Ծանօթանալու համար ՀՅԴ ուղեկից միութիւններու գործունէութեան, «Գանձասար» այս եւ յաջորդ համարներով կը հրատարակէ Համազգայինի Սուրիոյ Շրջ. Վարչութեան ատենապետ Ռաֆֆի Սիւլահեանի հետ հարցազրոյցը։
«Գանձասար»- Սուրիոյ մէջ Համազգայինը իր հիմնադրութեան առաջին օրերէն ծաւալելով աշխատանքը հիմնած է մէկէ աւելի մասնաճիւղեր: Ներկայիս քանի՞ մասնաճիւղերով եւ միաւորներով մշակութային գործունէութիւնը կը շարունակուի:
Ռաֆֆի Սիւլահեան- Ներկայիս Համազգայինը կը գործէ 5 մասնաճիւղերով. Հալէպ՝ «Նիկոլ Աղբալեան», Քեսապ՝ «Համօ Օհանջանեան», Գամիշլի՝ «Աւետիս Ահարոնեան», Դամասկոս՝ «Լեւոն Շանթ», իսկ Լաթաքիա՝ «Վահան Նաւասարդեան» մասնաճիւղ: Այս 5 մասնաճիւղերու կողքին Շրջանային Վարչութեան ենթակայ են 4 միաւորներ, որոնք են՝ «Զուարթնոց» երգչախմբային միաւոր, «Լեւոն Շանթ» թատերական միաւոր, Հայագիտական Հիմնարկի միաւոր եւ «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի միաւոր: Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ կամ միաւոր ունի իր վարչութիւնը:
«Գ.»- Մանրամասնութիւններ կը ներկայացնէ՞ք անոնց գործունէութեան բնոյթին մասին։
Ռ.Ս.- Բոլոր մասնաճիւղերն ու միաւորները երկրի ծանր պայմաններուն մէջ անգամ կը շարունակեն եռուն պահել սուրիահայ համայնքի մշակութային առօրեան։ Այսպէս՝
«Զուարթնոց» երգչախումբը, խմբավարութեամբ մայեսթրա Գայիանէ Սիմոնեան-Տէրեանի, դաշնամուրի ընկերակցութեամբ Լիզէթ Սէրայտարեան-Աւընեանի, ժողովրդային եւ դասական բազմաձայն երգերով տարեկան 1 ելոյթ կ’ունենայ, որուն կողքին մասնակցութիւններ՝ օտար կամ հայկական միութիւններու ձեռնարկներուն, ինչպէս օրինակ՝ Դամասկոսի Օփերայի տան մէջ տեղի ունեցած երգչախումբերու մրցոյթին, որուն աւարտին երգչախումբը մրցանակ շահեցաւ:
«Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցը տարին 9 ամսուան տեւողութեամբ կը գործէ, ուսուցանելով տարբեր գործիքներու կիրարկման մասնագիտական դասեր՝ տեսական(սոլֆէժ) եւ գործնական, կը կազմակերպէ հանդէսներ, իսկ երաժշտանոցի աշակերտներն ու ուսուցիչները կը հարստացնեն հալէպահայ միութիւններու տարբեր ձեռնարկները՝ իրենց գեղարուեստական մասնակցութեամբ:
Թատերական միաւորը տարեկան մէկ թատրերգութիւն կը բեմականացնէ։ Վերջին երկու տարիներուն լիբանանահայ բեմադրիչ, թատերագիր Վաչէ Ատրունիի բեմադրութեամբ։ Անցեալ տարի թատերախումբը բեմականացուց «Փայտոջիլներու Պահարանը», իսկ այս տարի «Օսգար»-ը։ Թատերախումբը ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լաթաքիոյ բեմին վրայ: Մեր դերակատարները երկու տարուան ընթացքին բեմական կեանքի նկատառելի որակ նուաճեցին։
