜տ ուրիշ կառոյցներու վերանորոգումին Հալէպի մէջ, Սուրիոյ տարածքին, թէ Պէյրութի (Լիբանան) մէջ, կրկին ահագին գումար պիտի ծախսուի եւ  թերեւս կրկին … Աստուած մի արասցէ:
Բայց չեմ կրնար նաեւ այլ երկու լուրեր չդնել այս լուրին կողքին եւ երկա՜ր-երկա՜ր չմտորել անոնց հաստատած երեւոյթին մասին.
Վերանորոգում Տէր Զօրի յուշահամալիրին,
Փակում Երեւանի Կոմիտասի անուան երաժշտանոցին (անհիմն տարաձայնութի՞ւն արդեօք. հաւանաբար շէնքը այլ նպատակի համար օգտագործելու):
Երկու լուրերն ալ լուր են տակաւին, բայց «չկայ ծուխ առանց կրակի» կ’ըսէ ժողովուրդը. հաւանական կրակը արդէն սկսած է խանձել էութիւնս:
Ըսեր են արդէն _ թէեւ տակաւին չեմ գիտեր՝ շշուկո՞վ թէ բարձրաձայն _ որ յոռետես մըն եմ եւ միշտ ժխտականը կը տեսնեմ երեւոյթներուն ետին: Ասիկա բնաւ հարց չէ, որովհետեւ յստակ է շփոթը յոռետեսութեան եւ իրապաշտութեան միջեւ շատերու միտքին մէջ:
Սակայն կա՞յ արդեօք որեւէ դրական կէտ այս երկու լուրերուն մէջ:
Եւ եթէ չկայ, եթէ եղածը միա՛յն ժխտական է, պէտք չէ՞ այդ մասին մտածել, իրապաշտօրէն, առանց անօգուտ եւ ապարդիւն զեղումներու կամ հռետորութեան, առիթ չտալու համար որ անցեալի սխալները կրկնուին:
Ա՞յս ալ յոռետեսութիւն պիտի համարէք: Բայց դուք չէ՞ք գիտեր, թէ՞ միայն չէք ընդունիր, որ ունեցեր ենք սխալներ, շատ սխալներ, անցեալին: Զանոնք հերքելը եթէ պիտի օգնէ մեր գալիքը դրականի վերածելու, ե՛ս ալ ձեզի հետ կը հերքեմ այդ բոլորը եւ կը լծուիմ քաղցր երազանքի:
Բայց թոյլ տուէք շարունակել:
Կը մտածեմ՝ կա՞յ ձեւ մը նման քարեղէն կառոյցները ոգեղէն կառոյցներով փոխարինելու:
Թերեւս ոգեղէն եւ կառոյց բառերը երբե՛ք չեն ներդաշնակուիր, իրարու հակառակ իմաստներ պարփակելու պատճառով.
Ոգեղէն՝ հոգեկան, աննիւթական, անմարմին։
Կառոյց՝ շինուածք, կազմուածք, շէնք։
Ի՞նչ կրնան ըլլալ մեզի համար ոգեղէն կառոյցները:
Հաւանաբար հայկական մշակոյթը՝ իր բոլոր արտայայտութիւններով, հայկական արուեստները, հայ գրականութիւնը:
Կը մոռնանք սակայն այս թուարկումին մէջ յիշելու նոր սերունդը. ան որ հոս է այսօր եւ ան որ պիտի գա՛յ անպայման, որպէս դրօշակիր, որպէս ժառանգորդ, եւ իր կարգին՝ որպէս ժառանգը փոխանցող ներուժ:
Ինչպէ՞ս կարելի է հասնող սերունդները վերածել ոգեղէն կառոյցներու: Ահա՛ գլխաւոր հարցը, որուն ուսումնասիրութեան նուիրուիլը կրնայ շա՜տ դրական, թերեւս անսպասելի արդիւնքներ տալ մեզի:
Ինչպէ՞ս: Նախ՝ փաստագրելով մեր անձնական կեանքը, որովհետեւ մեզմէ իւրաքանչիւրը կարեւոր մէկ մասնիկն է գաղութին, եւ ի՛ր կեանքը փաստագրելով, փաստագրած կ’ըլլայ գաղութին կեանքէն մաս մը:
Վերջերս օրինակ Գահիրէի մէջ տեղի ունեցաւ Համա-ՀՄԸՄական խմբապետական Թ. համագումարը,  որուն տարբեր գաղութներէ բազմաթիւ երիտասարդ-երիտասարդուհիներ մասնակցեր էին: Շատ հաւանաբար այդ մասին պաշտօնական զեկուցում մը կատարուեցաւ, ինչպէս նաեւ _ թերեւս _ թղթակցութիւն մը: Սակայն որքա՜ն լաւ պիտի ըլլար, որ մասնակիցներէն մէկ քանին իրենց տպաւորութիւններն ու յուշերը գրէին. այդ պարագային պիտի նշէին երեւոյթներ, որոնց բնականաբար անդրադարձած պիտի չըլլար պաշտօնական զեկոյցը:
