Լիբանանի դէմ զինուորական գործողութիւններու սանձազերծումը, Պէյրութի պաշտօնական տեսակէտն ու լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած տագնապը նկատի ունենալով, «Գանձասար» հետեւեալ հարցազրոյցը ունեցաւ «Ազդակ» օրաթերթի խմբագիր Շահան Գանտահարեանի հետ։ 
«Գանձասար»- Ինչպիսի՞ փուլ մտաւ Լիբանանի դէմ պատերազմական գործողութիւններու ընթացքը։
Շահան Գանտահարեան- Նախ պէտք է ընդհանուր գնահատական մը տալ տեղի ունեցածին մասին։ «Փէյճըր»-ներու եւ անթել հաղորդակցութեան միջոցներու պայթումով արդէն նոր շրջափուլ մտաւ պատերազմական ընդհանուր գործողութիւններուն ընթացքը։ Նախ աշխարհագրութիւնը եւս ընդլայնեցաւ այն առումով, որ միայն Հարաւային Լիբանանը չէր կամ Պէյրութի հարաւային արուարձանները չէին, Պիքաա, նոյնիսկ քրիստոնէական շրջաններ թիրախ դարձան, որովհետեւ Իսրայէլ յայտարարած է, որ այնտեղ ուր Հըզպալլա մեկնակէտ ունի՝ իր թիրախն է, պիտի հարուածէ։ Այդ հարուածներու ուժգնութիւնը եւս նոր աստիճանաչափ արձանագրեց եւ թիրախի հարուածին առընթեր շրջապատի տուժածներու քանակը, տարողութիւնը բազմացաւ, այս երկու փաստերով ուրեմն նոր կանոններ յառաջացան ռազմական այս գործողութիւններու ընթացքին եւ գիտէք տարատեսակ բնոյթի յայտարարութիւններ կան, որոնք մտածել կու տան, որ այս ընթացքը պիտի շարունակուի, որովհետեւ թիրախային երկու ուղղութիւն կայ. առաջինը՝ Հըզպալլայի ռազմական յենակէտերը, երկրորդը՝ Հըզպալլայի պատասխանատու դէմքերը զինուորական ու քաղաքական առումներով։ Հետեւաբար լիբանանեան ամբողջ տարածքները հաւանական թիրախ են, շարունակուող        գործողութիւններու՝ անօդաչու սարքերով, օդանաւերով եւ օդային յարձակումներով։
«Գ.»- Իսկ ի՞նչ է պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը։
Շ.Գ.- Իսրայէլ կը շարունակէ այս գործողութիւնները, իսկ պաշտօնական Պէյրութի տեսակէտը այն է, որ պէտք է Միջազգային Հանրութիւնը դատապարտէ Իսրայէլի գործադրած ռազմական յանցագործութիւնները։ ՄԱԿ-ը համապատասխան բանաձեւով, կոչով հանդէս եկաւ եւ Իսրայէլին կոչ ուղղեց անմիջապէս դադրեցնելու կրակը, բայց գետնի վրայ իրադարձութիւնները կ’ընթանան այլ ուղղութեամբ. բոլորս կը հետեւինք, կ’իմանանք, կը լսենք եւ կը տեսնենք։
«Գ.»- Հայաբնակ շրջաններ վտանգուա՞ծ են։ Իսկ հայկական հիմնարկները որքանո՞վ կ’ազդուին այս գործողութիւններէն։
