Եւրոպական լրատու աղբիւրներ Չորեքշաբթի, 25 Սեպտեմբերին հաղորդեցին, որ Եւրոպական Միութիւնը որդեգրած է որոշում մը, ըստ որուն, մարդիկ եւ մսացուներ պատուհասող գորշ գայլերը այսուհետեւ «խիստ պաշտպանեալ» պիտի չնկատուին, այլ պիտի բաւարարուին պարզ «պաշպանեալ»ի կարգավիճակով:
Քիչ մը պատմութիւն:
Եւրոպայի տարածքին, գայլերը մօտաւորապէս հարիւր տարի առաջ (ի՜նչ զուգադիպութիւն Օսմանեան կայսրութեան փլուզման օրերուն) գրեթէ ոչնչացած էին: Յետոյ, անոնք առնուեցան պաշտպանութեան տակ, մինչեւ իսկ 1979-ին գոյութիւն առաւ Պոնի պայմանագիր անունով փաստաթուղթ մը, ըստ որուն, այս գազանները շահեցան «խիստ պաշտպանեալ»ի իրաւունք: Վազենք յառաջ: Գերմանիոյ մէջ ձախողութիւններ արձանագրած եւ Եւրոպական միութեան «գլխուն փաթթուած» Ուրսուլա Ֆոն Տէր Լայընը (որ այլապէս եղաւ Հայաստանն ու Արցախը պատուհասողներէն եւ Ազրպէյճանի պաշտպաններէն մէկը), երկու տարի առաջ իր Տոլի կոչեցեալ մտրուկը զոհ տուած է գորշ գայլերու մէկ նուաճումին: Հիմա, կ’ըսուի, թէ ա՛ն է գայլերու պաշտպանութիւնը մեղմացնող որոշումին ետին կանգնող գլխաւոր դերակատարը, որովհետեւ կ’ուզէ… վրէժ լուծել գայլերէն:
Չմտնենք այն բանավէճին մէջ, թէ նման դասաւորում ինչպիսի՜ աղմուկ կը բարձրացնէ քիչ մը ամէն տեղ ու իր դիմաց կը գտնէ կենդանիներու պաշտպան կազմակերպութիւններ, ու հարց տանք «կայսրուհի» Ֆոն Տէր Լայընի: Արդեօք ի՞նչ կարծիք ունի «Գորշ գալեր»ուն, այսինքն Թուրքիոյ պետութեան հովանաւորութիւնը վայելող՝ նոյնանուն ծայրայեղական կազմակերպութեան մասին, որուն իրողական ներկայացուցիչները՝ նախարարներ ու պետական մարդիկ, դիւանագէտներ ու մինչեւ իսկ մարզիկներ մերթ ընդ մերթ իրենց մատներով կը յոխորտան եւ սպառնալիքներ կ’արձակեն այդ կազմակերպութեան խորհրդանիշով: Ի՞նչ կը մտածէ գորշ գայլերուն հանդէպ նուազ ներողամիտ եղող Եւրոպան՝ «Գորշ գայլեր»ու իրողական պետ եւ ցեղասպաններուն ժառանգորդ-հաւատարմատար Էրտողանի եւ համախոհներուն մասին, որոնք իրենց արիւնարբու ներկայութիւնը կը փաստեն հոս-հոն, նաեւ պատուհասեցին Արցախն ու հայկական ուժերը, բնակչութիւնը՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն:
***
Եւրոպայէն նման հարցումի պատասխան պէտք չէ սպասել, որովհետեւ գիտենք, որ Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցութիւնը ինչպիսի՜ գուրգուրանք եւ «խիստ պաշտպանեալի»ի վիճակ կը վայելեն ո՛չ միայն Եւրոպայի, այլ նաեւ ընդհանրապէս Արեւմուտքի, վերջին տարիներուն նաեւ իր շահերուն հետամուտ՝ Ռուսիոյ կողմէ: Ուրեմն, եկէ՛ք, ճամբորդենք դէպի արեւմտեան կողմն աշխարհի, հասնինք Նիւ Եորք եւ տեսնենք, թէ մեր «փոքր(ացող) ածու»ին «ազգընտիր»ը ինչպիսի՜ գուրգուրանքի կ’արժանանայ «գայլապետ»ին կողմէ (այսինքն՝ իր իրողական պոս-էն):
