Անցնող ամիսներուն մեր՝ ՀՅԴ մամուլը ողողուած էր ՀՅԴ ԼԵՄ-ի յիսնամեակի տօնակատարութիւններու տեղեկութիւններով ու անոր զուգահեռ Լիզպոնի հերոսական նահատակներուն սգատօնին, անոնց մարտիրոսացման 41-ամեայ տարելիցին նուիրուած նախաձեռնութիւններուն լրատուութեամբ: Այս մասին մամուլին լրատուութիւնները, յօդուածները զիս ակամայ վերադարձուցին 40 տարիներ ետ:
1975 թուականին սկիզբը, աւարտած ըլլալով ՀՅԴ-ի «Բաբգէն Սիւնի» Պատանեկան Միութեան ընթացակարգը, մեր վարիչուհին՝ Հուրիկ Գարաճեանը, մեզ՝ վեց ընկերներս փոխանցեց հազիւ մէկ տարուան կեանք ունեցող ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղ:
Գիտէինք, որ ԼԵՄ-ը՝ իբրեւ կառոյց նորակազմ, արդիւնքն էր Լիբանանի ՀՅԴ պատանեկան միութիւններու երէցներու բաժինին ու Զաւարեան աշակերտական միութեան միաձուլումին՝ ծնունդ տալով նոր կառոյցի մը՝ նոր կանոնագրութեամբ:
Չորս տարի բոլորելէ ետք «Բ. Սիւնի» Պատանեկան Միութեան կարգերը, ուր մեր վարիչները յաջողած էին հայոց ինքնութեան եւ ՀՅԴ-ի պատմութեան առնչուած հիմնական գիտելիքները տեղադրել, Դաշնակցութեան «հիմը» դնել մեր մէջ, ահա առաքուած էինք մեր ազգային ու գաղափարական դաստիարակութեան ընթացքը շարունակելու ԼԵՄ-ի շարքերուն մէջ:
Մեր ընդունելութիւնը նոր միութեան մէջ տեղի ունեցաւ «Արա Երեւանեան» ժողովրդային կեդրոնին մէջ, սակայն մինչ այդ «Բ. Սիւնի» Պատանեկան Միութեան ժողովները կը գումարէինք Զոքաք Պլաթի հնամենի ակումբին մէջ:
Մեզ դիմաւորողները եղան ԼԵՄ-ի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը, Ն. Փալանճեան ճեմարանի մեր շատ սիրելի ուսուցիչը (այժմ մեր ընկերը) Տիգրան Ճինպաշեան՝ ընկերակցութեամբ հանգուցեալ Արա Տեմիրճեանի (համագիւղացիս):
Տիգրան Ճինպաշեան մեզ ընդունելէ եւ անհրաժեշտ որոշումներն ու ցուցմունքները տալէ ետք, յանձնեց ՀՅԴ ԼԵՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղի վարչութեան. վարչութենէն կը յիշեմ հանգուցեալ Սեւան Ալեքսանեանը, Յակոբ Բագրատունին ու Հուրիկ Թորիկեանը, որ ափսոս, վերջերս մահացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ՝ մաքառելէ ետք անողոք ու տանջալի հիւանդութեան դէմ:
Հազիւ առաջին ընդհանուր ընկերական ժողովին մասնակցելու ուրախ առիթը ունեցայ, երբ բռնկեցաւ 15 եւ աւելի տարիներ տեւած Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմը (1975-ի Ապրիլին), որ մեր սկսած ԼԵՄ-ականի նոր կեանքը խափանեց:
Քանի մը օր ետք կանչուեցայ «Երեւանեան» ակումբ. մեզ կանչողը եւ մեզի հետ զրուցողը եղաւ Արա Տեմիրճեանը:
Ներկաներս հազիւ թէ 20 ընկերներ էինք, որոնց կրտսերագոյնը գուցէ ես էի ու Վաչէ Սէրայտարեանը:
Արա Տեմիրճեան լակոնական ոճով, յստակ, կարճ ու կտրուկ խօսքերով նկարագրեց ստեղծուած պատերազմական կացութիւնը՝ մատնանշելով, որ մեր շրջանին մէջ մեր ազգային ու կուսակցական կառոյցները հսկողութեան՝ պահակութեան պէտք ունէին: Ան թուեց զանոնք. «Ա. Երեւանեան» ակումբ, «Ազդակ»-ի տպարան ու խմբագրատուն, Ն. Փալանճեան ճեմարան, Ազգ. Սուրէն Խանամիրեան քոլեճ, Ազգ. առաջնորդարան ու Ս. Նշան եկեղեցի:
