Օգոստոս ամիսը կը յատկանշուի բանակումներու կազմակերպումով։
Արդ, Սուրիոյ Պատանեկան Միութեան Ընդհանուր Վարիչ Մարմինին կազմակերպութեամբ 185 պատանիներ եւ 25 պատասխանատուներ Սուրիոյ տարբեր շրջաններէն՝ Հալէպէն, Քեսապէն, Դամասկոսէն, Գամիշլիէն եւ Լաթաքիայէն իրենց մասնակցութիւնը բերին «Սարդարապատ» տարեկան բանակումին, որ տեղի ունեցաւ 25 Օգոստոսէն 1 Սեպտեմբեր 2024-ին, ՀՄԸՄ-ի բանակավայրէն ներս, Քեսապ։
Բանակումին առաջին օրը պատանիները բաժնուեցան խմբակներու, որոնցմէ իւրաքանչիւրը կը կրէր ֆետայիի մը անունը։
Իւրաքանչիւր մասնաճիւղ ստանձնած էր օրուան մը յայտագիրին կիրարկումը։
Օրակարգը կ’ընդգրկէր դասախօսութիւն, զրոյց, հարց – պատասխան, յեղափոխական դրուագի պատմում, յանձնախումբի աշխատանք եւ երգի ուսուցում։ Պատանիները բանակումի ընթացքին տեղեկութիւններ ստացան Հայ Դատի եւ ՀՅԴ գործունէութիւններուն մասին։
Եւ վերջապէս խաղերն ու խրախճանքները ճոխացուցին բանակումի առօրեան։
Պատանիները շատ լրջութեամբ հետեւեցան հաւաքական աշխատանքներուն եւ խարուկահանդէսի յայտագրի պատրաստութեան։
Կիրակի երեկոյեան՝ խարուկահանդէսին, պատանիները բաժնուած էին երեք խումբերու՝ «Հայաստան», «Արցախ» եւ «Սփիւռք»։ Անոնք ջահերով վառեցին խարոյկը եւ բաց յայտարարեցին խարուկահանդէսը։ Յաջորդաբար անոնք ներկայացուցին երգ, ասմունք, պար, կենդանի պատկեր եւ բուրգ։
Պատանիները իրենց թնդացնող երգերով ու կանչերով հաստատեցին՝ թէ իրենք են վաղուան պահանջատէր, յանձնառու եւ վստահելի երիտասարդները։
Բանակումը հասած էր իր աւարտին։ Պատանիները մէկ շաբաթ միասին ապրեցան ընկերային հաճելի մթնոլորտի մը մէջ, ուր սորվեցան չարքաշութիւն եւ նոր գիտելիքներով զինուած վերադարձան իրենց տուները այն խոստումով, որ պիտի ըլլան օրինակելի միութենականներ եւ տիպար երիտասարդներ, եւ իրենց ամբարած բոլոր գիտելիքները ի սպաս պիտի դնեն միութեան վերելքին։
Վանա Պարմաքսզեան