Հայագիտական Հիմնարկը որոշակի դժուարութիւններով, սակայն հաստատուն քայլերով կը շարունակէ իր ընթացքը։ Վերջերս որդեգրած է նաեւ առցանց ուսուցման դրութիւնը Սուրիոյ այլ շրջաններու ուսանողներու մասնակցութիւնը եւս կարելի դարձնելու։ Դժբախտաբար Հայագիտականի ուսանողներուն թիւը աստիճանաբար կը նուազի, ինչ որ լրացուցիչ աշխատանքի ու ծրագրաւորման անհրաժեշտութիւն կը ստեղծէ։
Միաւորներուն կողքին, մասնաճիւղերը իրենց վարչութիւններու եւ յանձնախումբերու կազմերով մշակութային բազմաբնոյթ ձեռնարկներ կը կազմակերպեն, ինչպէս պարախումբ, գիրքերու շնորհանդէս, Հալէպի պարագային՝ Էսդրատային նուագախումբի ելոյթ, գեղարուեստական ղեկավարութեամբ բժիշկ Ռաֆֆի Ապէճեանի եւ այլն։
«Գ.»- Ինչպիսի՞ աշխատանքներ կը տարուին յաղթահարելու համար յատկապէս Հայագիտական Հիմնարկին դիմագրաւած դժուարութիւնները, ըսել կ’ուզեմ ուսանողներու թիւի նուազումին պարագան, նկատի ունենալով հիմնարկին կարեւոր դերը եւ դասախօսական թէ վարչական կազմին նուիրեալ աշխատանքը։
Ռ. Ս.- Այս տարի աշխատանք տարուեցաւ մեր գաղութի երեք ճեմարաններէն ներս աշակերտները լուսաբանելու եւ հրաւիրելու Հայագիտական հիմնարկ, բացատրելու ուսման ծրագիրը եւ հայագիտութեան դերը գաղութի վարժարաններուն ուսուցիչ հայթայթելու եւ ազգային կառոյցներուն հայերէնագիտութեան մէջ որոշ մակարդակ նուաճած մարդուժ տրամադրելու առումով։ Ընդառաջողներ եղան, յոյսով ենք, որ աւելի մեծ թիւով երկրորդականի շրջանաւարտներ կը միանան Հայագիտականի ուսանողութեան։
«Գ.»- Կասկածէ վեր է, որ դժուարութիւնները բազում են, սակայն կարելի է յաղթահարել զանոնք ծրագրուած աշխատանքով եւ տագնապող մտաւորականներու հետ խորհրդակցելով։ Ի՞նչ կը կարծէք։
Ռ. Ս.- Ճիշդ էք։ Դժուարութիւններ կան, յատկապէս երկրի ներկայ պայմաններուն լոյսին տակ։ Գաղութէս ներս մասնագէտ դասախօսներու նուազումն ալ այլ մտահոգութիւն մըն է, որ մասամբ պէտք է յաղթահարել առցանց կապերով մասնագէտներ գործի հրաւիրելով։ Անշուշտ նման ծրագիրներու նախաձեռնելու մեր հիմնական դժուարութիւնը երկրիս տնտեսական պայմաններուն մէջ նիւթականի ապահովման տագնապն է, նկատի առնելով, որ մեր միութեան մէջ կը գործեն մասնագէտ դասախօսներ, պարուսոյցներ, խմբավար, բեմադրիչ եւ այլն, որոնք արժանի են լաւ վարձատրութեան։
Նիւթական դժուարութեան հետեւանքով շատ մը մարզերու մէջ նախկինին նման այլ երկիրներէ մասնագէտներ հրաւիրելու կարելիութիւն չունինք, սուրիական լիրային անկումը եւս կը դժուարացնէ մեր կացութիւնը։ Այս պատճառով մենք կը դիմենք գաղութի ներկայ լաւագոյն մասնագէտներուն, մտաւորականներուն եւ կ’աշխատինք մարդուժ պատրաստել առիթ տալով նոր սերունդին, աշխատանք վստահելով անոր կարգ մը բնագաւառներու մէջ, ինչպէս «Շուշի» մանկապատանեկան պարախումբի պարագային, որուն մասնակիցներուն պարի ուսուցումը վստահեցանք մեր «Սարդարապատ» պարախումբի լաւագոյն երկու երիտասարդուհիներուն։ Անոնք յառաջիկայ օրերուն պիտի ղեկավարեն պարախումբը եւ խումբը իր տարուան առաջին ելոյթը պիտի ունենայ: Այսպիսի առիթներ երբ կ’ընծայուին երիտասարդներու, անոնց առջեւ կը բացուի փորձառութիւն շահելու եւ իրենց կարողութիւնները զարգացնելու դաշտ։