Ներկայացած ԼԵՄ-ականներուն թիւը անշուշտ շատ հեռու էր այդ կառոյցներուն հսկողութիւնը իրագործելու կարելիութենէն: Անշուշտ որ կային բազմաթիւ երէց այլ ընկերներ, որոնք արդէն օրերէ ի վեր լծուած էին այդ գործին: Այս մասին իրազեկ եղանք, երբ հասանք մեզի յատկացուած կեդրոնները: Սակայն ԼԵՄ-ականներուն մասնակցութիւնը անհրաժեշտ նկատուած էր փորձառութիւն վաստկելու համար (մեր պեխ ու մօրուքին աղուամազը հազիւ թէ նկատելի էր):
Ընկերոջս՝ Վաչէին վիճակուեցաւ Ս. Նշան եկեղեցւոյ տարածքը, մանաւանդ որ անոր տունը եկեղեցւոյ մօտ էր, ու հայրը Ս. Նշան եկեղեցւոյ դպրապետն էր:
Ինծի վիճակուեցաւ «Երեւանեան» ակումբը, սակայն շուտով ղրկուեցայ Ն. Փալանճեան ճեմարան:
Անմոռանալի էր Արա Տեմիրճեանին մտերմօրէն կատարած հարցն ու փորձը. մեղմ ժպիտ մը կար անոր թուխ դէմքին վրայ:
_ Ընկե՛ր Կարո, գոյք (զէնք) գործածել գիտե՞ս. ասկէ առաջ հրացան կրակա՞ծ ես: Նշան առնել գիտե՞ս:
Ներքուստ սրտնեղացայ այդ հարցումներէն: Պա՜հ. գիւղական որսորդ տղու այդպիսի հարցումներ… այն ալ՝ որսորդ տղու…
_ Ընկե՛ր Արա. հազիւ 10 տարեկան էի, երբ հայրս ինծի համար առաւ ճնշուած օդով բանող որսորդական հրացան մը, որուն «թաք շաշմա» անունը կու տայինք: Ապա գնեցի խողովակին բերանէն լիցքաւորուող հրացան մը (որուն «տոլմա» անունը կու տայինք), այդ հրացաններով մինչեւ 15 մեթր հեռաւորութեան ծառերուն վրայ ամենափոքր թռչունները կ’որսայի անսխալ ու անխափան կրակելով: Գալով ատրճանակի գործածութեան, անով ալ վարժ եմ նշանառութեան. այդ փորձը շահած եմ մօրեղբօրս՝ Նշանին դարձեալ օդով բանող ատրճանակով կրակելով՝ նշան բռնելով լուցկիի փոքր տուփեր:
_ Շա՛տ լաւ, շա՛տ լաւ. ուրեմն անսխալ կը կրակես:
Ու ի զարմանս ինծի, զիս յանձնեց Հուրիկ Թորիկեանին, որ զիս տարաւ ակումբին յառաջամասը գտնուող, շէնքին աստիճաններու սկիզբի գլխաւոր դարպասին ետին յարմարեցուած դիրքը. ապա վերցնելով ինքնաձիք «Քալաշնիքով» հրացանը՝ ինծի տուաւ զինական առաջին դասը: Հրացանի պահեստատուփը լիցքաւորել ու պարպել. հրացանին ինքնագործ մասերը քակել ու վերակազմել…
Այդ դասապահը տեւեց մօտ մէկ ժամ: Անհրաժեշտ էր, որ վարժ ըլլայի ու արագաշարժ:
Այդ մէկը եղաւ իմ առաջին «զէնքի մկրտութիւնս» կամ դասապահը:
Ընկերուհի Հուրիկին ծանօթ էի Ճեմարանէն. ան զիս երկու դասարանով կանխած էր: Իրենց տունը Ճեմարանին փոքր դռան ճիշդ դիմացն էր: Իսկ իր եղբայրը՝ Զաւէնը («Զաւուկը», այժմ «Հայրենիք» շաբաթաթերթին խմբագիրն է, Միացեալ Նահանգներ), դասընկերս ու մտերիմ ընկերս էր:
Կարճ ժամանակ մը ետք տեղափոխուեցայ Ն. Փալանճեան Ճեմարան, ուր արդէն գիշերօթիկի աշակերտ էի չորս տարիներէ ի վեր:
Դպրոցական կեանքը յաճախակի կասեցումներով կը շարունակուէր, մեծ դժուարութիւններով, ուսուցիչներու եւ մեծաթիւ աշակերտներու բացակայութիւններով, ինչ որ ինծի առիթ կու տար պահակութեան, անքուն գիշերէ մը ետք՝ քունի ծարաւս մերթ ընդ մերթ յագեցնելու:
9-րդ կարգի աշակերտ էի ու կը պատրաստուէի մասնակցիլ լիբանանեան (պետական) եւ ֆրանսական պրովէներու քննութեանց: Բայց անողորմ պատերազմը կանգ առնելու մտադրութիւն չունէր:
