«Ես հայերու լեզուն  սորվեցայ՝ հասկնալու համար, թէ  ինչպէ՛ս եւ  ո՛ր լեզուով Աստուածները1 խօսած են, վասնզի հայոց լեզուն Աստուածներու լեզուն է, եւ Հայաստան Աստուածներու հայրենիքն է, եւ Աստուածները կը սերին Արարատեան հովիտէն: Աշխարհի վրայ չկայ ուրիշ ոչ մէկ երկիր, որ այնքան լեցուն ըլլայ հրաշալիքներով, որքան Հայոց  հողը» (Լորտ Պայրըն):
* * *
Լորտ Պայրըն, 1816-ին՝ 28 տարեկան հասակին, սիրային ու սեռային անհամար գայթակղութիւններ իր ետին ձգած եւ  ամբողջ Անգլիոյ չարախօսութեան ու բամբասանքին առարկայ դարձած, կը յայտարարէր. «Եթէ այս բոլորը իրականութիւն են, ես Անգլիոյ արժանի չեմ, իսկ եթէ սուտ են, Անգլիան ինծի արժանի չէ», եւ ընդմիշտ կը հեռանար իր ծննդավայրէն:
Այնուհետեւ անոր առաջին հանգրուանը կ’ըլլար Վենետիկը:
Անոր՝ միշտ նորը փնտռող եւ անծանօթին ձգտող քայլերը  օր մըն ալ  պատահմամբ զինք կը տանէին Մխիթարեաններու կղզին՝ Սուրբ Ղազար, ուր ոտք կը դնէ 2 Դեկտեմբեր 1816-ին. այստեղ ալ կ’որոշէ հայերէն սորվիլ:
Սուրբ Ղազար կղզիի մենաստանի միաբաններու օգնութեամբ բանաստեղծը աշխուժօրէն կը ծանօթանայ հայկական ձեռագրերուն եւ այնուհետեւ մեծ հիացումով  կը խօսի հայ մշակոյթի մասին: Այնտեղ հայր Յարութիւն Աւգերեան2 իրեն հայերէն կը սորվեցնէ՝ գրաբար եւ աշխարհաբար, եւ անոնք միասնաբար կը շարադրեն  «Հայերէն Ու Անգլերէն Լեզուներու Միացեալ Քերականութիւն»-ը:
Աւելի ուշ Պայրըն իր լեզուական պարապմունքներն ու գրութիւնները մէկտեղեց «Լորտ Պայրընի Հայերէն Վարժութիւններն Ու Ոտանաւորները» անուն հատորին մէջ:
Ահա թէ ի՛նչ կը գրէր բանաստեղծը  հայերու եւ Հայաստանի մասին.
«1816-ին հասնելով Վենետիկ, ես,_ ինչպէս որեւէ այլ այցելու,_ խորապէս ազդուած էի Սուրբ Ղազարի հայ միաբանութենէն, որ կը թուի համատեղել վանական հաստատութեան մը բոլոր  առաւելութիւնները՝ առանց կրելու անոր ախտերէն ոչ մէկը. ասպնջականութիւն, խոնարհութիւն, մաքրութիւն, անկեղծ ջերմեռանդութիւն: Ուխտի միաբաններու տաղանդն ու առաքինութիւնը կարող են համոզել աշխարհիկ այցելուն, թէ գոյութիւն ունի ուրիշ՝ աւելի գեղեցիկ աշխարհ մը նոյնիսկ երկրային կեանքին մէջ»:
«Այս մարդիկ հոգեւոր զաւակներն  են ստրկացած, սակայն ազնուական ազգի մը, որ դատապարտուած է հալածանքի ու գաղթի, ինչպէս հրեաներն ու յոյները՝ առանց կրելու այս երկուքէն առաջինին դառնութիւնն ու երկրորդին ստրկամտութիւնը: Այս ազգը տիրացած է հարստութեան  առանց վաշխառութեան, եւ այն բոլոր պատիւներուն, որոնք կրնան շնորհուիլ անոր, որ գերութեան մէջ  է, սակայն չի դաւադրեր»:
«Դժուար պիտի ըլլար, թերեւս,  գտնել պատմութիւնը այնպիսի ժողովուրդներու, որոնք նուազ արատաւոր ըլլային իրենց ոճիրներով, որքան  պատմութիւնը հայ ազգին, որ առաքինի էր խաղաղութեան մէջ, եւ որուն յանցանքները  հետեւանք էին հալածանքի: Ինչ ալ եղած ըլլայ հայոց ճակատագիրը,_ որ տխուր է,_ ինչ ալ տնօրինէ ապագան իրենց համար, անոնց երկիրը պիտի մնայ աշխարհի ամենահետաքրքրականներէն մէկը»:
«Եթէ ճիշդ մեկնաբանենք Աստուածաշունչը, դրախտը տեղադրուած էր Հայաստանի մէջ, որուն համար ան այնքան սուղ վճարեց, որքան վճարեցին Ադամի սերունդները ընդհանրապէս, երբ անոնք զրկուեցան այդ դրախտէն, որու փոշիներէն  ծնունդ առաւ իրենց նախահայրը:
 «Հայաստանի մէջ էր որ ջուրը սկսաւ նուազիլ ջրհեղեղէն ետք եւ անկէ է որ խաղաղութեան աղաւնին բաց թողնուեցաւ Նոյեան տապանէն»:
«Բայց դրախտի կորուստին հետեւեցաւ անոր դժբախտութիւնը, որովհետեւ, թէկուզ երկար ժամանակ հզօր թագաւորութիւն մը ըլլար, այսուհանդերձ հազուադէպ անկախացաւ ան. պարսիկ կառավարիչները եւ թուրք փաշաները հաւասարապէս օժանդակեցին կորուստին այն վայրին, ուր Աստուած ստեղծեց մարդը «ի պատկերի եւ ի նմանութեան իւրում»»:
1-Բնագրին մէջ գլխագրուած է:
2-Չշփոթել «Նոր հայկազեան բառարան»-ի հեղինակին՝ Մկրտիչ Աւգերեանի հետ:
Արմենակ Եղիայեան