Շ.Գ.- Հայկական առումով ըսեմ, որ անոնք այդ բախումներու կեդրոններէն հեռու են, բայց այսօր Պիքաա, նաեւ քրիստոնեայ շրջաններ հրթիռակոծումներ եղան։ Ամէն տեղ վտանգուած է, առ այս պահը հայկական անուններ չկան զոհերու եւ վիրաւորներու ցանկերուն մէջ, որոնք մեծաթիւ են եւ շատ արագ կշռոյթներով կը բազմանան։ Բնականաբար հիմնարկներն ու հաստատութիւնները կ’ազդուին, որովհետեւ երկրին մէջ անբնական վիճակ է։ Գիտէք, արդէն քաղաքական անորոշութիւն կար, արդէն տնտեսական տագնապ կար եւ արդէն նաեւ այս բոլորին վրայ աւելցած էին պատերազմական գործողութիւններ, անորոշութիւն, անհեռանկար վիճակ։ Անշուշտ այս բոլորին մէջ փորձ կը կատարուի նաեւ հաւանական ճգնաժամի խորացման պարագային նախապատրաստուելու։ Տեղի կ’ունենան միջկուսակցական ժողովներ, բարեսիրական միութիւններու հանդիպումներ, որպէսզի ընկերային ճգնաժամի խորացման պարագային, եթէ ժողովրդային կարիքներուն հասնելու հարց ըլլայ, այդ բոլորը համակարգուած ըլլան։
«Գ.»- Եւ այս դժուարին պայմաններուն մէջ «Ազդակ»-ը, ինչպէս միշտ, կը շարունակէ գործել որպէս լրատուութեան վաւերական աղբիւր։ 
Շ.Գ.- Այս դժուար պայմաններուն մէջ «Ազդակ»-ը իր բնականոն աշխատանքները կը շարունակէ, մանաւանդ արագ լրահոսով տեղեկացնելու իր ընթերցողները շրջանային զարգացումներու մասին, կամ լիբանանեան ներկայ պատերազմի ամէն մէկ գործողութեան տարողութեան, արդիւնքներուն մասին եւ այլն։ Այս բոլորին կողքին նաեւ որոշ առումով զգուշացնելու հետեւողները ընդհանուր իրավիճակի վերաբերող անհիմն լրատուութիւններէ, երբեմն ալ տեղեկատուական պատերազմէ։ Այդ բոլորը մաքրազտելու հարց կայ նաեւ, որպէսզի խուճապահար վիճակներ չստեղծուին։
«Գ.»- Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութիւնը այսօր՝ Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբերին յայտարարեց, որ Սուրիա-Լիբանան բոլոր անցակէտերը բաց են, իսկ Սուրիա նախապատրաստած է հիւանդանոցներ ու ապաստաններ ընդունելու Լիբանանի եղբայրական ժողովուրդը՝ երկրէն դուրս գալու պարագային։ Ի՞նչ տուեալներ կան այս առումով։
Շ.Գ.- Սուրիոյ պարագային, նախ պէտք է ըսել որ դրական ընկալուեցաւ սահմանը բաց պահելու կամ հիւանդանոցային ծառայութիւնները տրամադրելու Սուրիոյ պատրաստակամութիւնը։ Վերջին տուեալներով հինգ հազար հոգի արդէն անցած է սուրիական սահմանը։ Գիտէ՞ք երեւոյթը հետաքրքրական է, որովհետեւ Լիբանան ինք ապաստան տուած էր սուրիացի գաղթականներու, հիմա Սուրիա իր դռները կը բանայ լիբանանցի գաղթականներուն դիմաց, այսինքն ճակատագրակից ըլլալու երեւոյթ կայ այստեղ, բնականաբար նաեւ ռազմաքաղաքական իրադարձութիւնները փոխկապակցուած են։
Ներկայ դրութեամբ այս են տուեալները։ Կը մաղթենք, որ հակամարտութեան քաղաքական հանգուցալուծում տրուի եւ բանակցային սեղանի վրայ համաձայնութիւններու մեկնարկ արձանագրուի, որովհետեւ պատերազմները ահաւոր հետեւանքներ կ’ունենան, իսկ անոնցմէ ամէնէն շատ կը տուժեն ժողովուրդները։
«Գ.» Խաղաղութիւն կը մաղթենք Լիբանանին եւ ապահովութիւն՝ անոր ժողովուրդին։
Հարցազրոյցը վարեց
Զարմիկ Պօղիկեան