Մինչ ՄԱԿի ամպիոնը վերջին օրերուն դարձած է, ի շարս այլ բաներու՝ Իսրայէլի ոճիրներուն դէմ քննադատութիւններու եւ զսպամիջոցներու պահանջի բեմ, իսկ Իսրայէլ իր հովանաւորներուն իրողական քաջալենարքով, դէպի Լիբանան կը տարածէ իր հաւաքական սպանդներու դաշտը, ամէն օր նոր սպառնալիքներ տեղացնելով պաղեստինցիներու եւ լիբանանցիներու հասցէին, «ազգընտիր»ը անգամ մը եւս կը փաստագրէ, թէ կտրուած է ե՛ւ հայկական, ե՛ւ ամբողջ աշխարհի իրականութիւններէն: Նախ, ՄԱԿի ամպիոնէն ան հանդէս եկաւ այնպիսի տրամաբանութեամբ մը, որ կարծէք թէ Երեւանի մէջ… ընտրապայքար կը մղէր եւ «ամէն բան լաւ ընթացքի մէջ է» (Business as usual): Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն կամ պարսաւանք՝ Թուրքիա-Ազրպէյճան զինակցութեան գործած ոճիրներուն, Արցախի խլման ու հայաթափման եւ նման պատուհասներու մասին. ան դարձեալ ի գործ դրաւ մաշած ձայնապնակը՝ իր պատկերացուցած խաղաղութեան եւ «ապագայ կայ»ի մասին (ոգին լաւ է, բայց իրատեսութենէ շոգի հիւլէ մը անգամ չկայ): Այսքանn ալ բաւարար չնկատելով՝ առօք-փառօք այցելեց թրքական ներկայացուցչութեան գրասենեակը, սիրալի՜ր ընդունելութեան արժանացաւ «գայլապետ» Էրտողանի եւ անմիջական գործակիցներուն կողմէ, լա՜յն ժպիտով նուէր ստացաւ Էրտողանի մէկ գիրքը, որուն մէջ, ըստ իրազեկներու, կը ցուցահանուի Էրտողանի խաղաղասիրութեան, սակայն ըստ էութեան՝ թրքական նոր կայսերապաշտութեան ծրագիրը, եւ որուն թիրախներէն մէկն է… Հայաստանը: (Եթէ մոռցած էիք Էրտողանը շնորհաւորելու համար Թուրքիա իր այցելութեան օրերու ստրկամիտ ժպիտը…):
Պէտք է նաեւ հարց տալ, թէ արդեօք ի՞նչ զգացումներով տոգորուած էր Փաշինեանի կողքին բազմած Արարատ Միրզոյեանը, որ նոյն Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿի նախարարական մէկ ժողովին, որուն խորագիրն է «Հնագոյն քաղաքակրթութիւններու ֆորում», ամօթխած եւ քողարկեալ քննադատութիւն ուղղեց Թուրքիոյ հովանաւորեալին՝ Ազրպէյճանին, բառացիօրէն ըսելով. «Լեռնային Ղարաբաղում էթնիկ զտումից յետոյ, հազարամեակների պատմութիւն ունեցող հայկական մշակութային ժառանգութիւնը վերացման սպառնալիքի տակ է: (…) Հայկական մշակութային եւ կրօնական վայրերի, արտեֆակտների դիտաւորեալ եւ համակարգուած ոչնչացումը, պղծումն ու իւրացումը հանդիսանում է Արդարադատութեան միջազգային դատարանի՝ իրաւաբանօրէն պարտադիր որոշման ուղղակի խախտում, որն Ազրպէյճանին պարտաւորեցրել է ձեռնարկել բոլոր անհրաժեշտ միջոցները կանխելու եւ պատժելու վանտալիզմի ու պղծման բոլոր դէպքերը, որոնք անդրադառնում են հայկական մշակութային ժառանգութեանը՝ ներառեալ եկեղեցիները եւ այլ կրօնական կառոյցները, յուշարձանները, տեսարժան վայրերը, գերեզմանոցները եւ արտեֆատկները»: Աւարտին, «դիւանագէտներու պետ-ուսապարկ»ը հրաւէր կ’ուղղէ բոլորին՝ մասնակցելու այս «ֆորում»ի յառաջիկայ համագումարին, 18 Հոկտեմբերին, Հայաստան: (Մէջբերումները՝ ԱՐՄԷՆՓՐԷՍ-էն. խօսքին ամբողջութիւնը՝ https://armenpress.am/hy/article/1200759):