Երկրորդ՝ ճիշդ նոյնը կարելի է ըսել ընտանիքներու պարագային: Եթէ ընտանիքի մը մէջ նշանաւոր դէմք մը կայ, անոր մասին կրնան պատմել իր եղբայր-քոյրերը, ծնողքը, կամ անմիջական բարեկամները: Ինչ որ կը պահուի որպէս յուշ, կրնայ կարեւոր դեր ունենալ ապագային մէջ: Պահ մը եթէ մտածենք, թէ մեր նահատակ գրագէտներէն իւրաքանչիւրը օրագրութիւն պահած ըլլար, կամ յուշեր գրած ըլլար, որքա՜ն հարստացած պիտի ըլլայինք իմանալով անոնց մտորումներն ու կարդալով յուշերը:
Դասական ուսումէ անդին նաեւ հմտութիւններ ձեռք բերելու պէտք է մղել մեր երիտասարդները. Ճիշդ է, որ այսօր ամէն բան մասնագէտներու ձեռքով կը կատարուի մեր գաղութներէն ներս, սակայն կա՛ն տակաւին այնպիսի տարածքներ, ուր տարբեր տեսակի հմտութիւններ կը պահանջուին:
Ներշնչել երիտասարդները, որ իրենց գաղութներուն մէջ՝ ակումբներու թէ բարեսիրական հաստատութիւններէ ներս, գործունէութիւն մշակեն:
Երիտասարդ առաջնորդներ պատրաստել (leaders). ինչպէ՞ս. նախ իրենց առիթ տալով, որ առաջնորդեն: Ընդհանրապէս այս գաղափարը հաւանութեան չ’արժանանար, որովհետեւ երիտասարդները «տակաւին անփորձ են»: Սակայն ասիկա իր ժխտական երեսը ունի՝ եթէ սպասենք, որ կարողութիւն ունեցող երիտասարդները փորձառու դառնան, օր մըն ալ պիտի տեսնենք, որ հեռացեր են եւ մենք կորսնցուցեր ենք զիրենք եւ իրենց կարողութիւնները հաւաքականութեան սպաս դնելու առիթը: Բայց եթէ իրենց առիթ տանք, առանց պաշտօնականութեան, անոնք պիտի կարենան իրենք զիրենք մարզել (թերեւս նաեւ սխալելով), եւ երբ ժամանակը գայ, պատրաստ պիտի ըլլան լրջօրէն կատարելու իրենց վստահուած դերը: Այսպէս է որ կրնանք ունենալ պատրաստուած ատենապետներ, ատենադպիրներ եւ վարչութեան անդամներ, որոնք գիտեն ժողով վարել, օրակարգ պատրաստել եւ թելադրանքներ ընել աշխատանքը կատարելու համար:
Եւ ի վերջոյ յստակօրէն ըսել երիտասարդներուն, թէ ի՛նչ կը սպասուի իրենցմէ տուեալ աշխատանքի մը մէջ: Միայն այդպէս է որ սխալներէն կը խուսափին եւ կրնան լաւապէս կատարել իրենց վստահուած աշխատանքը:
Արեւելքի մեր գաղութներուն մէջ այս բոլոր նշուածները բնական ձեւով կը կատարուին, հեզասահ ընթացքով երէցներէն երիտասարդներուն անցընելով ջահը: Կը կատարուին մանաւա՛նդ հայերէնով, ինչ որ կարելի չէ ըսել այլ գաղութներու պարագային դժբախտաբար:
Այս ոգեղէն կառոյցներու պատրաստութեան ընթացքին ամէնէն կարեւորը իմանալն է, թէ ժամանակը կը փոխուի, հետեւաբար երէցներն ալ պէտք է փոխուին, ճիշդ ինչպէս որ հին կառոյցները կը նորոգենք, նոյնպէս ալ երիտասարդներուն մտիկ ընելով կրնանք մենք մեզ նորոգել եւ վստահ ըլլալ, թէ մեր այս ոգեղէն կառոյցները _ որոնք անհամեմատօրէն աւելի էական եւ կարեւոր են _ առողջ հիմերու վրայ դրեր ենք:
Մարուշ Երամեան