Վերջապէս, Օգոստոս ամսուն էր, որ յաջողեցայ մասնակցիլ պետական քննութեան: Հայրս Քեսապէն գալով՝ զիս առաւ ու տարաւ Քեսապ: Այդպիսով, «պահակութեան» պարտականութիւնս վերջ գտաւ:
Աշնան՝ Հոկտեմբերին, երբ Սուրիոյ վարժարաններուն դասընթացքի սկիզբէն արդէն մէկ ամիս անցած էր, յուսահատելով, որ պիտի չկարենայի Լիբանանի Ճեմարանի մէջ ուսումս շարունակել պատերազմին պատճառով, ծնողքս զիս ուղարկեց Հալէպ՝ Ազգային Քարէն Եփփէ ճերմարանի մէջ ուսումս շարունակելու, ու փոխան գիշերօթիկի, որպէս կացարան, ունեցայ Ազգային Պատսպարանը, ուր արդէն հինգ համագիւղացիներ կը մնային:
Յաջորդ տարիներուն Դաշնակցութեան պատանեկան ու երիտասարդական կառոյցներու վերակազմակերպելու ու աշխուժացնելու հովերը հասան Հալէպ:
Որոշումը վերջնական էր. հրամայական դարձած էր վերակազմակերպել Սուրիոյ երիտասարդական եւ պատանեկան միութիւնները: Անշուշտ այդ եղափոխութիւնը այդքան ալ սահուն չէր կրնար ըլլալ, կառուցային թէ մտայնութեանց փոփոխութեանց իմաստով, բայց սկսուած ճանապարհը անվերադարձ էր: Նշանակուեցաւ առժամեայ հիմնադիր Կեդրոնական Վարչութիւն մը՝ յանձինս Քրիստափոր Ուսանողական Միութեան վարչութեան: Կարճ ժամանակ մը ետք նշանակուեցաւ անդրանիկ Կեդրոնական Վարչութիւնը, ուր անձիս վիճակուեցաւ ըլլալ այդ կազմին ատենադպիրը:
Լիբանանի «Բ. Սիւնի» պատանեկան եւ ԼԵՄ-ի «Փոթորիկ» մասնաճիւղին, ինչպէս նաեւ Հալէպի Քրիստափոր Ուսանողական Միութեանց մէջ վաստկած դաստիարակութիւնս բաւարար լիցք տուած էին անձիս, որ կարողանամ ամէն ուժականութեամբ նետուիլ նորակազմ միութեան դաստիարակչական ծրագրի պատրաստութեան, թէ հեռակայ շրջաններու մասնաճիւղերու (Դամասկոս, Լաթաքիա, Քեսապ, իսկ Գամիշլիի՝ աւելի ուշ) կազմակերպման գործերուն:
* * *
Այդ օրերէն արդէն 50 տարիներ անցած են: Այսօր ԼԵՄ-ի յիսուն, իսկ ՍԵՄ-ի 45-ամեակներն են: Այսինքն անոնք կէս դար քալած են մեր ազգային ու գաղափարական կեանքի դժուարին ճանապարհին վրայ: Կէս դար սփիւռքի տատասկոտ ու երբեմն ալ արիւնոտ կեանքի ճանապարհին վրայ:
Վերոյիշեալ կառոյցները նախ եւ առաջ նոր արիւն ու աւիշ տուած են մեր 134 տարիներու պատմութիւն կերտած Դաշնակցութեան, ապա եւ մասնակից դարձած՝ այդ պատմութեան կերտումին նուիրական գործին:
Անոնք՝ ԼԵՄ-ն ու ՍԵՄ-ը, իրենց ծոցին մէջ մեծցած ու դաստիարակուած զաւակներէն, որպէս պարարտ մատաղներ, զոհաբերած են ոչ միայն Լիբանանի ու Սուրիոյ հայաբնակ ու հայաշատ թաղերու պաշտպանութեան սրբազան գործի բագինին, այլ նաեւ զոհաբերած են Արցախի ազատագրութեան ու պաշտպանութեան՝ իբրեւ նահատակներ-մարտիրոսներ:
Յիսուն տարուան փորձառութեամբ հարուստ կեանք վաստկած մեր երիտասարդական ու պատանեկան միութիւնները այսօր դէմ յանդիման կանգնած են նոր մարտահրաւէրներու, հայրենի (Հայաստան), Արցախի թէ սփիւռքի իրավիճակներու պարտադրած մարտահրաւէրներու:
Պատմական դարձած, սակայն միշտ երիտասարդ ու վերանորոգ մեր կառոյցները, նոր կամքով լիցքաւորուած, անշուշտ պիտի յաջողին դիմակայել ու յաղթահարել այդ բազմերանգ մարտահրաւէրները:
Բարի երթ կը մաղթեմ մեր պատանեկան, երիտասարդական եւ ուսանողական կառոյցներուն՝ կերտելու սպասուած յաղթանակը, կանուխ թէ ուշ:
Կարօ Վ. Մանճիկեան
Քեսապ