«Գ.»- Որո՞նք էին Շրջանային Վարչութեան գլխաւոր աշխատանքները այս տարեշրջանին։
Ռ. Ս.- Այս տարուան հիմնական աշխատանքներէն մէկը եղաւ մեր փոխադրութիւնը մշակութային նոր կեդրոն, ուր իւրաքանչիւր մասնագիտական ոլորտ ունեցաւ իր յատուկ բաժինը, սրահը կամ դասարանները։ Նախկին Ազգ. Սահակեան վարժարանը տրամադրուեցաւ Համազգայինին: Շատ կարճ ժամանակամիջոցի մէջ կրցանք իրականացնել այս փոխադրութեան աշխատանքը՝ շնորհիւ Համազգայնական ընկերներու աջակցութեան, ըլլան անոնք վարչականներ, յանձնախումբի անդամներ կամ ոչ գործուն անդամներ, որոնք օգտակար դարձան այս աշխատանքը իրականացնելու 6 օրերու ընթացքին։ Այսօր արդէնՀամազգայինի գործունէութեան մեծ մասը կ’ընթանայ այնտեղ։ Կազմակերպեցինք նաեւ միջդպրոցական մշակութային մրցաշարք՝ երգի, ասմունքի, զաւեշտներու պատրաստութեան, ուղղագրութեան եւ այլն։
«Գ.»- Ձեր խօսքէն կ’եզրակացնեմ, որ հակառակ երկրի տնտեսական ծանր պայմաններուն տակաւին կամաւոր ծառայողներ կան, որոնք իրենց ժամերը կը տրամադրեն միութեան … ճի՞շդ է այս եզրակացութիւնը:
Ռ. Ս.- Համայնքի թիւին նուազումով թէեւ երբեմն դժուարութիւն կը գտնենք կազմակերպչական ոլորտին մէջ ծառայողներու առումով, բայց բարեբախտաբար կան սիրայօժար ծառայողներ, որոնց շնորհիւ մեր միութեան աշխատանքները կը շարունակուին: Ոմանք միայն կը քննադատեն եւ չեն մասնակցիր աշխատանքներուն։ Համազգայինը բոլոր մշակութասէրներուն միութիւնն է, եւ մեր փափաքն է, որ բոլոր անդամները իրար հետ սիրով ըլլան, որովհետեւ լաւ մթնոլորտը կը խթանէ աշխատանքը:
Ինչպէս գիտէք, մշակութային շատ մը խումբերու աշխատանքը կը պահանջէ լուրջ հետեւողականութիւն, ինչպէս երգչախումբի, պարախումբի եւ էսդրատային նուագախումբի պարագային։ Այս խումբերը շաբթուան ընթացքին քանի մը օր փորձերու ժամեր կը ճշդեն։ Շատերուն համար, կեանքի ներկայ ծանր պայմաններուն մէջ դժուար կ’ըլլայ հետեւողականութիւն պահել, որովհետեւ ծանրաբեռնուած կ’ըլլան իրենց անձնական աշխատանքով: Այս պատճառով, օրինակ, պարախումբերու մէջ տղոց թիւի նուազում կը նկատենք: Կը ջանանք այս հարցերը լուծել, երիտասարդներ հրաւիրելով մեր պարախումբերուն մաս կազմելու եւ փորձերու յարմարագոյն ժամեր սահմանելով եւ այլն։
Վարձքը կատա՛ր բոլոր անոնց, որ կ’ընդառաջեն մեր առաջարկներուն եւ հակառակ ծանր պայմաններուն կը մասնակցին Համազգայինի տարբեր ձեռնարկներուն։ Նուիրումի ոգին կարեւոր է։ Այս նուիրումին ու անդամներու բարձր գիտակցութեան շնորհիւ է, որ Համազգայինը գոյատեւած եւ գնահատուած է երկար տարիներ։
Հարցազրոյցը վարեց
Անի Պօղիկեան
(շար. 1)