Ո՛չ մէկ ակնարկութիւն՝ Արցախի բռնագրաւման: Ո՛չ մէկ սլաք՝ 44-օրեայ պատերազմի օրերուն Ազրպէյճանի տրամադրուած թրքական ոճրային աջակցութեան: Խօսքին ամբողջութիւնը աչքի առջեւ ունեցողը մինչեւ իսկ կրնայ ստանալ այն տպաւորութիւնը, որ եղածները կապ չունին Հայաստանի հետ, անոնք պէտք է աւելի՛ մտահոգեն ազգերու ընտանիքը, քան Հայաստանի իշխանութիւնները (ի՞նչ պատանդ, ի՞նչ գերի…): Այս իշխանութիւնը նոր «որակ» տուած է «պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէ» խօսքին: Տարի մը առաջ չէ՞ր, երբ Միրզոյեան Ազրպէյճանի դէմ շատ աւելի խարանող քննադատութեամբ խօսեցաւ ՄԱԿի ամպիոնէն, իսկ իր պոսը, ձայնը միացնելով Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարին՝ յայտարարեց, թէ Միրզոյեան կը ստէ, Արցախի ժողովուրդին որեւէ սպառնալիք չէ ուղղուած: Նոյն պահուն, Ազրպէյճան սկսած էր գործադրել Արցախի վերջնական հայաթափումը: Գիտակցութիւն եւ արժանապաւութեան հիւլէ մը ունեցողը անմիջապէս վար պիտի դնէր արտաքին գործոց նախարարի «ուսապարկ»ը:
Եւ ահա, սիրալիր հիւրընկալում Էրտողանի եւ դաւակիցներու կողմէ, որոնք աւրուած ձայնապանկի պէս կը կրկնեն, որ Թուրքիա-Հայաստան խաղաղութեան համաձայնութիւնը կ’անցնի Ազրպէյճանի ԲՈԼՈՐ (անհատնում) ՊԱՀԱՆՋՆԵՐՈՒՆ Հայաստանի ընդունման «կամուրջ»էն, եւ ո՛չ թէ Մարգարայի կամ Արաքսի վրայ Անիի աւերակներուն մօտ ծրագրուած կամուրջէն…:
Այս բոլորին խորապատկե՞րը, խճանկարը աւելի ամբողջաական դարձնող բեկո՞րը: Օր մը առաջ, Ալիեւի «յաղթական» եւ սպառնական ճառը՝ իր խորհրդարանին առջեւ:
***
Աշխարհն ու Հայաստանը՝ ո՜ւր, Փաշինեան ու իր «թռիչքներ»ը՝ ո՛ւր: Ո՛չ մէկ «ուսապարկ» կրնայ փրկօղակ նետել «ազգընտիր»ին, ըսելով, որ ան «վարպետի դիւանագիտութիւն» կը վարէ: Ինչ որ կ’ընեն ու խոստացած են ընել Փաշինեան ու կողքին «քալողներ»ը, նորանոր ապացոյցներ են, թէ իրենց հաւատարմութիւնը կ’երթայ հայութեան թշնամի՛ին, Հայաստանն ու Հայ ազգը ջնջելու երդո՛ւմ տուած թշնամիին: Պէ՞տք է մխիթարուիլ, որ այլեւս չի յայտարարեր. «Չենք նեղուիր, եթէ զիս թուրք կոչեն»:
Դեռ որքա՞ն փաստ պէտք է լեռնացնել, որպէսզի օր առաջ վերջ տրուի այս ազգակործան եւ պետութիւնը կորուստի մատնող իշխանախումբին «պաշտօնավարութեան»: Ազգը՝ Հայաստանէն մինչեւ Սփիւռք, ինչի՞ կը սպասէ՝ բոլորուելու համար այս փրկարար նպատակը իրականցնելու կոչուած ընդդիմադիրներուն շուրջ, որովհետեւ եթէ այսօր սկսած ենք երանի տալ 9 Նոյեմբերի յայտարարութեան օրերուն, վաղը երանի պիտի տանք նիւ-եորքեան եւ այլ՝ պարտուողականութիւն դէպի նոր «նուաճումներու» տանող օրերուն:
Ս. ՄԱՀՍԵՐԷՃԵԱՆ
25 Սեպտեմբեր 2024